VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

Անարատ Յղութեան տօնի նուիրուած Լեւոն ԺԴ. Մարեմեան աղօթքը. Տիամօր բարեխօսութեան յանձնենք մեր խաղաղութեան ի սպաս անդադար աղօթքը

«Սիրելիներ մեծ է Անարատ Յղութեան պարգեւը ու մեծ է նաեւ Մկրտութիւնը։ Հիանալի է Տիրոջ Մօր «այոն» բայց մերն ալ կարող է ըլլալ նոյնը, ու կը նորոգուի ամէն օր հաւատարմութեամբ, հեզութեամբ ու հետեւողականութեամբ, աղօթքով ու սիրոյ շօշափելի արարքներով...որպէսզի Յիսուս` ճանչցուի, ընկալուի եւ սիրուի ամենուրէք ու բոլորին շնորհուի անոր փրկութիւնը»։ Կէսօրէն ետք Քահանայապետը կ՛ այցելէ Փիացցա Տի Սպանիա հրապարակ մեծարելու Սուրբ Կոյս Մարիամ Անարատ Յղացեալը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 8 դեկտեմբերին ըստ լատինաց տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ անարատ յղութեան։ Արդարեւ 1854 թուականի դեկտեմբերի 8-ին Պիոս Թ. Պապը «Ineffabilis Deus» առաքելական սահմանադրութեամբ հռչակեց Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան Վարդապետութիւնը։ Հայոց Եկեղեցին սոյն տօնը կը յիշատակէ վաղը` ինը դեկտեմբերին։

Յիշարժան թուականներ

Վատիկանի մէջ այս օր ունի յատուկ նշանակութիւն եւ այս տարի յատուկ կերպով կը յիշատակուի նաեւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի աւարտի վաթսուն ամեակը, իսկ տասը տարիներ առաջ Հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը ճիշտ 8 դեկտեմբերին բացումը կը կատարէր Ողորմութեան նուիրուած Յոբելենական արտակարգ սուրբ տարուան, մինչ 8 դեկտեմբեր 1975-ին Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետը կը հրատարակէր իր 12րդ առաքելական յորդորագիրը նուիրուած Աւետարանի հռչակումին։

Այսօր կը յիշատակուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի «Patris corde» առաքելական նամակի հինգերորդ տարեդարձը։ Նամակը նուիրուած էր Սուրբ Յովսէփին Տիեզերական Եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբ հռչակելու 150-ամեակին` (8 դեկտեմբերի, 2020թ.)։

Մարեմեան աղօթքը եւ Սպանիա հրապարակ այցը

Այս հանդիսաւոր օրուան առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը առաւօտեան գլխաւորեց Մարեմեան աղօթքը իսկ կէսօրէն ետքը աւանդութեան համաձայն կ՛ այցելէ Հռոմի Փիացցա Տի Սպանեայ հրապարակը, այնտեղ մեծարելով Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան նուիրուած արձանը, ու անոր ոտքին բարձրացնելով աղերսական աղօթք։ Այս կը հանդիսանայ Անոր Քահանայապետութեան առաջին այցը` Փիացցա տի Սպանիա հրապարակ։

Անարատ Յղութեան տօնին օրը, Լեւոն ԺԴ Պապը ժամը 12-ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան խորհուրդին վրայ։

Մարիամի «այո»ն

«Տէրը, ըսաւ Քահանայապետը, Մարիամին շնորհեց ամբողջովին անարատ սրտի մը արտակարգ շնորհքը, ի պատրաստութիւն աւելի մեծ հրաշքին` Փրկիչ Քրիստոսին աշխարհ գալը (հմմտ. Lc 1,31-33)»։ Ասկէ մեկնելով Ան ակնարկեց հրեշտակի կողմէ Աւետումի դէպքին եւ Սուրբ Կոյս Մարիամին «այո»ին «Ահաւասիկ ես աղախինն եմ Տիրոջ, թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն»։

