2025.12.13 Figuranti del Prersepio vivente della Basilica di Santa Maria Maggiore

Եղէք յոյսի եւ մխիթարութեան վկաները. Լեւոն ԺԴ. «Կենդանի Մսուրի» մասնակիցներուն

Ճարին աւարտին Քահանայապետը մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսին խօսքերը «Յիսուս մարդեղացաւ, որպէսզի մարդը Աստուածանար...որպէսզի երկիրը բնակող մարդը բնակարան գտնէ երկնքի մէջ»։ «Տարածեցէք այս պատգամը եւ վար պահեցէք այս աւանդութիւնը» խրախուսեց Սրբազան Պապը քաջալերելով զանոնք Սուրբ Ծնունդին լոյսը տարածելու աշխարհին մէջ, որպէս յոյսի աղբիւր ապա բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնները մաղթելով շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 13 դեկտեմբեր 2025 ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը իր օրակարգը սկսաւ Վատիկանի մէջ ընդունելով` «Արեւմուտքի Բեթղեհէմ» համրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի` «Կենդանի Մսուրին» մասնակիցները, ընկերակցութեամբ տաճարի աւագերէց` Կարդինալ Մաքրիքասին եւ այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Ան նշեց, թէ ինչպէս անոնք եկած են տարբեր վայրերէ «Սուրբ Պետրոսի շիրիմին մօտ բերելով հազարաւոր դէմքերու վկայութիւնը, որով դարերէ ի վեր, քրիստոնեայ սերունդներ կը ներկայացնեն «մարդեղութեան Խորհուրդը»», ապա ակնարկեց Սուրբ Ծննդեան աւանդութիւններու հարստութեան, ինչպէս նաեւ Մսուրի հոգեւոր արժէքին, որ ծնունդ առած է Սուրբ Ֆրանչիսկոսի գուշակումէն ` Կրէչչօ գիւղաքաղաքին մէջ` 1223 թուականին։

Գեղեցիկ է ըլլալ մարդ դարձած Աստուծոյ` Յիսուսին աշակերտները

«Այդ ժամանակներէն ի վեր, համայն աշխարհին մէջ տարածուեցաւ Փրկչին Ծնունդը ամենատարբեր ձևերով ներկայացնելու սովորութիւնը, այն Աստուծոյն, որ կու «գայ առանց զէնքի, առանց ուժի [...]՝ մարդու հպարտութիւնը, բռնութիւնը և տիրապետութեան տենչը յաղթահարելու [...] և մեզ մեր իրական ինքնութեան վերադարձնելու համար», ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով Պենետիկտոս ԺԶ Պապին խօսքերը ապա ակնարկեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի` «Admirabile signum» առաքելական նամակին մէջ պարունակուած հրաւէրին` «մսուրին առջեւ մենք մեզ դնելու ենք ուղեւորութեան մէջ, ներքաշուած հեզութենէն Անոր որ մարդ դարձաւ հանդիպելու համար իւրաքանչիւր մարդու»։

«Դուք այդ մէկը պիտի վկայէք այսօր կէսօրէն ետքը, քաղաքի փողոցներով անցնող երթով», ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ Պապը ակնարկելով նաեւ այդ երթի առիթով գործածուած զգեստներուն և երաժշտութեան, որ պիտի ըլլայ ուրախալի նշանը` թէ գեղեցիկ է ըլլալ մարդ դարձած Աստուծոյ` Յիսուսին աշակերտները, «ծագող արեւը ցոլալու համար անոնց վրայ, որոնք նստած են խաւարի և մահուան ստուերի մէջ, և մեր քայլերը առաջնորդելու դէպի խաղաղութեան ճանապարհ» (Ղուկաս 1։79):

Ըլլալ յոյսի ուխտաւորներ

Նորին Սրբութիւնը հուսկ խրախուսեց բոլոր ներկաները ըլլալու Յոյսի ուխտաւորներ, որոնք կարող են մխիթարութիւն տանիլ տառապողներուն ու ներշնչում ըլլալ անոնց համար` որոնք կը փնտռեն կեանքին իմաստը։ Մսուրը, ըսաւ Ան, կարեւոր նշան է, մեզի կը յիշեցնէ որ մաս ենք Փրկութեան գեղեցիկ արկածախնդրութեան, որուն մէջ երբեք միայնակ չենք։

Ճարին աւարտին Քահանայապետը մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսին խօսքերը «Յիսուս մարդեղացաւ, որպէսզի մարդը Աստուածանար...որպէսզի երկիրը բնակող մարդը բնակարան գտնէ երկնքի մէջ»։ «Տարածեցէք այս պատգամը եւ վար պահեցէք այս աւանդութիւնը» խրախուսեց Սրբազան Պապը քաջալերելով զանոնք Սուրբ Ծնունդին լոյսը տարածելու աշխարհին մէջ, որպէս յոյսի աղբիւր ապա բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնները մաղթելով շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2025, 09:28