Որոնել

Ուրպի էթ Օրպի. «Տիրոջ Սուրբ Ծնունդը խաղաղութեան Սուրբ Ծնունդ է». Լեւոն ԺԴ.

Աստուծոյ խաղաղութիւնը կը ծնի դիւրաբեկութիւնէն։ Ան որ չի սիրեր չի փրկուիր։ Առանց մեղքէ զուրկ ազատ սրտի մը կարելի չէ դառնալ խաղաղարարներ։ Թոյլ չտանք յաղթահարուիլ տառապողներու նկատմամբ անտարբերութենէն։ Մեր սրտերը բանանք եղբայրներուն ու քոյրերուն` որոնք կարիքիմէջ են։ Քրիստոս, մեր յոյսը, բաց դուռ մըն է, որ մեզ կը տանի աստուածային կեանք։ Ան չի գար դատապարտելու, այլ փրկելու. Կու գայ մնալու և ինքզինք նուիրելու։Անոր մէջ ամէն վէրք կը բուժուի և ամէն սիրտ կը գտնէ հանգիստ ու խաղաղութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, «Եկէք բոլորս ուրախանանք Տիրոջմով. մեր Փրկիչը ծնաւ աշխարհ։ Այսօր ճշմարիտ խաղաղութիւնը իջաւ երկնքէն»։ Այսպէս կ՛երգեցուի Սուրբ Ծննդեան նախօրէի ծէսին մէջ, և այսպէս Բեթղեհէմի աւետումը կ՛ արձագանքէ ամբողջ Եկեղեցւոյ մէջ. Սուրբ Կոյս Մարիամէն ծնած Մանուկը Քրիստոս Տէրն է, որ Հօր կողմէն ուղարկուեցաւ` մեզ մեղքէն և մահէն փրկելու համար։ Ան մեր խաղաղութիւնն է, Ան, որ Աստուծոյ ողորմած սիրով յաղթեց ատելութիւնն ու թշնամանքը։ Այս պատճառով «Տիրոջ Սուրբ Ծնունդը խաղաղութեան Սուրբ Ծնունդ է»։ Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն գլխաւորած սուրբ Ծննդեան «Ուրպի էթ Օրպի» պատգամին, հինգշաբթի` 25 դեկտեմբեր 2025-ի կէսօրին ի ներկայութեան բազմահազար հաւատացեալներու։

Այս եղաւ Լեւոն Պապին Քահանայապետութեան Ծննդեան առաջին «Ուրպի էթ Օրպին» այսինքն Հռոմ Քաղաքի եւ համայն աշխարհին ուղղուած պատգամն ու օրհնութիւնը։

Քահանայապետին ողջոյնը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն

Նորին Սրբութիւնը Ուրպի էթ Օրպի պատգամէն առաջ եւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ մատուցած Ծննդեան պատարագէն անմիջապէս ետքը Քահանայապետական բացօթեայ սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կատարեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին եւ անորմէ դուրս գտնուող պողոտային մօտէն ողջունելու համար այս օրուան առիթով այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները նախ քան կեդրոնական պատշգամ բարձրանալը ու այնտեղէն աշխարհի ուղղելու իր խաղաղութեան պատգամը որուն աւարտին բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Ան որ չի սիրեր չի փրկուիր

«Հօր Աստուծոյ յաւիտենական Բանը, որ Երկինքները չեն կարող պարունակել ընտրեց աշխարհ գալ այս ձեւով։ Սիրոյ համար ծնաւ կնոջմէ, կիսելու համար մեր մարդկութիւնը, սիրոյ համար ընդունեցաւ աղքատութիւնը եւ մերժումը ու ինքզինք նոյնացուց բացառուածին եւ մնացորդացին հետ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ Աստուած ընտրեց մեր վրայ չի թողուլ մեղքին բեռը այլ ինք շալկելու զայն, բայց միեւնոյն ժամանակ մեզի յանձնարարեց, որ մեր վրայ առնենք մեր պատասխանատուութեան բաժինը, որովհետեւ «Աստուած `որ մեզ ստեղծեց առանց մեզի, չի կրնար մեզ փրկել առանց մեզի», այսինքն առանց մեր սիրելու ազատ կամքին։ «Ան որ չի սիրեր չի փրկուիր» յարեց Սրբազան Պապը ընդգծելով, որ խաղաղութեան ուղին պատասխանատուութիւնն է։

