Առօրեայ կեանքը՝ կարող է դառնալ Աստուծոյ հետ հանդիպման վայր. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Շաբաթ` 13 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց, 33-րդ ներկայացումին հասած, Սուրբ Ծննդեան աւանդական և հեղինակաւոր միջոցառումին մասնակցող արուեստագէտները, որոնք ելոյթ կ՛ունենան այս երեկոյ, Հռոմի «Քոնչիլիացիոնէ» Լսարանէն ներս եւ այս առիթով անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ ողջունեց նախ` համերգը խթանող Տոն Պոսքոյի Առաքելութիւնները ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց` որոնք կազմակերպեցին ու սատարեցին համերգի իրականացումին։
Երաժշտութիւնը կը ծնի առօրեայ կեանքէն
«Այսօր երեկոյեան մենք պիտի ունկնդրենք տարբեր ոլորտներու մէջ ծնունդ առած մեղեդիներ, որոնք կապուած են տարբեր պատմութիւններու, սերունդներու և զգացողութիւններու հետ...» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը, դիտել տալով` որ «Երաժշտութիւնը կը ծնի առօրեայ կեանքէն՝ ուղեկցելով մեր ճանապարհորդութիւններուն, մեր յիշողութիւններուն, մեր պայքարին» եւ .«բաժնեկցուած օրագիր է, որ կը պահպանէ բոլորի զգացմունքները՝ կարօտը, ցանկութիւնը, սպասումը, կորուստը, վերածնունդը, պատմելով մեր ուղեւորութիւնը պարզութեամբ և, միևնոյն ժամանակ, խորութեամբ»։
Սալեզեան միաբանութեան ծրագիրը
«Սուրբ Ծնունդը ի վերջոյ մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուած, ինքզինք բացայայտելու համար, ընտրեց մարդկային շրջանակ։ Ան չ՛ օգտագործեց տպաւորիչ բեմական զարդարանքներ, այլ պարզ տուն մը. Ան հեռուէն չ՛ երևցաւ, այլ մօտեցաւ. Չի մնաց երկնքի անհասանելի վայրին մէջ, այլ հասաւ մեզի` մեր փոքրիկ պատմութիւններուն սիրտը։ Այսպիսով, Ան մեզի կը բացայայտէ, որ առօրեայ կեանքը՝ կարող է դառնալ Անոր հետ հանդիպման վայր» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. եւ ակնարկեց Համերգին ծրագրային նպատակին` այն է աջակցիլ Սալեզեան միաբանութեան Քոնկոյի մէջ դպրոց կառուցելու ծրագիրին, որ կարող պիտի ընկալել 350 մանուկներ։
Երաժշտութիւնը հոգիի վայր
«Այս մէկը եւս կարող է մեզի մտածել տալ մեզի յիշեցնելով որ գեղեցկութիւնը երբ իսկական է, չի մնար փակ ինքնիր մէջ, այլ կը յառաջացնէ պատասխանատու ընտրութիւնները խնամելու համար աշխարհը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով այս պահը ապրելու որպէս ներքին ուխտագնացութիւն եւ մաղթելով` որ Սուրբ Ծննդեան առիթով երաժշտութիւնը դառնայ «հոգիի վայր», ուր սիրտը ձայն կ՛առնէ մօտենալով Աստուծոյ ու մեր մարդկութիւնը դարձնելով միշտ աւելի մօտ անոր սիրոյն։
«Այս է իմ մաղթանքս» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. բոլորին վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները ու մաղթելով յաջող համերգ եւ շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
