Որոնել

2025.12.27 Taize a Parigi 2025-2026

Լևոն ԺԴ. Թեզեի երիտասարդներուն. «Եղէք վստահութեան ուխտաւորներ և խաղաղութեան արհեստաւորներ»։

Հակամարտութիւններով եւ բաժանումներով յատկանշուած համաշխարհային իրավիճակի մը ի տես Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը քաջալերեց բոլոր երիտասարդները դառնալու հաշտութեան, եղբայրութեան եւ յոյսի վկաներ, նորոգելով համամիութենականութեան ի սպաս իրենց յանձնառումը Նիկիոյ Տիեզերական առաջին ժողովի հետքերով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս Թէզէյի համամիութենական հասարակութիւնը, գումարեց իր տարեվերջի երիտասարդներուն եւրոպական հաւաքը, այս տարի Փարիզի մէջ, որ կը հանդիսանայ այս տիպի հանդիպումներու 48-րդը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եւրոպայի տարբեր քաղաքներէն ժամանած տասնհինգ հազարէ աւելի` 18էն 35 տարեկան երիտասարդներ` միասին ապրելու համար աղօթքի եւ բաժնեկցութեան ինչպէս նաեւ տօնախմբութեան եւ եղբայրութեան պահեր։

Թեզէյի հասարակութիւնը ծնունդ առած է 1940 թուականին, համաշխարհային Բ. Պատերազմին սկիզբը, 25 տարեկան Roger Schutz Marsauche-ի ջանքերով, որ զաւակն էր զուիցերացի բողոքական պատուելիի մը։ Ան լքելով իր ծննդավայրը կը փոխադրուի Ֆրանսա օգնութիւն մատուցելու անոնց` որոնք դժուարութեան մէջ կ՜ապրին եւ Թեզէ քաղաքին մէջ կը սկսի հիւրընկալել պատերազմէն փախուստ տուող գաղթականներ, որոնց մէջ էին նաեւ բազմաթիւ հրեաներ։

Միեւնոյն ատեն անոր մէջ կը հասուննայ հասարակութիւն մը հիմնելու գաղափարը` որուն արժէքները ըլլան պարզութիւնը, սրտի բարութիւնը ու Աւետարանի նկատմամբ հաւատարմութիւնը։ Անոր այս գաղափարին բաժնեկից դարձան երկու Զուիցերացի այլ երիտասարդներ` Մաքս Թուրեան եւ Փիթր Սուվէրէնը, որոնց շուտով միացաւ երրորդ երիտասարդ մը` Տանիել Տը Մոնմոլլէն։ Թեզէ գիւղաքաղաքը քիչ ժամանակուայ մէջ կը դառնայ թշուառութեան մէջ գտնուող կարիքաւոր անձերու հիւրընկալութեան տուն։

Թեզէյի հասարակութեան այսօր մաս կը կազմեն աշխարհի 25 երկիրներէ տարբեր քրիստոնեայ դաւանանքներու պատկան հարիւրէ աւելի եղբայրներ, որոնք իրենց համամիութենական գործունէութեան ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութիւն կը յատկացնեն երիտասարդներուն, առիթ ընծայելով անոնց իմաստ տալու իրենց կեանքին ու յանձնառու ըլլալու պատասխանատուութիւններ ստանձնելու իրենց ապրած միջավայրերուն մէջ, խրախուսելով դառնալու խաղաղութեան եւ հաշտութեան պատգամաւոր։

Փարիզի մէջ կայացած Թեզեի եւրոպական հանդիպման շրջանակէն ներս տեղի կ՛ունենան հարիւրէ աւելի «նիւթային» աշխատաժողովներ, որոնց ընթացքին նախատեսուած են տարբեր ծագում ունեցող աւելի քան 170 մասնագէտներու միջամտութիւնները։ Հաւաքի օրերուն ապա ծրագրուած են աղօթքի, լռութեան և անձնական մտորումներու համար յատուկ տարածքներ։

28 դեկտեմբեր 2025-ին սկիզբ առնող եւ մէկ Յունուար 2026-ին աւարտին հասնող վերոնշեալ հաւաքին առիթով բազմաթիւ կրօնական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ իրենց պատգամը յղեցին երիտասարդներուն որոնք շարքին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը, Կ. Պոսլոյ տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա. Լուտերական Համաշխարհային համադաշնութեան ընդհանուր քարտուղար Վերապատուելի Ան Պուրկարդը, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ` Ուրսուլա ֆոն տէր Լայենը եւ այլ անձնաւորութիւններ։

Այս առիթով երիտասարդներուն պատգամ յղեց նաեւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող նամակով մը որուն մէջ Ան հրաւիրեց երիտասարդները չի վարանելու եւ յանդգնութեամբ դիմակայելու կեանքի հիմնական մէկ հարցում մը. «Ի՞նչ կը փնտռես» եւ զայն ապրելու աղօթքի եւ լռութեան մէջ։

Հակամարտութիւններով եւ բաժանումներով յատկանշուած համաշխարհային իրավիճակի մը ի տես Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը քաջալերեց բոլոր երիտասարդները դառնալու հաշտութեան, եղբայրութեան եւ յոյսի վկաներ, նորոգելով համամիութենականութեան ի սպաս իրենց յանձնառումը Նիկիոյ Տիեզերական առաջին ժողովի հետքերով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2025, 12:28