Յիսուսէն սորվիլ պարզութեան ու խոնարհութեան ոճը եւ այդ մէկը միասին դարձնել Եկեղեցւոյ ոճ․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Երկուշաբթի՝ 22 Դեկտեմբերին, Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ․ դահլիճէն ներս ընդունեց Հռոմէական Քուրիայի, Վատիկան Քաղաք Պետութեան կառավարութեան եւ Հռոմի թեմի աշխատակիցները՝ իրենց ընտանիքներուն հետ միասին։
«Այսօր աշխատանքի մասին խօսելու առիթ չէ, բայց կ’ուզեմ օգտուիլ այս հնարաւորութենէն շնորհակալութիւն յայտնելու ձեզմէ իւրաքանչիւրին՝ կատարած աշխատանքի համար», ըսաւ Պապը ներկաներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը եւ ուրախութիւն յայտնեց իր Քահանայապետութեան օրօք անոնց բոլորի հետ այդ առաջին հանդիպումին համար։
«Սկսած եմ ճանչնալ Վատիկանը որպէս գրասենեակներու ու ծառայութիւններու հսկայական խճանկար»՝ շարունակեց Ան՝ յոյս յայտնելով այցելել բոլորին նաեւ աշխատանքային միջավայրերէն ներս։
Առօրեայ զբաղմունքները Աստուծոյ ծրագիրին մէջ ձեռք կը բերեն իրենց լիարժէք իմաստը
Նորին Սրբութիւնը, ապա, յղում կատարեց Պօղոս Զ․ դահլիճին մէջ զետեղուած Մսուրին՝ նուիրաբերուած Քոսթա Ռիքայէն եւ նկատել տուաւ, որ Սուրբ Ծննդեան տեսարանին մէջ «ժողովրդական երեւակայութիւնը յաճախ ներառած է բազմաթիւ կերպարներ առօրեայ կեանքէն, ուր, Աւետարանի գլխաւոր կերպարներէն զատ, կարելի է տեսնել տարբեր մասնագիտութիւններ ներկայացնող տեսարաններ՝ դարբին, հիւրանոցատէր, լուացքատուն, դանակ աղաց եւ այլն», «որոնք կարծես մեզի կը յիշեցնեն, որ բոլոր մեր գործողութիւնները, մեր առօրեայ զբաղմունքները Աստուծոյ ծրագիրին մէջ ձեռք կը բերեն իրենց լիարժէք իմաստը, որուն կեդրոնը Յիսուս Քրիստոսն է» ըսաւ Ան։
Աստուած գովաբանելու լաւագոյն եղանակը կը կայանայ մեր առջեւ դրուած առաջադրանքները լաւագոյնս կատարելու մէջ
«Մանուկ Յիսուս կ’օրհնէ ամէն բան եւ ամէնքը։ Անոր պարզ եւ խոնարհ ներկայութիւնը Աստուծոյ քնքշութիւնը կը տարածէ ամէնուրեք» եւ «մինչ Մարիամն ու Յովսէփը կ’երկրպագեն Մանկան, իսկ հովիւները զարմանքով Անոր կը մօտենան, միւս կերպարները զբաղած են իրենց առօրեայ գործերով»։
«Կը սիրեմ մտածել, որ նոյնը մեզի կը վերաբերի աշխատանքային օրերուն», աւելցուց Լեւոն ԺԴ․՝ ընդգծելով, որ Աստուած գովաբանելու լաւագոյն եղանակը մեր առջեւ դրուած առաջադրանքները լաւագոյնս կատարելու մէջ է եւ, աշխարհականներու համար, ընտանիքի ու զաւակներու նկատմամբ սէր տածելու մէջ է, որ կը նշանակէ փառք տալ Աստուծոյ։
Աղօթք՝ տարեցներու եւ հիւանդներու համար
Պատգամի աւարտին Լեւոն ԺԴ․ յորդորեց Յիսուսէն սորվիլ պարզութեան ու խոնարհութեան ոճը եւ այդ մէկը միասին դարձնել Եկեղեցւոյ ոճ։ Ապա ներկաներէն խնդրեց՝ իր ողջոյնները փոխանցել նաեւ ընտանիքներու բոլոր անդամներուն՝ ի մասնաւորի տարեցներուն ու հիւանդներուն․ «անոնց ըսէք, որ Քահանայապետը կ’աղօթէ ձեզի համար», յարեց Ան․ եւ բոլորին մաղթեց Յիսուսի պարգեւած ուրախութեան եւ անդորրութեան մէջ Սուրբ Ծնունդ մը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
