Լեւոն ԺԴ. Պապին Սուրբ Թովմաս Վիլլանովացի ծխական համայնքի ուխտաւորներուն ողջոյնի խօսքը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 29 նոյեմբերին, առաւօտեան, Վատիկանի «Քոնչիսթորօ» անուան դահլիճին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընունեց ու Իր սիրտի խօսքը ուղղեց Սուրբ Թովմաս Վիլլանովացի ծխական համայնքի ուխտաւորներուն։ Անոնց ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր,
Ուրախ եմ ձեզ բոլորդ տեսնելու Սուրբ Ծննդեան ութօրէքի այս օրը. բարի գալուստ ձեզի։ Որպէս ծխական համայնք, դուք մեծ յանձնառութեամբ պատրաստեցիք այս յոբելենական ուխտագնացութիւնը եւ Եկեղեցւոյ համար այս յատկանշական տարուան ընթացքին, ձեր աղօթքներով ու առատաձեռնութեամբ ընկերակցեցաք Պետրոսի Յաջորդին։ Շնորհակալ եմ ձեզի՝ հաղորդութեան եւ մտերմութեան այս արարքին համար։
Ձեր ծուխը որպէս պաշտպան սուրբ ունի, Սուրբ Թովմաս Վիլլանովացին՝ սպանացի օգոստինեան կրօնաւոր մը, որ բաց էր իր կեանքին մէջ Աստուծոյ ներգործութեան, եւ որուն պատրաստակամութիւնը զինք մղեց մեծ բարիքներ գործելու իր ժամանակի Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան համար։ Դուք լաւ կը ճանչնաք անոր կենսագրութիւնը եւ Ալքալա տէ Էնարես քաղաքը, ուր դուք կ’ապրիք, կը պահպանէ անոր երկրաւոր անցումին նշանակալից հետքերը։
Գոհութիւն յայտնելով այս սուրբ եպիսկոպոսին նուիրումի եւ հաւատարմութեան վկայութեան համար, կ’ուզեմ ձեզի հետ կիսել անոր բնորոշ յատկանիշներէն քանի մը հատը, որոնք կրնան մեզի օգնել խորհրդածելու անհատական, ընտանեկան եւ համայնքային մակարդակներով։ Իր կեանքին եւ գրութիւններուն մէջ ան մեզի կը յայտնէ անդադար աղօթքի անդուլ փնտռտուքը, այսինքն՝ ամէն վայրկեան Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ըլլալու սուրբ անհանգստութիւնը։ Ասիկա կ’ենթադրէ խորին ներքնաշխարհ եւ ինքնիրմէ պարպում՝ Տիրոջը լսելու եւ Անոր գործել թոյլ տալու համար։
Բացի իր հոգեւոր կեանքէն, Սուրբ Թովմաս Վիլլանովացին աչքի կը զարնէ իր աշխատասիրութեամբ։ Անոր պարզութիւնն ու համեստութիւնը, աշխատանքի մէջ իր անձնուրացութիւնը՝ յատկապէս համալսարանական ոլորտին մէջ, եւ իր առաքելական եռանդը մեզ կը մղեն մտածելու, որ պէտք է ճանչնանք մեր ստացած տաղանդները եւ զանոնք դնենք համայնքի սպասարկութեան տակ՝ յանձնառութեամբ եւ նուիրումով, որպէսզի անոնք բազմանան ի շահ բոլորին։
Վերջապէս, կ’ուզեմ շեշտել անոր սէրը աղքատներուն հանդէպ, ինչ որ իրեն արժանացուց «Աստուծոյ մուրացկան» տիտղոսին։ Ինծի ըսին, որ ձեր ծուխին մէջ այս տեսանկիւնը շատ առկայ է՝ գործնական արարքներով եւ աշխատանքներով։ Շնորհակալ եմ ձեզի այս զգայնութեան համար, որովհետեւ «աղքատը պարզապէս օգնութեան կարօտ անձ մը չէ, այլ Տիրոջ խորհրդաւոր ներկայութիւնը» (Յորդոր. առաք. Dilexi te, 44)»։
Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամը աւարտեց նշելով. «Սիրելի՛ ուխտաւորներ, կը քաջալերեմ ձեզ յառաջ ընթանալու Քրիստոսի հետքերով. սուրբերուն վկայութիւնը մեզ կը քաջալերէ եւ կը խթանէ այս հրաշալի ճանապարհին վրայ։ Թող Աստուած օրհնէ ձեզ եւ Վալի Տիրամայրը միշտ ընկերակցի ձեզի»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
