Սուրբ Ստեփանոսը աջակից ըլլայ իրենց հաւատքին համար տառապող քրիստոնեաներուն. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 26 դեկտեմբեր 2025-ի կէսօրին, Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին առիթով իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով հրապարակ գտնուող հազարաւոր հաւատացեալներուն նորոգեց «Տիրոջ Ծննդեան լոյսին ներքոյ խաղաղութեան եւ անդորրութեան» իր սրտի մաղթանքները։
Ան ապա ողջունեց Հռոմէն ու բազմաթեւ երկիրներէն ժամանած ուխտաւորները հուսկ հրաւիրեց Նախավկայ Սուրբ Ստեփանոսի յիշողութեամբ, հայցելու անոր բարեխօսութիւնը, «որպէսզի աւելի զօրեղ դարձնէ մեր հաւատքը ու աջակից ըլլայ այն հասարակութիւններուն, որոնք աւելիով կը տառապին իրենց քրիստոնէական վկայութեան համար» ըսաւ Ան։
«Անոր հեզութեան, քաջութեան ու ներումի տիպարը առաջնորդէ անոնք` որոնք յանձնառու են հակամարտութեան իրավիճակներու մէջ, որպէսզի խթանեն երկխօսութիւնը, հաշտութիւնը եւ խաղաղութիւնը» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. եւ ողջոյնի խօսքը աւարտեց դարձեալ բոլորին մաղթելով բարի տօնական օր մը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
