Ընդհանուր Մեծաւորուհիներուն միջազգային միութեան անդամները Ընդհանուր Մեծաւորուհիներուն միջազգային միութեան անդամները  (Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Ընդանուր Մեծաւորուհիներուն Միութեան. Աւետարանի վկաներ՝ աշխարհի սահմանային գիծերուն վրայ

Միջազգային Ընդհանուր Մեծաւորուհիներու Միութեան (UISG) հիմնադրման 60-ամեակին առթիւ ղրկուած նամակին մէջ, Լեւոն ԺԴ. կը յորդորէ կրօնաւորուհիները ըլլալ «յոյսի ուխտաւորներ եւ առաքեալ աշակերտուհիներ», որպէսզի բուժեն իրենց հանդիպողներուն վէրքերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ Պապը նամակ մը յղած է UISG-ին (Միջազգային Միութիւն Ընդհանուր Մեծաւորուհիներու), դրուատելով անոր դերը ի սպաս Եկեղեցւոյ հաղորդութեան եւ առաքելութեան։ «Համագործակցութեան ի նպաստ ձեր յանձնառութիւնը եւ առաքելութեան առաջնագիծին վրայ մնալու ձեր կամքը՝ Աւետարանին հանդէպ զօրաւոր վկայութիւն մը կը հանդիսանան», գրած է Սրբազան Քահանայապետը ու վերյիշած է «Սուրբ Պօղոս Զ.-ի տեսակէտը», որ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի հետքերով խթանեց արդի աշխարհի մէջ նուիրեալ կեանքի վերանորոգումը։ Քահանայապետը մէջբերեց Մոնթինի Պապը իր նամակին մէջ, թուագրուած՝ 26 նոյեմբեր, 2025,ին ուղղուած Քոյր Ունա Օ’Շիին՝՝ Միջազգային ընդհանուր մեծաւորուհիներուն ՄԻութեան (UISG) նախագահին՝ հիմնադրութեան 60 ամեակի առիթով, որ տեղի ունեցաւ 8 դեկտեմբեր 1965-ին։

«Կը միանամ ձեզի երախտագիտութեամբ այն բազմաթիւ ձեւերուն համար, որոնցմով UISG-ն հաւատարմութեամբ եւ քաջութեամբ յառաջ տարած է այս առաքելութիւնը», կը գրէ Պապը, յիշեցնելով թէ ինչպէս Միութիւնը իր 60 տարիներու ընթացքին ստեղծած է երկխօսութեան տարածք վեց ցամաքամասերու Մեծաւորուհիներուն միջեւ՝ կիսելով «իրենց սեփական շնորհներու հարստութիւնը» եւ Սուրբ Հոգիի պարգեւները «ի նպաստ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի»։

Յոյսի առաքեալ աշակերտուհիներ

Պապը կը շեշտէ, որ այս ժամանակաշրջանը բնորոշուած է «արագ փոփոխութիւններով եւ հրատապ կարիքներով», հետեւաբար կրօնաւորուհիներուն յանձնառութիւնը համագործակցութեան դաշտին մէջ եւ առաքելութիւնը սահմանային գիծերու վրայ կը դառնան «Աւետարանի հզօր վկայութիւն»։ «Այս տարեդարձին զուգադիպութիւնը Յոյսի Յոբելենական Տարուան հետ,– կ’աւելցնէ Լեւոն ԺԴ. – առանձնայատուկ շնորհք մըն է»։ Այս առիթով Ան կը մաղթէ, որ այս «սուրբ ժամանակին» մէջ վերանորոգուի «յոյսի ուխտաւորներ եւ առաքեալ աշակերտուհիներ ըլլալու կոչումը». կիներ, որոնք՝ արմատաւորուած իրենց նուիրումին մէջ եւ Սուրբ Հոգիով առաջնորդուած՝ կ’օգնեն «վերակենդանացնելու վստահութիւնը, բուժելու վէրքերը եւ ընկերակցելու Աստուծոյ ժողովուրդին՝ գթասրտութեամբ եւ ուրախ յարատեւութեամբ»։ Վերջաւորութեան, ան զիրենք կը յանձնէ Մարիամին՝ «Եկեղեցւոյ Մօր եւ հաւատարիմ աշակերտութեան տիպարին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2025, 10:24