Առաքելութիւնն ու հաղորդութիւնը անբաժանելի են Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ. Լեւոն ԺԴ. Պապը Հռոմի Քուրիայի անդամներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Աւանդութեան համաձայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրէին Քահանայապետերը հանդիպում կ՛ունենան Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ, փոխանակելու համար Սուրբ Ծննդեան բարի մաղթանքները։
Սոյն աւանդութիւնը նորոգուեցաւ նաեւ այսօր` երկուշաբթի 22 դեկտեմբեր 2025-ին Առաքելական Պալատի «Օրհնութեան» դահլիճին մէջ, ուր կայացաւ Քահանայապետին ու Հռոմի Քուրիայի անդամներուն միջեւ հանդիպումը, որ հանդիսացաւ նաեւ անցեալ ութը մայիսին ընտրուած Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորանքներու փոխանակումի առաջինը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հռոմի Քուրիայի անդամները եւ Վերատեսչութիւններու պատասխանատուները։
Կարդինալ Ռէյի ողջոյնի խօսքը
Հանդիպման սկիզբը Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսք ուղղեց Կարդինալական Դասի աւագերէց` Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ` որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ անցնող տարուան իրադարձութիւններուն, յիշելով նաեւ հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին մահը ու նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան ձեռնարկները ու մասնաւորապէս Լեւոն ԺԴ. Պապին միութեան, հաշտութեան եւ «զինաթափ ու զինաթափող» խաղաղութեան ի սպաս նուիրումն ու յանձնառութիւնը։ Կարդինալ Ռէն ակնարկեց նաեւ Երիտասարդներու Յոբելեանին, որուն մասնակցեցան 146 երկիներէ աւելի քան մէկ միլիոն երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ Լեւոն ԺԴ Պապին Թուրքիա եւ Լիբանան կատարած առաքելական առաջին միջազգային ճամբորդութեան։
Սեղմէ եւ կարդայ Քահանայապետին պաշտօնական ճառը
Ֆրանչիսկոս Պապին յիշատակը
Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէյի ողջոյնի խօսքին հետեւեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը` որուն սկիզբը Ան յիշելով Սուրբ Ծննդեան պատգամի նորութիւնը` Փրկչին ծնունդը եւ Աստուծոյ մարդեղութիւնը ուրախութիւն յայտնեց իր այս առաջին հանդիպումը ունենալու ներկաներուն հետ ապա յիշեց իր նախորդը Ֆրանչիսկոս Պապը` «որ այս տարուայ ընթացքին աւարտեց իր երկրային կեանքը» ու անոր «Evangelii gaudium» առաքելական նամակին մէջ պարունակուած «մարգարէական ձայնը, հովուական ոճը ու անոր հարուստ Վարդապետութիւնը, որ յատկանշեց Եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը» վերջին տարիներու ընթացքին, որուն միջոցաւ ան «մեզ քաջալերեց մեր կեանքին կեդրոնը դնելու Աստուծոյ ողորմութիւնը, ու աւելի մեծ զարկ տալու աւետարանութեան, ըլլալով ուրախ Եկեղեցի մը, որ հիւրընկալ է բոլորի նկատմամբ եւ ուշադիր է աղքատներուն» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եւ ասկէ մեկնելով շեշտը դրաւ վերոնշեալ առաքելական նամակին մէջ պարունակուած երկու հիմնական երեւոյթներու վրայ որոնք «անհրաժեշտ են Եկեղեցւոյ կեանքին համար. Առաքելութիւն եւ Հաղորդութիւնը»։
Առաքելութիւնը եւ հաղորդութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին հիմնաքարեր
Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ Եկեղեցւոյ միսիոներական բնոյթի մասին, որ կոչուած է աշխարհին տանելու Աստուծոյ սիրոյն բարի լուրը։ Ան գոյութիւն ունի որպէսզի բոլորը հրաւիրէ Տիրոջ սեղանին ու իւրաքանչիւրին բացայայտել տայ թէ սիրուած զաւակ ու եղբայր է։
Միսիոներական դարձ
«Evangelii gaudium»ը ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը Եկեղեցին կը կոչէ միսիոներական շարունակական դարձի մը, որուն համար Յարուցեալ Քրիստոսը մեզ կը հրաւիրէ դէպի դուրս ելլելու ու ընդառաջ երթալու դէպի նոր մարտահրաւէրներ։
Առաքելութիւնը արդարեւ ծնունդ կ՛առնէ Աստուծոյ նախաձեռնութեամբ, որ կու գայ մեր մարդկութեան ընդառաջ, փրկելու համար աշխարհը։
Սուրբ Ծնունդը բացայայտումն է այս առաքելութեան. Որդին աշխարհ կու գայ մեզի կեանք տալու համար եւ Յիսուսին առաքելութիւնը կը շարունակուի Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։
Կառոյցները պէտք է դրուին աւետարանութեան ծառայութեան ի սպաս
«Կառոյցները եւս պէտք է` որ դրուին աւետարանութեան ծառայութեան տակ» նշեց ապա Սրբազան պապը հրաւիրելով Հռոմի Քուրիայի անդամները իրենց կարգին դառնալու միշտ աւելի միսիոներական։
