Լևոն ԺԴ. Սուրբ Ծննդեան առիթով ամբողջ աշխարհի մէջ առ նուազն 24 ժամ խաղաղութիւն
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Ես անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց՝ գոնէ Փրկչի ծննդեան տօնին օրը յարգելու խաղաղութեան օր մը»։ Լեւոն ԺԴ Պապին կոչն է սա զոր Ան ուղղեց երեքշաբթի 23 դեկտեմբերի երեկոյեան Քասթել Կանտոլֆոյի առաքելական պալատէն վերադարձէն առաջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։
Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմներուն եւ խաղաղութեան հայող հարցումներուն իր տխրութիւնը արտայայտելով Ռուսիոյ կողմէ մերժուած Սուրբ Ծննդեան հրադադարին, որմէ մեկնելով նորոգեց իր կոչը մաղթելով որ առ նուազն 24 ժամուայ համար աշխարհը վայելէ խաղաղութեան օր մը։
Խօսելով ապա Միջին Արեւելքի կացութեան մասին Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Կարդինալ Փիցցապալլայի Կազա կատարած «գեղեցիկ» այցելութեան ու յայտնեց թէ ինք կապ հաստատած է Կազայի Սուրբ Ընտանիք Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութեան հետ։ Անոնք կը ջանան տօնախմբել տօնը շատ փխրուն կացութեան մը մէջ...յուսանք որ խաղաղութեան պայմանագիրը յառաջ ընդանայ» յարեց Սրբազան Պապը։
Քահանայապետին ուղղուած այլ հարցում մը կը վերաբերէր Իլինոյսի մէջ վաւերացուած օժանդակ ինքնասպանութեան մասին օրէնքին, եւ որ ուժի մէջ պիտի մտնէ 2026-ի սեպտեմբերին, որուն նկատմամբ Լեւոն ԺԴ յայտնեց «խոր հիասթափութիւն» նշելով որ ինք հարցը քննարկած էր նաեւ Նահանգի Կառավարիչին հետ, անցեալ նոյեմբերին Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին։ «Ես հիասթափած եմ ասոր համար» ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ հրաւիրեց բոլորը, այս Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով խորհելու մարդկային կեանքի բնութեան ու անոր արժէքի մասին։ Աստուած մարդ դարձաւ մեզի նման մեզի ցոյց տալու համար թէ ինչ կը նշանակէ իսկապէս սիրել մարդկային կեանքը» յարեց Քահանայապետը մաղթելով` որ «կրկին աճի կեանքին նկատմամբ յարգանքը սաղմէն մինչեւ բնական մահ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
