Սրբազան Պապը ընդունեց Խրուաթիայի Վարչապետը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, այսօր 5 դեկտեմբերին ընդունեց Խրուաթիոյ Վարչապետը` Տիար Անտրէյ Փլենքովիչ, որ երէկ չորս դեկտեմբերին, հանդիպում ունեցած էր Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապ. Միգայիթա Պլաժը», լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։
«Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրուեցի ընթացքին գոհունակութիւն արտայայտուեցաւ պետութեան և տեղական եկեղեցւոյ միջև լաւ յարաբերութիւններու և փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու մտադրութեան վերաբերեալ» նշուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։
«Զրոյցի ընթացքին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում շարք մը թեմաներու շուրջ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Արևմտեան Պալքաններու մէջ տարածաշրջանային համագործակցութեան և Ուկրանիայի հակամարտութեան»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