Մարիամ հաւատաց եւ անոր մէջ այդ հաւատքը իրականացաւ

Այս խօսքերը մեկնաբանելով Սուրբ Օգոստինոսը կ՛ըսէ որ «Մարիամ հաւատաց եւ անոր մէջ այդ հաւատքը իրականացաւ»։ Նազարէթի աղջկայ մէջ լիութեան շնորհքի պարգևը կարողացաւ պտուղ տալ, քանի որ ան իր ազատութեան մէջ ընդունեց զայն՝ ընդունելով Աստուծոյ ծրագիրը։ Տէրը միշտ այսպէս կը գործէ։ Ան մեզի մեծ պարգևներ կու տայ, բայց մեզի ազատ կը թողու զանոնք ընդունելու կամ մերժելու հարցին մէջ։ Այս պատճառաւ Սուրբ Օգոստինոս կ՛ աւելցնէ. «Եկէք մենք ալ հաւատանք, որպէսզի [անոր] մէջ կատարուածը մեզի ալ օգուտ բերէ»։ Այսպիսով, այս տօնը, որ մեզ կ՛ ուրախացնէ Աստուածածնայ անթերի գեղեցկութեամբ, մեզ կը հրաւիրէ նաեւ հաւատալու, ինչպէս ան հաւատաց՝ մեր վեհանձն համաձայնութիւնը տալով այն առաքելութեան, որուն Տէրը մեզ կը կոչէ»։

Համագործակցինք վերափոխելու համար աշխարհը

Մարիամին համար հրաշքը պատահեցաւ յղացման ժամանակ ու մեզի համար կը նորոգուի Մկրտութեան մէջ եւ Մարիամի նման, որ յատուկ շնորհքով կարողացաւ ընկալել Յիսուսը իր մէջ, զայն նուիրելով մարդկութեան, մեզի համար Մկրտութիւնը թոյլ կու տայ, որ Քրիստոս ապրի մեր մէջ ու մեզի թոյլ կու տայ ապրելու միացած անոր հետ, որպէսզի Եկեղեցւոյ մէջ համագործակցինք, իւրաքանչիւրը իր պայմաններու համաձայն, վերափոխելու համար աշխարհը» (Ֆրանչիսկոս, Քրիստոնէական, 11 ապրիլ 2018), ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ.։

«Սիրելիներ մեծ է Անարատ Յղութեան պարգեւը ու մեծ է նաեւ Մկրտութիւնը։ Հիանալի է Տիրոջ Մօր «այոն» բայց մերն ալ կարող է ըլլալ նոյնը, ու կը նորոգուի ամէն օր հաւատարմութեամբ, հեզութեամբ ու հետեւողականութեամբ. Աղօթքով ու սիրոյ շօշափելի արարքներով...որպէսզի Յիսուս` ճանչցուի, ընկալուի եւ սիրուի ամենուրէք ու բոլորին շնորհուի անոր փրկութիւնը» յարեց Քահանայապետը ու հրաւիրեց հաւատացեալները «Այսօր` Անարատ Յղութեան բարեխօսութեամբ, այդ մէկը հայցելու Հօրմէն», մինչ, ըսաւ Ան «կ՛աղօթենք միասին նոյն բառերով որ Տիրամայրը հաւատաց որպէս առաջին»։

Ժամադրութիւն Փիացցա Տի Սպանիա

Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Մարեմեան աղօթքին մասնակցող տարբեր վայրերէն եւ երկիներէն ժամանած հաւատացեալները ապա բոլորին ժամադրութիւն տուաւ հանդիպելու Փիացցա Տի Սպանիա` «ուր ըսաւ Ան պիտի երթամ Անարատ Յղութեան Տիրամօր աւանդական մեծարանքին համար»։

«Անոր բարեխօսութեան յանձնենք մեր խաղաղութեան ի սպաս անդադար աղօթքը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը բոլորին մաղթելով «խաղաղ տօնակատարութիւն մը, մեր երկնային Մօր լոյսին մէջ»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2025, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >