Լեւոն ԺԴ. Հանդիպեցաւ Ռոպերթօ Պէնիյնիի հետ։ «Գեղեցիկ է քու Պետրոսդ, կը խօսի սիրոյ մասին»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 4 դեկտեմբերին, յետմիջօրէին, Առաքելական Պալատին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը հանդիպեցաւ Իտալացի դերասան Ռոպերթօ Պէնիյնիի հետ։
Քահանայապետը կարողացաւ դիտել Պէնիյնի «Պետրոս, հովի մէջ մարդ մը» տեսագրութեան որոշ հատուածներ, որ պիտի ցուցադրուի «Rai1» Հեռուստակայանէն՝ 10 դեկտեմբերին։ Տեսանիւթը այսօր առաւօտեան ցուցադրուեցաւ համաշխարհային նախադիտումով Հռոմի MAXXI Թանգարանին մէջ։ Դերասան Պէնինյիի նոր գործին ցուցադրութիւնէն ետք, Քահանայապետը բացականչեց. «Ի՜նչ գեղեցիկ է, կը խօսի սիրոյ մասին»։
Հանդիպումի ընթացքին Քահանայապետը եւ Իտալացի դերասանը խօսեցան շարժապատկերի մասին, «Կեանքը Գեղեցիկ Է» ֆիլմին մասին, որուն համար Պէնիյին Օսքար մրցանակ շահեցաւ 1999-ին ու որ Պապը վերջերս յայտարարեց իր չորս սիրած ֆիլմերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ամերիկացի ռեժիսոր Ֆրանք Քափրայի Սուրբ Ծննդեան ֆիլմին՝ «Կեանքը Հրաշալի Է»-ին մասին։ Պապն ու Պէնիյնին նաեւ զրուցեցին Սուրբ Պետրոսի կեանքին, Տանթէի եւ Սուրբ Օգոստինոսի մասին, «Աստուածային Կատակերգութիւն»-ի եւ «Խոստովանութիւններ»-ի մասին, որոնք Իփփոնայի Եպիսկոպոսին ամենահռչակաւոր գիրքն է։
Հանդիպումի մասնակցեցան նաեւ Հաղորդակգութեան Վերատեսչութեան Վերատեսչուչ Փաուլօ Ռուֆինի, Vatican Media-ի Տնօրէն Սթեֆանօ Տ’Ագոստինի. Rai-ի Գործադիր Տնօրէն Ճիամփաոլօ Ռոսսի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
