Սրբազան Պապը հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Իսրայէլի նախագահ Հերծոկի հետ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
«Այսօր կէսօրէն ետքը` Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը հեռախօսազանք ստացաւ Իսրայէլի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Իսահակ Հերծոկէն յառաջիկայ Սուրբ Ծննդեան տօներու և հրէական Խանուքայի տօնին առիթով». Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ թէ «զրոյցի ընթացքին, Սիտնէյի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքի լոյսին ներքոյ, Սրբազան Պապը վերահաստատեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վճռակամ դատապարտումը հակասեմական որեւէ ձեւի նկատմամբ, որ համայն աշխարհին մէջ կը շարունակէ վախ սերմանել հրեայ համայնքի եւ համայն ընկերութեան մէջ»
Բացի ասկէ, Սրբազան Պապը վերանորոգեց իր կոչը` որպէսզի տարածաշրջանին մէջ շարունակուին ընթացող խաղաղութեան գործընթացները, ընդգծելով նաև մարդասիրական օգնութեան ոլորտէն ներս ջանքերու աշխուժացման և անոնց շարունակման անհրաժեշտութեան հրամայականը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
