Որոնել

Սուրբ Ծնունդը` կոչ է հռչակելու խաղաղութիւն և միութիւն

Այսօր՝ 16 դեկտեմբերին, Լևոն ԺԴ Պապը մասնակցեցաւ Պօղոս Զ Քահանայապետական դպրոցական համալիրի աշակերտներուն կազմակերպած Սուրբ Ծննդեան համերգին, և աւարտին Ան անպատրաստից խօսք ուղղեց բոլոր մասնակիցներին. «Աստուած կ՛ ուզէ սիրոյ պարգևը փոխանցել մեզի բոլորիս. Այս է Սուրբ Ծնունդը», - ըսաւ Ան՝ կոչ ընելով մեզի տեսնելու Աստուծոյ ներկայութիւնը, յատկապէս ամենափոքրիններու մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

16 Դեկտեմբերին Քասթել Կանտոլֆոյի Պօղոս Զ Քահանայապետական ​​դպրոցի աշակերտներու կողմէն կազմակերպուած տասնմէկերորդ ամէնամեայ «InCanto» Սուրբ Ծննդեան համերգը ունեցաւ յատուկ հիւր մը` Լևոն ԺԴ. Սրբազան Պապը. որ ինչպէս միշտ երկուշաբթի երեկոյեան մեկնած էր Քասթել Կանտոլֆօ եւ նախ քան Հռոմ վերադառնալը այցելեց դպրոցական համալիրը ներկայ գտնուելով տօնականօրեն զարդարուած մարզադահլիճին մէջ կազմակերպուած երաժշտական ​​​​ներկայացումին։

Մանուկները, յուզուած և ժպտերես, Սուրբ Ծննդեան երգեր երգեցին իտալերէն, լատիներէն, անգլերէն և սպաներէն լեզուներով, որոնց շարքին՝ «Adeste fideles», «Joy to the World» և «Astro del ciel»՝ իրենց ծնողներու, ուսուցիչներու, եկեղեցականներու դպրոցի տեսչութեան եւ պատուոյ հիւրին ներկայութեամբ։

Համերգի աւարտին Լևոն ԺԴ Պապը անպատրաստից սրտաբուխ խօսք մը ուղղեց շատ գեղեցիկ համարելով Ծննդեան երգերը ունկնդրել իտալերէն, լատիներէն, անգլերէն եւ սպաներէն եւ ընդգծելով, թէ ինչպէս Սուրբ Ծնունդը «կ՛ արթնցնէ խոր ուրախութիւն և խաղաղութիւն բոլորի սրտերուն մէջ»։

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած «խորհրդաւոր» հրաւէրին համար հուսկ յղում կատարեց երգերու խօսքերուն, ուր կ՜ըսուի թէ «հրեշտակները սէրը կը բերեն» մանուկներուն ըսելով` թէ իրենց եղան անոնք, որոնք սէր բերին այս երեկոյ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց։

Քահանայապետը առ այդ ակնարկեց Սուրբ Օգոստինոսի երաժշտութեան վերաբերեալ մտածումին ու անոր խօսքերուն, թէ ան որ կը սիրէ երգել իրապէս գիտէ այն ինչ որ կարեւոր է։

«Աստուած ցանկացաւ սիրոյ պարգևը փոխանցել մեզի բոլորիս. Այս է Սուրբ Ծնունդը. Աստուած ցանկացաւ մօտենալ մեզի, յատկապէս փոքրիկներուն մէջ։ Թող` որ այս ոգին, որ մենք կը նշենք արդեն իսկ այս երեկոյ և յառաջիկայ օրերուն, Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընթացքին, և գուցէ ամբողջ տարուայ ընթացքին, շարունակէ թափանցել մեր մէջ, որպէսզի մենք կարողանանք զգալ և ապրիլ Սուրբ Ծննդեան այս սէրը» ըսաւ Քահանայապետը։

Ան ապա կոչ ըրաւ աւելին ընելու հռչակելու համար խաղաղութիւնը, սէրը ու միութիւնը աշխարհին մէջ։ «Շնորհակալութիւն բոլորիդ և լաւագոյն մաղթանքներս։ Այս գեղեցիկ երեկոն աւարտելէն առաջ, այս պահուն ես կը ցանկանայի օրհնութիւնս տալ ձեզի և ձեր բոլոր ընտանիքներուն։ Աստուած կը ցանկանայ աւելի մօտենալ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, ձեր բոլոր սիրելիներուն, ձեր ընտանիքներուն։ Այսպիսով, եկէք միասին աղօթենք և փորձենք բանալ մեր սրտերը, որպէսզի մենք նոյնպէս տեսնենք Անոր ներկայութիւնը, յատկապէս ամենափոքրիկներուն մէջ» ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ օրհնեց բոլոր ներկաները անոնց հետ աղօթելով «Տէրունական աղօթքը»։

Ծափահարութիւններու և երգերու ներքոյ Սրբազան Պապը հրաժեշտ առաւ ու մեկնեցաւ բոլոր ներկաներուն մէջ թողելով ուրախութեան և մօտիկութեան յիշողութիւն։ Մինչ սրահին մէջ մանուկները կը բացագանչէին «Լեւոն, Լեւոն, Լեւոն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2025, 08:00