Լեւոն ԺԴ. ապա նշեց թէ Սուրբ Մկրտութեան ուժով բոլոր հաւատացեալները կը մասնակցին Քրիստոսի առաքելութեան աւելցնելով թէ առաքելութիւնը եւ հաղորդութիւնը իրարմէ անբաժան են Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։
Հաշտութիւն եւ եղբայրութիւն
Սուրբ Ծնունդը կը հռչակէ մարդոց միջեւ հաշտութիւնն ու եղբայրութիւնը, նշեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ հաղորդութիւնը մարտահրաւէր մըն է` որ պէտք ապրուի խուսափելով բաժանումներէն, կարծրութենէն ու գաղափարախօսութիւններէն։
Մենք Քրիստոսին Եկեղեցին ենք, անոր անդամները, անոր մարմինը։ Եղբայրներ եւ քոյրեր ենք Իր մէջ։ Քրիստոսին մէջ, հակառակ որ շատ ենք եւ տարբեր, մենք մէկ բան ենք. «In Illo uno unum – Անոր մէջ մէկ ենք» հաստատեց Լեւոն ԺԴ. Պապը մատնանշելով որ կոչուած ենք ըլլալու Քրիստոսի հաղորդութեան կառուցողները, որ մեզմէ կը պահանջէ ըլլալ սիւնհոդոսական Եկեղեցի մը, ուր բոլորը կը համագործակցին միեւնոյն առաքելութեան համար, իւրաքանչիւրը իր խարիզմի եւ ընկալուած դէրին համաձայն» եւ այս մէկը ընելու «գործնական վերաբերմունքով» հեռու մնալով Իշխանութեան իրականացման, գերակայութեան մոլուցքի և սեփական շահերու հետապնդման հետ կապուած որոշ ուժականութիւններէն։
Յարաբերութիւնները թող արտացոլան Քրիստոսին սէրը
Սրբազան Պապը առ այդ հրաւիրեց ապրելու իսկական կապեր հիմնուած վստահութեան, յարգանքի եւ փոխադարձ օգնութեան վրայ, շրջանցելով դիմակները եւ մրցակցութիւնը ու յաղթահարելով վիրաւորանքները, որպէսզի յարաբերութիւնները արտացոլան Քրիստոսին սէրը, որ մեզ եղբայրներ կը դարձնէ։
Այս անձնական դարձը կը դառնայ նաեւ վկայութիւն դէպի դուրս, աշխարհի մը մէջ որ յատկանշուած է բռնութիւններով, հակամարտութիւններով ու նախայարձակումներով, որոնք յաճախ աւելիով մեծցուած են թաւային աշխարհի ու քաղաքականութեան պատճառաւ։
Ազգերու, կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ տիեզերական եղբայրութեան թթխմոր
«Ծնունդը կոչ է խաղաղութեան պարգեւին ու պատասխանատուութեան» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը նշելով` որ Եկեղեցին եւս կանչուած է չփակուելու ինքնիր մէջ, այլ դառնալու ազգերու, կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ տիեզերական եղբայրութեան թթխմոր, ապրելով հաղորդութիւնը։
«Մենք փոքրիկ այգեպարաններ չենք, որոնք մտադիր են խնամել սեփական այգիները, այլ Աստուծոյ արքայութեան աշակերտներ և վկաներն ենք, կոչուած Քրիստոսի մէջ դառնալու ընդհանուր եղբայրութեան խմորիչը՝ տարբեր ժողովուրդների, տարբեր կրօններու, բոլոր լեզուների և մշակոյթներու կանանց և այր մարդոց միջև»։ «Եկէք ապրենք որպէս եղբայրներ և քոյրեր և թոյլ տանք որ հաղորդութեան լոյսը փայլի աշխարհին մէջ» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։
Յոյսի Սուրբ Տարին, Նիկիոյ Ժողովը, Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը
«Առաքելութիւնն ու հաղորդութիւնը կարելի են միայն Քրիստոսը վերստին որպէս կենտրոն դնելով։ Այս տարուան Յոբելեանը մեզի յիշեցուց որ միայն Ինքն է յոյսը, որ չի հիասթափեցներ», ըսաւ հուսկ Քահանայապետը յիշելով նաեւ այս տարի յիշատակուած Նիկիոյ Ժողովը, որ «մեզ կը տանի մեր հաւատքի արմատներուն» եւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովը, որ «ամրապնդեց Եկեղեցին ու զայն մղեց դէպի աշխարհը, ունկնդրելու համար այսօրուայ մարդոց ուրախութիւններն ու յոյսերը, տխրութիւններն ու անձկութիւնները»։
«Evangelii nuntiandi» առաքելական յորդորագիրի յիսուն ամեակը
Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ Պօղոս Զ Պապին «Evangelii nuntiandi» առաքելական յորդորագիրի յիսուն ամեակը, որ նուիրուած է աւետարանութեան ի սպաս յանձնառումին ապա խօսքը աւարտեց մէջբերելով` գերմանացի բողոքական աստուածաբան Տիդրիխ Պոնհովէրի խօսքերը հայող Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին. ««Աստուած չ՛ամչնար մարդու ստորութենէն. Ան կը մտնէ անոր մէջ։ […] Աստուած կը սիրէ կսորուածը, անտեսուածը, աննշանը, բացառուածը, թոյլը և կոտրուածը» եւ ասկէ մեկնելով մաղթեց որ Տէրը բոլոր ներկաներուն եւս պարգեւէ շնորհքը ունենալու իր նոյն ողորմութիւնն ու սէրը` որպէսզի ամէն օր դառնան անոր աշակերտներն ու վկաները»։
«Ի սրտէ շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ բոլորիդ. Թող Տէրը մեզի բերէ իր լոյսը եւ աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն» եղաւ Լեւոն ԺԴ Պապին եզրափակիչ բարեմաղթանքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