Առանց մեղքէ զուրկ ազատ սիրտ մը կարելի չէ դառնալ խաղաղութիւն կառուցող մարդիկ եւ կիներ

«Եթէ​​ մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ բոլոր մակարդակներու վրայ, ուրիշները մեղադրելու փոխարէն, նախ ընդունէր իր սեփական թերութիւնները և Աստուծմէ ներողութիւն խնդրէր, և միևնոյն ժամանակ ինքզինք դներ տառապողներու տեղ՝ զօրակից դառնալով ամենախոցելիներու և ամենաճնշուածներուն հետ, այդ ժամանակ աշխարհը կը փոխուի» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եւ հաստատեց «Յիսուս Քրիստոս մեր իսկական խաղաղութիւնն է, որովհետեւ Ան նախ եւ առաջ մեզ կ՜ազատէ մեղքէն, ապա մեզի ցոյց կու տայ ուղին, յաղթահարելու համար հակամարտութիւնները, բոլոր հակամարտութիւնները, միջ-անձնական, եւ միջազգային։ Առանց մեղքէ զուրկ ազատ սրտի մը, ներուած սիտի մը, կարելի չէ դառնալ խաղաղ եւ խաղաղութիւն կառուցող մարդիկ եւ կիներ» նշեց ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ «Յիսուս ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ մեզ ազատելու համար մեղքէն» ու թէ «փրկչին շնորհքով, մենք ալ կրնանք եւ պարտական ենք մեր պարտականութիւնը կատարելու, մերժելու համար ատելութիւնն ու բռնութիւնը եւ ի գործ դնելու երկխօսութիւնը, խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը։

Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը իր «հայրական ու ջերմ ողջոյնները յղեց բոլոր քրիստոնեաներուն, յատկապէս անոնց` որոնք կ՛ապրին Միջին Արեւելքի մէջ, եւ որոնց հանդիպեցաւ իր վերջերս կատարած առաքելական առաջին ճամբորդութեան ընթացքին։

Ես ունկնդիր եղայ անոնց վախերուն և լաւ գիտեմ անոնց անզօրութեան զգացումը՝ զիրենք գերազանցող ուժի շարժականութեան առջև։ Այսօր Բեթղեհէմի մէջ ծնած Մանուկը նոյն Յիսուսն է, որ կ՛ըսէ. «Ինձմով խաղաղութիւն ունեցէք։ Աշխարհին մէջ ունիք նեղութիւն, բայց քաջալերուեցէք, ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհաննէս 16։33):

«Անորմէ հայցենք արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն Լիբանանի, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ Սուրիոյ համար» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը։

Եւրոպական ցամաքամասը եւ անոր արմատները

Ան ապա Խաղաղութեան Իշխանին յանձնեց եւրոպական ցամաքամասը, հայցելով` որ Ան շարունակէ ներշնչել հաւաքական եւ գործակցական հոգի մը, որ հաւատարիմ ըլլայ իր արմատներուն ու պատմութեան, զօրակից եւ հիւրընկալ անոր հետ` որ կարիքի մէջ է։

Աղօթք Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար

«Յատուկէն աղօթենք մարտիրոս Ուքրանիոյ Ժողովուրդին համար. Թող կանգ առնէ զէնքերուն շառաչիւնը եւ ներգրաւուած կողմերը, միջազգային հասարակութեան յանձնառումի աջակցութեամբ, քաջութիւնը գտնեն անկեղծ, ուղղակի եւ յարգալիր երկխօսութեան համար» ըսաւ Քահանայապետը։

