2025.12.05 Partecipanti alla Conferenza "Artificial Intelligence and Care of Our Common Home"

Արհեստական ​​բանականութիւնն օգտագործել անձնական բանականութեան հետ միասին. Լեւոն ԺԴ

Քահանայապետին ճառը «Արհեստական ​​բանականութիւնը և մեր ընդհանուր տան խնամքը» համաժողովի մասնակիցներուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 5 դեկտեմբերի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քինչիսթորօ Դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Արհեստական​​բանականութիւնը և մեր ընդհանուր տան խնամքը» վերտառութեամբ Centesimus Annus Pro Pontifice հիմնադրամի և Կաթողիկէ հետազօտական​​ համալսարաններու ռազմավարական դաշինքի կողմէ կազմակերպուած համաժողովի մասնակիցներուն։

Հանդիպումը կայացաւ նաեւ արհեստական բանականութեան վերաբերեալ հետազօտութեան հրապարակման առիթով որուն մասին արտայայտուելով Քահանայապետը ընդգծեց` թէ ինչպէս արհեստական բանականութեան ի յայտ գալը, արագ վերափոխումի ենթարկեց ընկերութիւնը եւ կը դպչի մարդ անհատ հիմնարար երեւոյթներու վրայ ինչպիսիք են քննադատական ​​մտածողութիւնը, զանազանութիւնը, ուսուցումը և յարաբերութիւնները:

Արհեստական բանականութիւնը ի սպասպ ընդհանուր բարօրութեան

Ասկէ մեկնելով Լեւոն Պապը ուղղեց կենդրոնական հարց. ինչպէ՞ս կարող ենք ապահովել, որ արհեստական ​​բանականութիւնը ծառայէ ընդհանուր բարօրութեան և չմեծցնէ մի քանիներու իշխանութիւնը:

«Այս մէկը, ըսաւ Ան, հրատապ հարց է, քանի որ այս արհեստագիտութիւնը արդեն իսկ գործնական ազդեցութիւն ունի միլիոնաւոր մարդոց կեանքին վրայ՝ ամէն օր, ամբողջ աշխարհին մէջ» եւ ասկէ մեկնելով ակնարկեց Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան, որուն համար մարտահրաւէրը կը պահանջէ հարցադրանք` թէ ինչ կը նշանակէ այսօր մարդկային ըլլալը։

Պէտք չէ լոկ դառնալ արհեստագիտութենէ ստեղծուած բովանդակութիւններու կրաւորական սպառողներ

Մարդիկը կոչուած են ըլլալու ստեղծագործութեան համագործակիցներ՝ օժտուած ազատութեամբ, սիրով և յարաբերուելու ունակութեամբ, եւ ոչ թէ արհեստագիտութենէ ստեղծուած բովանդակութիւններու կրաւորական սպառողներ։ Արհեստական ​​բանականութիւնը կ՛ առաջարկէ նոր ստեղծագործական հնարաւորութիւններ, ան սակայն կը յառաջացնէ նաեւ հարցեր ճշմարտութեան, գեղեցկութեան և խորհրդածելու մեր բացութեան վերաբերեալ, նշեց ի միջի այլոց Քահանայապետը յատուկ մտահոգութիւն արտայայտելով մանուկներու եւ երիտասարդներու վերաբերեալ յատկապէս հայող անոնց ազատութեան, հոգեւորականութեան ու ճանաչողական զարգացումին։

Արհեստական ​​բանականութիւնն օգտագործել անձնական բանականութեան հետ միասին

«Պէտք է օգնել նոր սերունդները հասուննալու, արհեստական ​​բանականութիւնն օգտագործելու անձնական բանականութեան հետ միասին, տուեալներու իմաստը հասկանալու և կեանքի մեծ հարցերուն անդրադառնալու համար» շեշտեց Քահանայապետը հաստատելով որ անոնք աջակցութեան կարիքն ունին, որպէսզի կարողանան կառուցել աւելի լաւ ապագայ և խուսափիլ այն ճակատագրական համոզմունքէն, որ արհեստագիտութեան զարգացումը անխուսափելի է և անվերահսկելի։

Անհրաժեշտ են համակարգուած և պատասխանատու գործողութիւններ

«Մեր երիտասարդներու հետ ապագայ կառուցելու համար անհրաժեշտ է վերականգնել և ամրապնդել անոնց հաւատքը այս արհեստագիտութիւններու զարգացումը որոշելու մարդկային կարողութեան նկատմամբ. Հաւատք, որ այսօր աւելի ու աւելի է կը քայքայուի կաթուածահար ընող գաղափարով, եւ անոր զարգացումը կ՛ ընթանայ անխուսափելի ուղիով» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը արհեստական ​​բանականութիւնը դէպի ընդհանուր բարօրութիւն ուղղորդելու համար անհրաժեշտ նկատելով քաղաքական գործիչներու, հաստատութիւններու, ընկերութիւններու, տնտեսութեան, կրթութեան, հաղորդակցութեան, քաղաքացիներու և կրօնական համայնքներու համակարգուած և պատասխանատու գործողութիւններ։

«Միայն բոլոր ձայներու, նոյնիսկ ամենախոնարհներու մասնակցութիւնը կարող է ապահովել այս գործընթացը» հաստատեց ապա Սրբազան Քահանայապետը այս ուղղութեամբ արժէքաւոր ներդրում համարելով «Centesimus-SACRU-ի» հետազօտական աշխատանքի հրապարակումը։

Սրբազան Պապը ճառը աւարտեց քաջալերելով բոլոր ներկաները «ստեղծագործութեամբ» շարունակելու իրենց ընթացքը Սուրբ Գրութիւններու եւ Վարդապետութեան լոյսին ներքոյ, բոլորը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին եւ անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2025, 12:09