Որոնել

2025.12.29 Membri dell'Associazione Nazionale Comuni Italiani

Քաղաքական գործիչները կոչուած են խթանելու ընկերային խաղաղութիւնը․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետն այսօր ընդունեց Իտալիոյ Քաղաքապետարաններու Ազգային Ընկերակցութեան անդամները, որոնց ուղղած պատգամին մէջ շօշափեց իտալական հասարակութեան հայող կարեւոր մարտահրաւէրները՝ Ժողովրդագրական ճգնաժամը, խաղամոլութիւնը, ծերերու միայնութիւնը, ընկճախտը, մշակութային եւ հոգեւոր աղքատութիւնը եւ ընկերային սովածութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 29 Դեկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետն ընդունեց Իտալիոյ Քաղաքապետարաններու Ազգային Ընկերակցութեան (ANCI-Associazione Nazionale dei Comuni Italiani) անդամները։

Իշխանութիւնը պէտք է մարմնաւորէ խոնարհութեան, ազնւութեան եւ բաժնեկցութեան առաքինութիւնները

«Տիրոջ ծնունդը կը բացայայտէ` թէ պատասխանատուութիւնը եւ ծառայութիւնը ամէն տեսակ իշխանութեան ամէնէ իսկական կողմերն են», եւ ասոնք մարմնաւորելու համար «անհրաժեշտ են խոնարհութեան, ազնւութեան եւ բաժնեկցութեան առաքինութիւնները», նշեց Պապը՝ այս առիթով ուղղած իր պատգամին սկիզբը։ Ուստի, Սուրբ Ծննդեան շրջանակէն, ինչպէս նաեւ յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուայ Յոբելեանի ծիրէն ներս, զոր կը մօտենայ իր աւարտին, Պապը ակնարկեց իտալական հասարակութեան շարք մը զգայուն հարցերու։

Ժողովրդագրական ճգնաժամը, ընտանիքներու ու երիտասարդներու հոգերը, ծերերու առանձնութիւնը, աղքատներուն ճիչը

Ան, նախ եւ առաջ, անդրադարձաւ ժողովրդագրական ճգնաժամին, ընտանիքներու ու երիտասարդներու հոգերուն, ծերերու միայնութեան, աղքատներուն․ «Մինչ պատասխաններ կը փնտռէք քաջատեղեակ էք, որ մեր քաղաքները անանուն վայրեր չեն, այլ դէմքեր եւ պատմութիւններ են, որոնք պէտք է պահպանուին ինչպէս թանկարժէք գանձեր»։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց Ֆիրենցէ քաղաքի երբեմնի քաղաքապետ եւ աղքատներու ու բացառուածներու վեհանձն պաշտպան, Երանելի Ճորճօ Լա Փիրայի խօսքերը, որ Ֆիրենցէի համայնքապետերուն ուղղած իր ճառին մէջ հաստատած էր` թէ տառապողի նկատմամբ, յստակ պարտականութիւն ունի՝ «միջամտել ամէն կերպով, բոլոր այն միջոցներով, որոնք սէրը կ’առաջարկէ եւ օրէնքը կը նախատեսէ՝ այդ տառապանքը կամ նուազեցնելու կամ ալ մեղմացնելու համար։ Վարքագծի այլ մէկ կանոն չկայ քաղաքապետի համար եւ մասնաւորապէս քրիստոնեայ քաղաքապետի համար ։ (Գրութիւններ, VI, էջ 83)։

Մեկուսացման, բռնութեան եւ միայնութեան տարբեր ձեւերը՝ յոյսի մեծ կարիք ունենալու նշաններ

Լեւոն ԺԴ․ին կողմէ ընդգծուած միւս խնդիրը վերաբերեցաւ մեկուսացման, բռնութեան եւ միայնութեան տարբեր ձեւերուն, որոնցմէ կը տառապին շատեր, զոր օրինակ խաղամոլութիւնը, որ կը կործանէ բազմաթիւ ընտանիքներ, եւ որ, ըստ վիճակագրական տուեալներու Իտալիոյ մէջ վերջին տարիներուն կտրուկ աճ գրանցած է, կամ ալ «հոգեկան խանգարումներու տարբեր դրսեւորումները՝ ընկճախտը, մշակութային եւ հոգեւոր աղքատութիւնը եւ ընկերային մեկուսացումը։ Այս բոլորը, նկատեց Պապը, նշաններ են, որոնք կը մատնանշեն յոյսի մեծ կարիքը եւ այդ մէկը վկայելու համար «քաղաքական գործիչները կոչուած են ստեղծել իրապէս մարդկային յարաբերութիւններ քաղաքացիներու միջեւ՝ խթանելով ընկերային խաղաղութիւնը»։

Միասին ծրագրել լաւագոյն ապագայ քաղաքներու մէջ

Առ այդ, Սրբազան Քահանայապետը յիշեց ժողովուրդի հանդէպ ուշադիր քահանայ՝ Հայր Փրիմօ Մացցոլարիին բառերը առ այն, որ «Երկիրը միայն կարիքը չունի` կոյուղիներու, տուներու, ջրատարերու եւ մայթերու։ Երկիրը նաեւ կարիք ունի զգալու, ապրելու, մէկը միւսին նայելու, եղբայրանալու միջոցի մը» (2006)։ Վարչական գործունէութիւնը այդ կերպ կը գտնէ իր առաւելագոյն բաւարարումը, քանի որ կ’աճեցնէ մարդկանց տաղանդները՝ քաղաքներուն հաղորդելով մշակութային եւ հոգեւոր խորութիւն, յարեց վերջապէս Սրբազան Հայրը եւ յորդորեց մարդոց յոյս պարգեւելու քաջութիւնը ունենալ՝ միասին ծրագրելով լաւագոյն ապագայ քաղաքներու մէջ ՝ ամբողջական մարդկային զարգացման ոգիով։

Աւարտին Լեւոն ԺԴ․ օրհնեց բոլոր ներկաները ու անոնց ընտանիքները եւ իր լաւագոյն մաղթանքները յղեց Նոր Տարուայ առթիւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2026, 11:15