Ափրիկեան ցամաքամասի համար խաղաղութեան պատգամ

Ան ապա Բեթղեհէմի Մանուկէն աղերսեց «խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն, աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր պատերազմներու զոհերուն համար, յատուկէն մոռցուած պատերազմներու զոհերուն, ու նաեւ բոլոր անոնց` որոնք կը տառապին անարդարութեան ու քաղաքական անկայունութեան ինչպէս նաեւ կրօնական հալածանքներու եւ ահաբեկչութեան բերումով» եւ յիշեց Սուտանի, Հարաւային Սուտանի, Մալիի, Պուրքինա Ֆազոյի եւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան եղբայրներն ու քոյրերը։

Հայիթին եւ Լատին Ամերիկան

«Յոյսի յոբելեանի այս վերջին օրերուն աղօթենք մարդեղացած Աստուծոյ, Հայիթիի բնակչութեան համար, որպէսզի Երկրին մէջ դադրին բոլոր ձեւի բռնութիւնները եւ ան յառաջանայ խաղաղութեան եւ հաշտութեան ճանապարհին վրայ» եղաւ Սրբազան Պապին աղօթքի այլ հրաւէր մը, որմէ ետքը ակնարկեց Լատին Ամերիկային ու այդ տարածաշրջանին մէջ քաղաքական պատասխանատուութիւններ ունեցողներուն, մաղթելով` որ Մանուկ Յիսուսը ներշնչէ զանոնք, որպէսզի տեղ տան երկխօսութեան ու գործեն հասարակաց բարիքին ի սպաս եւ ոչ թէ գաղափարական և կուսակցական շահերուն համար։

Միանմարը, Թայլընտը եւ Քամպոճան

«Խաղաղութեան Իշխանէն կը խնդրենք որ լուսաւորէ Միանմարը հաշտութեան ապագայի լոյսով։ Յոյս տայ նոր սերունդներուն եւ առաջնորդէ Պիրման ժողովուրդը խաղաղութեան արահետներուն վրայ, ընկերանալով անոնց` որոնք կ՛ապրին տնանկ, անապահով ու վաղուայ նկատմամբ անվստահութեամբ» յարեց Սրբազան Պապը խնդելով նաեւ` որ «Մանուկ Յիսուսը Թայլընտի եւ Քամպոճայի մէջ վերականգնէ հինաւուրց բարեկամութիւնը եւ ներգրաւուած կողմերը շարունակեն իրենց յանձնառումը ի նպաստ խաղաղութեան եւ հաշտութեան»։

Հարաւային Ասիան եւ Ովկիանիան ու աւերիչ բնական աղէտները

Անոր կը վստահինք նաեւ Հարաւային Ասիայի և Ովկիանիայի ժողովուրդները, որոնք ծանր փորձանքներու ենթարկուած են վերջին ժամանակներու տեղի ունեցած աւերիչ բնական աղէտներուն պատճառաւ, որոնք լրջօրէն վնասած են ամբողջ բնակչութիւնը։ Այս փորձանքներուն առջև ես բոլորը կը հրաւիրեմ համոզմունքով վերահաստատելու մեր միասնական յանձնառութիւնը՝ օգնութեան հասնելու տառապողներուն, ըսաւ Սրբազան Պապը։

Թոյլ չտանք յաղթահարուիլ տառապողներու նկատմամբ անտարբերութենէն

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, գիշերուայ մթութեան մէջ, «աշխարհ կու գար իսկական լոյսը, ան որ կը լուսաւորէ իւրաքանչիւր մարդ», «բայց իրենինները զինք չ՛ընկալեցին։ Թոյլ չտանք յաղթահարուիլ տառապողներու նկատմամբ անտարբերութենէն։ Աստուած անտարբեր չէ մեր թշուառութիւններու նկատմամբ» ըսաւ ապա Քահանայապետը նշելով, որ Յիսուս մարդանալով իր վրայ առաւ մեր դիւրաբեկութիւնները եւ նոյնացաւ մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ։

