Որոնել

Բանտարկեալներու Յոբելեանին նուիրուած պատարագը

Յոբելեանը ժամանակ է շնորհքի, վերածնունդի եւ վերսկսելու կարելիութեան, նշեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ տարի Յոբելենական Սուրբ տարուան կոնդակին մէջ արտայայտած իղձին` Սուրբ տարուան առիթով իրականացնելու «համաներում կամ պատիժի մեղմացման միջոցառումներ» որմէ մեկնելով իրը ըրաւ այդ խօսքերը ու խնդրեց , որ շատ մը երկիրներուն մէջ կարելի ըլլայ իրականացնել հանգուցեալ Քահանայապետին փափաքը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 դեկտեմբերի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարուան ծիրէն ներս նշուող «Բանտարկեալներու Յոբելեանին» նուիրուած Սուրբ Պատարագը, որ համարուած է 2025 թուականի «Յոյսի Յոբելեանի» վերջին մեծ ձեռնարկներէն մին։

Ինիսուն երկիրներէ մօտ 6000 ուխտաւորներ

Ինիսուն երկիրներէ մօտ 6000 ուխտաւորներ, որոնց շարքին կալանաւորներ, անոնց ընտանեկան պարագաները, բանտի աշխատակիցներ, իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներ և բանտի կամաւորներ իրենց մասնակցութիւնը բերին ուխտագնացութեան եւ Քահանայապետին մատուցած այսօրուայ Սուրբ Զոհին, որուն ընթացքին օգտագործուած նշխարները նուէրն էին «Հոգիին եւ Արուեստի Տուն» հիմնարկին, «Հացի իմաստը» ծրագիրին միջոցաւ որ 2016-էն ի վեր ամէն տարի կը ներգրաւէ 300 բանտարկեալներ նշխարները պատրաստելու համար, որոնք կը յատկացուին իտալիոյ եւ օտարերկրեայ աւելի քան 15 հազար Թեմերու, կրօնական միաբանութիւններու, վանքերու եւ այլ քրիստոնէական իրականութիւններու։ Բանտարկեալներու այս յոբելեանի Սուրբ պատարագի ժամանակ օծուած նշխարները գործն են Օփերայ, Սան Վիթթորէ և Պոլլաթէ բանտերու Սուրբ Հաղորդութեան արհեստանոցներուն։

Քահանայապետին քարոզը

Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ յոյսի, ուրախութեան եւ ողորմութեան վրայ։

Ան յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ տարի 26 դեկտեմբերին Ռեպիպիա բանտին մէջ Սուրբ Դռան բացման առիթով ուղղած կոչը` վառ պահելու հաւատքը ու լայն բանալու սրտերը նոյնիսկ բանտային աշխարհին մէջ, ուր տակաւին շատ են դիմագրաւելիք մարտահրաւէրները, ինչպէս գերբնակեցումը և վերականգնողական ծրագիրներու բացակայութիւնը։

Բանտային համակարգէն ներս շատ բան կայ ընելիք

«Մինչ յոբելենական տարին կը մօտենայ աւարտին, մենք պէտք է գիտակցինք, որ հակառակ շատերու ջանքերուն, բանտային համակարգին մէջ տակաւին շատ բան կայ ընելիք» ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով Եսայի մարգարէին խօսքերը եւ հաստատելով որ «Աստուած է փրկագնողը, ազատագրողը»։

«Անշուշտ, բանտը դժուար միջավայր է, և նոյնիսկ լաւագոյն մտադրութիւնները կարող են հանդիպիլ բազմաթիւ խոչընդոտներու։ Սակայն ճիշտ այս պատճառով մենք պէտք չէ յոգնիք, յուսահատինք կամ յանձնուինք, այլ պէտք է յառաջ ընթանանք համառութեամբ, քաջութեամբ և համագործակցութեան ոգիով» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով` թէ պէտք է հասկնալ որ « իւրաքանչիւր անկումէն յետոյ պէտք է կարելի ըլլայ նորէն ոտքի կանգնիլ»։

Յոբելեանը կոչ դարձի, յոյսի եւ ուրախութեան

«Յոբելեանը կոչ է դարձի և, հետևաբար, յոյսի ու ուրախութեան պատճառ» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ հրաւիրելով հայեացքը ուղղելու Յիսուսին, անոր մարդկայնութեան եւ թագաւորութեան ուր` «կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն [...], աղքատներուն կը քարոզուի Աւետարանը» (Մատթէոս 11:5) եւ ասկէ մեկնելով յիշեցուց, որ «եթէ երբեմն նման հրաշքներ տեղի կ՛ ունենան Աստուծոյ անսովոր միջամտութիւններու միջոցաւ, ապա աւելի յաճախ անոնք վստահուած են մեզի, մեր կարեկցանքին, մեր համայնքներու և մեր հաստատութիւններու ուշադրութեան, իմաստութեան և պատասխանատուութեան»։

Յոբելեանը ժամանակ շնորհքի, վերածնունդի եւ վերսկսելու կարելիութեան

Ծիսակատարութիւնը, ըստ Նորին Սրբութեան հրաւէր է հաւատալու Աստուծոյ ազատագրող ու փրկող զօրութիւնը, ու խթանելու սիրոյ քաղաքակրթութիւն մը։

Յոբելեանը արդարեւ ժամանակ է շնորհքի, վերածնունդի եւ վերսկսելու կարելիութեան, նշեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ տարի Յոբելենական Սուրբ տարուան կոնդակին մէջ արտայայտած իղձին` Սուրբ տարուան առիթով իրականացնելու «համաներում կամ պատիժի մեղմացման միջոցառումներ» որմէ մեկնելով իրը ըրաւ այդ խօսքերը ու խնդրեց , որ շատ մը երկիրներուն մէջ կարելի ըլլայ իրականացնել հանգուցեալ Քահանայապետին փափաքը, հուսկ յղում կատարեց Աւետարանական հատուածին մէջ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութեան` ապաշխարելու եւ դիմելու ողորմութեան։

Թող ոչ մէկը կորսուի, թող բոլորը փրկուին

«Սիրելիներ Տիրոջ կողմէ ձեզի՝ բոլոր բանտարկեալներուն և բանտային պաշտօնեաներուն վստահուած առաջադրանքը դիւրին չէ։ Կան բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք պէտք է լուծուին...», յարեց ապա Սրբազան Պապը ու հաստատեց` թէ հակառակ ամէն բանի` Տէրը կը շարունակէ մեզի կրկնել թէ միայն մէկ բան կարեւոր է. «թէ ոչ մէկը կորուսի եւ ամէնքը փրկուին» ըսաւ Քահանայապետը։

Ան ապա շեշտեց. «Թող ոչ ոք կորսուի։ Թող բոլորը փրկուին։ Այս է մեր Աստուծոյ կամքը, այս է անոր Արքայութիւնը, այս է անոր նպատակը աշխարհին մէջ։ Մինչ Սուրբ Ծննդեան տօները կը մօտենան, մենք ալ կը ցանկանանք ընդունիլ անոր երազանքը՝ անսասան մեր նուիրուածութեամբ (հմմտ. Յակոբոս 5։8) և վստահութեամբ։ Որովհետև գիտենք, որ նոյնիսկ ամենամեծ մարտահրաւէրներու առջև մենք միայնակ չենք. Տէրը մօտ է (հմմտ. Փիլիպպեցիներ 4։5), Ան կը քալէ մեզի հետ, և երբ Ան մեր կողքին է տեղի կ՛ ունենայ միշտ գեղեցիկ և ուրախալի բան մը» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր քարոզը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2025, 10:40