Ես կը կարծէի, որ թոշակի պիտի ելլեմ, բայց յանձնուեցայ Աստուծոյ. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Լիբանանէն Իտալիա վերադարձի թռիչքի ժամանակ հանդիպում ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ու պատասխանեց անոնց հարցումներուն եւ ամենէն առաջ Ան ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել լրագրողներու աշխատանքին համար, ապա անդրադարձաւ խաղաղութեան, Միջին Արեւելքի իրավիճակին, Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին ու Եկեղեցւոյ կեանքի մասին։
Ան հաստատեց` թէ ինք կապի մէջ միջազգային ղեկավարներուն հետ, օրինակ Թրամփի եւ Նեթանիաույի հետ, ապա վերահաստատեց, թէ Վատիկանը կը գործէ «Կուլիսներէն դուրս» խթանելու համար երկխօսութիւնը ու զինաթափումը։ Ինչ կը հայի Հզպալլայի, Ան հաստատեց, թէ անոնցմէ ստացած ու կարդացած է պատգամ մը, որուն պարունակութեան մասին կը նախընտրէ չի խօսիլ։
«Առաջին բանը, այո՛, կը մտածեմ թէ կայուն խաղաղութիւն մը հնարաւոր է։ Կը մտածեմ թէ երբ կը խօսինք յոյսի մասին, երբ կը խօսինք խաղաղութեան մասին, երբ կը նայինք ապագային, այսպէս կը մտածենք, այսինքն հնարաւոր է որ խաղաղութիւնը անգամ մը եւս հասնի շրջանին ու հասնի Լիբանան։ Ի դէպ, արդէն զրոյցներ ունեցած եմ Ձեր յիշած երկիրներու ղեկավարներուն ոմանց հետ, եւ կը մտադրեմ շարունակել այդ մէկը, անձամբ կամ Սուրբ Աթոռին միջոցաւ, որովհետեւ իրականութիւնը այն է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունինք շրջանի երկիրներուն մեծամասնութեան հետ, եւ անշուշտ մեր յոյսն է շարունակել բարձրացնել խաղաղութեան այս կոչը, որուն մասին խօսեցայ այսօրուաղ Սուրբ Պատարագին աւարտին», ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Պատասխանելով անձնական հարցերու մասին՝ ան պատմեց իր հոգևորականութեան մասին, որ հիմնուած է Աստուծոյ կամքին յանձնուելու վրայ, և բացայայտեց, որ մի քանի տարի առաջ կը մտածէր թոշակի անցնելու մասին, բայց Քոնքլավի ժամանակ «յանձնուեցաւ» տեղի ունեցածին։
«Ձեզմէ մէկը, որ գերմանացի լրագրող մըն է եւ որ այստեղ է, ինծի օր մը հարցուց. ըսէ՛ ինծի գիրք մը, բացի Սուրբ Օգոստինոսէն, որ կարդանք՝ հասկնալու համար թէ ո՞վ է Փրեւոսթը։ Շատ գիրքեր կան, բայց անոնցմէ մէկը «Աստուծոյ Ներկայութեան Գործնական Կեանքը» խորաագիրով գիրքն է։ Ան իսկապէս պարզ գիրք է, գրուած մէկու մը կողմէ, որ նոյնիսկ իր ազգանունով չէ ստորագրած, Եղբայր Լաուրենս։ Գրուած է շատ տարիներ առաջ, բայց կը նկարագրէ աղօթքի եւ հոգեւորութեան տեսակ մը, ուր անհատը պարզապէս իր կեանքը կը նուիրէ Տիրոջ եւ կ'արտօնէ Տիրոջ, որ զինք առաջնորդէ։ Եթէ կ'ուզէք բան մը գիտնալ իմ մասիս, երկար տարիներու ընթացքին իմ հոգեւորականութեանս մասին, բնակելով Փերույի մէջ, ահաբեկչութեան տարիներուն, կոչուած ըլլալով ծառայութեան այնպիսի տեղեր, ուր երբեք չէի մտածեր, որ ծառայութեան պիտի կանչուէի. «Ես կը վստահիմ Աստուծոյ վրայ, եւ այս պատգամը բան մըն է, որ կը բաժնեմ բոլոր մարդոց հետ» հաստատեց Սրբազան Պապը։
Ան խօսեցաւ ապա Հարիսայի ամբոխը տեսնելու յոյզերու մասին և կրկնեց, որ մարդիկ ուրախ են ոչ թէ զինք տեսնելու այլ Քրիստոսը տեսնելու համար։
ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ լարուածութիւններու մասին Քահանայապետը նշեց թէ ինք գիտակից է, որ հակամարտութիւնը բարդ է եւ կայ արհեստագիտութեան մագլցում, ընդգծելով թէ Եւրոպան չի կրնար դուրս մնալ խաղաղութեան բանակցութիւններէն, ապա կարեւոր նկատեց Իտալիոյ բանալի դերը ու հաստատեց` թէ Սուրբ Աթոռը կը քաջալերէ Ուքրանիոյ մէջ արդար խաղաղութեան մը համար դիւանագիտական ընթացքը։
«Այս թեման ակնյայտօրէն կարեւոր է աշխարհի խաղաղութեան համար, սակայն Սուրբ Աթոռը ուղղակի մասնակցութիւն չունի, որովհետեւ մենք Աթլանթեան Դաշնակցութեան (ՆԱԹՕ-ի) եւ մինչեւ հիմա բոլոր բանակցութիւններուն անդամ չենք։ Թէեւ մենք շատ անգամ խնդրած ենք զինադադար, երկխօսութիւն, ոչ թէ պատերազմ։
Ակնյայտ է, որ մէկ կողմէն, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը մտածէ, թէ կրնայ առաջ մղել խաղաղութեան ծրագիր մը, որ կ'ուզէ իրականացնել, եւ որ, գոնէ սկզբնական շրջանին, առանց Եւրոպայի է։ Սակայն Եւրոպայի ներկայութիւնը կարեւոր է, եւ այս առաջին առաջարկը փոփոխուեցաւ նաեւ այն պատճառով, թէ Եւրոպան ի՛նչ կ'ըսէր։ Մասնաւորապէս կը մտածեմ, որ Իտալիոյ դերը կրնայ շատ կարեւոր ըլլալ, յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Ապագայի ճամբորդութիւններու մասին արտայայտուելով Ան նշեց թէ տակաւին ոչ մէկ ծրագիր կայ բայց ինք կը փափաքի Ափրիկէն այցելել, յատկապէս Ալճերիան, ուր ապրած է նաեւ Սուրբ Օգոստինոսը, ապա Լատին Ամերիկա, Արժանթին, Ուրուկուէյ, Փերու...բայց տակաւին ոչ մէկ բան ծրագրուած է։
Վենեզուելլայի տագնապի մասին Ան հրաւիրեց խուսափիլ զինեալ միջամտութենէն ու որոնել լուծումներ երկխօսութեան միջոցաւ։
Անոնք` որոնք կը վախնան` որ իսլամութիւնը կը սպառնայ Եւրոպայի քրիստոնէական ինքնութեան, Ան պատասխանեց , որ նման վախերը յաճախ կը բխին ներգաղթի նկատմամբ դիմադրութիւնէն, և վերահաստատեց կրօններու միջև համակեցութեան և բարեկամութեան կարևորութիւնը, որուն օրինակն է Լիբանանը. «Կը մտածեմ թէ մեծ դասերէն մէկը, որ Լիբանանը կրնայ սորվեցնել աշխարհին, ճիշդ անիկա է՝ ցոյց տալ հող մը, ուր իսլամը եւ քրիստոնեան երկուքն ալ ներկայ են եւ յարգուած, եւ հնարաւորութիւն կայ միասին ապրելու եւ բարեկամ ըլլալու։ Պատմութիւնները, վկայութիւնները, որոնք լսեցինք այս վերջին երկու օրերուն, այն մարդոց մասին են, որոնք կ'օգնեն զիրարի։ Քրիստոնեաները եւ մահմետականները, երկուքն ալ իրենց գիւղերը կործանուած են, օրինակ, եւ կ'ըսէին մեզի, որ կրնանք միասին ըլլալ եւ միասին աշխատիլ։ Ես կը մտածեմ թէ այս կարեւոր դաս մըն է, զոր պէտք է լսել Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ...»
Ինչ կը հայի Գերմանիոյ սիւնհոդոսական ուղեւորութեան Սրբազան Պապը կարեւորեց ներքին աւելի խոր երկխօսութիւնը. Որպէսզի ոչ մէկ ձայն մնայ բացառուած, եւ ուղեւորութիւնը մնայ ներդաշնակ տիեզերական Եկեղեցւոյ հետ։
Ի վերջոյ ան խօսեցաւ իր ընտրած կարգախօսի մասին «In Illo Uno Unum», ընդգծելով թէ Միջին Արեւելքին նուէրը տիեզերական Եկեղեցւոյ, վկայութիւնն է միութեան զօրութեան, մարդկային յարաբերութիւններուն ու բուժուելու կարողութեան` մօտիկութեան միջոցաւ, որոնք հիմնական արժէքներ են կառուցելու համար կամուրջներ ու խթանելու խաղաղութիւն եւ արդարութիւն համաշխարհային գետնի վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