Յիսուս մարդանալով իր վրայ առաւ մեր դիւրաբեկութիւնները

Անոր հետ` որ այլեւս ոչ մէկ բան ունի ու կորսնցուց ամէն բան, Կազայի բնակիչներուն նման. Անոր հետ` որ թիրախ է անօթութեան եւ աղքատութեան, նման Եմենի ժողովուրդին. Անոր նման որ կը փախչի իր հայրենիքէն այլուր փնտռելու ապագայ մը, նման բազմաթիւ գաղթականներուն, որոնք Միջերկրականը կը նաւարկեն կամ կը ճամբորդեն Ամերիկեան ցամաքամասի տարածքին. Անոր` որ աշխատանքը կորսնցուց ու անոր որ աշխատանք կը փնտռէ, նման բազմաթիւ երիտասարդներուն, որոնք դժուարութիւն ունին գործ հայթայթելու. Անոր` որ շահագործուած է, նման բազմաթիւ աշխատաւորներու, որոնք թերավճարուած են եւ անոր` որ բանտին մէջ է ու յաճախ կ՜ապրի տմարդկային պայմաններու մէջ։

Մեր սրտերը բանանք եղբայրներուն ու քոյրերուն` որոնք կարիքի ու ցաւի մէջ են

«Խաղաղութեան աղերսը, որ կը բարձրանայ ամէն երկրէ, կը հասնի Աստծոյ սրտին ... Այս Սուրբ օրուան առիթով բանանք մեր սիրտը մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն որոնք կարիքի ու ցաւի մէջ են։ Այդպէս ընելով զայն բացած կ՜ըլլանք Մանուկ Յիսուսին» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ Պապը մատնանշելով նաեւ, որ մի քանի օրէն վերջ պիտի գտնէ Յոբելենական տարին ու պիտի փակուին Սուրբ Դռները բայց Քրիստոս, մեր յոյսը, պիտի մնայ միշտ մեր հետ» շեշտեց Լեւոն Պապը հաստատելով որ «Անիկայ միշտ բաց դուռ մըն է, որ մեզ կը տանի դէպի աստուածային կեանք»։

Քրիստոս, մեր յոյսը, բաց դուռ մըն է, որ մեզ կը տանի աստուածային կեանք

«Ան այս օրուայ ուրախալի պատգամն է. ծնած Մանուկը մարդ դարձած Աստուածն է. Ան չի գար դատապարտելու, այլ փրկելու. Ան արագ անցնող յայտնութիւն մը չէ . Կու գայ մնալու և ինքզինք նուիրելու։ Անոր մէջ ամէն վէրք կը բուժուի և ամէն սիրտ կը գտնէ հանգիստ ու խաղաղութիւն։ «Տիրոջ Սուրբ Ծնունդը խաղաղութեան Սուրբ Ծնունդն է»։ Ես բոլորիդ սրտանց կը մաղթեմ` խաղաղ սուրբ Ծնունդ» եղան Քահանայապետին Սուրբ Ծննդեան Ուրպի Էթ Օրպիի պատգամին եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ

Ան ապա  տարբեր լեզուներով արտասանեց Սուրբ Ծննդեան մաղթանքը, յատուկէն Իտալերէն, Ֆրանսերէն, Անգլերէն, Գերմաներէն, Սպաներէն, Փոթուկալերէն, Լեհերէն, Արաբերէն, Չինարէն եւ Լատիներէն, այստեղ եւս վերահաստատելով հին աւանդոյթ մը որ դադրած էր Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանակ։

“«Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։ Քրիստոսին խաղաղութիւնը թող թագաւորէ ձեր սրտերուն ու ձեր ընտանիքներուն մէջ»”

Պատգամի եւ շնորհաւորանքներու աւարտին Սրբազան Պապը բոլորին շնորհեց իր առաքելական «Ուրպի էթ Օրպի» օրհնութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/12/2025, 12:23