Աստուծոյ խաղաղութիւնը կը ծնի դիւրաբեկութենէն. Լեւոն ԺԴ. Պապին Սուրբ Ծննդեան պատարագի քարոզը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հինգշաբթի` 25 դեկտեմբեր 2025-ին` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գրեթէ երեսուն տարիներ ետք տեղի ունեցաւ Քահանայապետի մը գլխաւորութեամբ Սուրբ Ծննդեան պատարագ, զոր մատուցեց Լեւոն ԺԴ.ը։ Արդարեւ վերջին Քահանայապետը որ պատարագ մատուցած էր Սուրբ Ծննդեան օրը` 25 դեկտեմբերին, եղած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. 1994-ին, որմէ ետքը պատարագը մատուցած են կարդինալներ ապա Պենետիկտոս ԺԶ-ի եւ Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան շրջաններու ընթացքին պատարագներ չեն կատարուած եւ անոնք գլխաւորած են միայն «Ուրպի էթ Օրպի» Հռոմ քաղաքի եւ աշխարհին ուղղուած պատգամներն ու օրհնութիւնը։ Լեւոն ԺԴ. ուզեց վերահաստատել այս սովորութիւնը։
Մանուկ Յիսուսին մէջ յայտնուած Աստուծոյ Խաղաղութիւնը
Սուրբ Ծննդեան տօնին նուիրուած Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Քահանայապետը կեդրոնացաւ Աստուծոյ խաղաղութեան վրայ` որ կը յայտնուի Յիսուս Մանուկի դիւրաբեկութեան մէջ։ Ան նշեց` որ Սուրբ Ծնունդը մեզ կը հրաւիրէ ճանչնալու եւ ընկալելու խաղաղութեան պարգեւը, որ արդեն իսկ ներկայ է մեր մէջ, ինչպէս զայն կը հռչակէ Եսայի մարգարէն։
Աստուածային խաղաղութիւնը արդարեւ կը յայտնուի մարդեղացած Բանին մէջ, որ կու գայ առանց խօսելու, նման լացող մանուկի մը, որ մեզ կը հրաւիրէ խնամք տանելու միւսներուն ու զանոնք ընկալելու։
Շատ մը եղբայրներ և քոյրեր, զուրկ են իրենց արժանապատւութենէն և մատնուած են լռութեան
«Աստուծոյ Բանը կը յայտնուի և կարող չէ խօսելու. Ան մեզի մօտ կու գայ որպէս նորածին մանուկ, որ պարզապէս կու լայ եւ կ՛ողբայ։ «Ան մարմին դարձաւ» (Հովհ. 1:14), թէեւ օր մը պիտի մեծնայ եւ իր ժողովրդի լեզուն պիտի սորվի, այժմ մեզի խօսողը անոր պարզ, փխրուն ներկայութիւնն է։ «Մարմինը» արմատականմերկութիւնն է, որ Բեթղեհէմի մէջ և Գողգոթայի վրայ զուրկ է նոյնիսկ խօսքի ուժէն. Այնպէս ինչպէս շատ մը եղբայրներ և քոյրեր, զուրկ են իրենց արժանապատւութենէն և մատնուած են լռութեան։ Մարդկային մարմինը կը պահանջէ խնամք եւ ընկալում. Կը փնտռէ քնքշութեան ունակ ձեռքեր և լսելու պատրաստ մտքեր, կը ցանկանայ բարի խօսքեր» ըսաւ Քահանայապետը։
Տէրը մեզի մօտիկ կը դառնայ դիւրաբեկութեան իրավիճակներուն մէջ
Այս խաղաղութեան ուժը կը գտնուի միւսներուն տառապանքն ու ցաւը ընդունելուն մէջ, ունկնդրելով աւելիով տկարներուն լացը, դիտել տուաւ ապա Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը` որ հաստատած էր թէ «Յիսուս կ՜ուզէ` որ մենք իրեն դպչինք մարդկային դիւրաբեկութեան եւ թշուառութեան մէջ....»։ Սուրբ Ծնունդը արդարեւ մեզի կը յիշեցնէ, որ Տէրը մեզի մօտիկ կը դառնայ դիւրաբեկութեան իրավիճակներուն մէջ, ու մօտիկ կը դառնայ յատկապէս գաղթականներուն, փախստականներուն ու պատերազմի զոհերուն մէջ, եւ մեզ կը հրաւիրէ քնքշութեան եւ կարեկցութեան պատասխան մը տալու։
Կազայի վրանները եւ պատերազմէ յօշոտուած անպաշտպան ժողովուրդները
«Մարմին դարձած Բանը մեր մէջ հաստատեց իր դիւրաբեկ վրանը...ինչպէս չի մտաբերել Կազայի վրանները որ շաբաթներէ իր վեր կը դիմակայեն անձրեւը, մրրիկն ու ցուրտը, ու բազմաթիւ գաղթականներու եւ փախստականներու վրանները» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ հազարաւոր տնանկներուն ու պատերազմէ յօշոտուած անպաշտպան ժողովուրդներուն, երիտասարդներուն` որոնք ստիպուած են զէնքը առնել իրենց ձեռքը ու ճակատին վրայ կը հասկնան թէ որքան անիմաստ է իրենցմէ պահանջուածը ... »։
Աստուծոյ խաղաղութիւնը կը ծնի ընկալուած աղաղակէն, լսուած լացէն
«Երբ ուրիշներու դիւրաբեկութիւնը կը թափանցէ մեր սրտերուն մէջ, երբ անոնց ցաւը կը կոտրէ մեր ժայռի պէս անսասան վստահութիւնները, այդ ժամանակ արդեն կը սկսի խաղաղութիւնը։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը կը ծնի ընկալուած աղաղակէն, լսուած լացէն. ան կը ծնի աւերակներու մէջ, որոնք կը կոչեն նոր համերաշխութեան, կը ծնի երազներէն և տեսիլքներէն, որոնք, ինչպէս մարգարէութիւնները, կը շրջեն պատմութեան ընթացքը» հաստատեց ապա Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով որ մարդեղութեան խորհուրդը մեզ կը հարցաքննէ եւ թէ Աստուծոյ Խօսքը աղբիւր է կեանքի եւ իմաստի, ու մեզ կը կոչէ շարունակական դարձի մը, յաղթահարելով խաւարին դիմադրութիւնները ու խթանելով միսիոներական Եկեղեցի մը` որ երկխօսութեան մէջ է եւ կը մօտենայ միւսին։
Ամէն բան ծնունդ կ՜առնէ ընկալուած կեանքի լռելեան զօրութենէն
«Խաղաղութեան ճանապարհը կ՛ անցնի լսելու և կիսելու ընդմէջէն ինչպէս կ՛ընէ Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ Եկեղեցւոյ Մայրը և աւետարանութեան Աստղը, Անոր մէջ մենք կարող ենք հասկնալ թէ ոչ մէկ բան կը ծնի ուժի դրսեւորումով ու թէ ամէն բան ծնունդ կ՜առնէ ընկալուած կեանքի լռելեան զօրութենէն» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եզրափակելով իր քարոզը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
