Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Յոյս, Երկխօսութիւն եւ ուշադրութիւն դարձնել խօսքին՝ դիւանագիտութեան հիմնաքարեր». Լեւոն ԺԴ.-ի պատգամը Իտալական դիւանագիտութեան Յոբելեանին առթիւ

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդգծեց, որ յոյսը եւ իսկական երկխօսութիւնը դիւանագիտական առաքելութեան հիմնաքարերն են, քանի որ միայն անկեղծութեամբ տրուած խօսքը կրնայ հակադրուիլ վիրաւորանքին եւ կեղծաւորութեան, որոնք պատերազմի զէնքերն են։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 13 դեկտեմբերին, Յոյսի յոբելենական տարուան ծիրէն ներս իրենց ուխտագնացութիւնը կատարող Իտալական դիւանագիտական Յոբելեանի մասնակցիներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը խօսքը կեդրոնացուց դիւանագիտական ծառայութեան ծիրէն ներս յոյսի եւ իսկական երկխօսութեան հիմնական դերին վրայ, շեշտը դնելով խօսքին ուշադրութիւն դարձնելու վրայ՝ որպէս խաղաղութեան միջոց։

Յոյսը դիւանագիտական շարժիչ ուժը

Նորին Սրբութիւնը յոյսը սահմանեց, ոչ թէ որպէս խառնակ ցանկութիւն, այլ որպէս յամառօրէն բարիի եւ արդարութեան ձգտող կամք, ընդգծելով որ դիւանագիտութեան մէջ միայն անոնք որոնք իսկապէս յոյս ունին միշտ կը փնտռեն եւ կը պաշտպանեն կողմերուն միջեւ եղած երկխօսութիւնը, վստահելով փոխադարձ հասկացողութեան։

Երկխօսութեան եւ խօսքի դաստիարակութիւնը

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Մայրենի լեզուն կը միացնէ ժողովուրդը, արտայայտելով անոր մշակոյթն ու արժէքները։ Բազմազգ միջավայրի մը մէջ երկխօսութեան խնամքը եւ միջ մշակութային հասկացողութիւնը էական են ընդունելութեան եւ եղբայրութեան համար։

Անկեղծութիւն եւ Համապատասխանութիւն

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ անձ մը «խօսքի մարդ» է երբ խօսքը կը պահէ հաստատակամութեամբ եւ հաւատարմութեամբ, եւ համապատասխան է իր ըսած խօսքին։ Տրուած խօսքը ցոյց կու տայ ըսող անձին արժէքը։
Թէ՛ իսկական քրիստոնեայ ըլլալը եւ թէ՛ ազնիւ քաղաքացի ըլլալը կը պահանջէ կիսել բառարան մը, որ ամէն բան կ՝ըսէ այնպէս ինչպէս որ են առանց երկդիմութեան։

Վիրաւորուած միջազգային շրջանակի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդգծեց, որ երկխօսութեան հակառակը՝ լռութիւնը չէ, այլ վիրաւորանքը։ Լռութիւնը կը բանայ դուռը լսելու եւ ընդունելու դիմացինի ձայնը, մինչ նախատինքը բանաւոր յարձակում է, խօսքերով պատերազմ մը, որ կը զինուի սուտերով, քարոզչութեամբ եւ կեղծաւորութեամբ։

Զինաթափել Խօսքերը

Նուիրումը կը կայանայ յայտարարութիւններն ու խօսքերը զինաթափելու մէջ, խնամելով ոչ միայն անոնց գեղեցկութիւնն ու ճշգրտութիւնը, այլեւ անոր անկեղծութիւնն ու խոհեմութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով դիւանագէտները օգտագործելու բարիք բերող խօսքեր, փոխ համաձայնութիւն կառուցող խօսքեր, սխալները շտկող եւ նախատինքները ներող խօսքեր։ Ան որ կը յոգնի երկխօսելէ կը յոգնի խաղաղութեան յոյսն ունենալ է։

Լեւոն ԺԴ. Պապը եզրափակեց իր խօսքը յիշելով Սուրբ Պօղոս Զ-ի՝ վաթսուն տարի առաջ Միացեալ Ազգերուն ժողովին ուղղած կոչը։ «Ո՛չ երբեք պատերազմ, Ո՛չ երբեք պատերազմ։ Խաղաղութիւնը պէտք է առաջնորդէ ժողովուրդներուն եւ ամբողջ մարդկութեան ճակատագիրը...»։ Խաղաղութիւնը այն պարտականութիւնն է, որ կը միացնէ մարդկութիւնը արդարութեան որոնումին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը դիւանագէտները քաջալերեց ըլլալու երկխօսութեան մարդիկ եւ կիներ, իմաստուն՝ ժամանակներու նշանները կարդալու մէջ՝ քրիստոնէական մարդկայնութեան համաձայն, որ կը հիմնաւորէ Իտալական եւ Եւրոպական մշակոյթը, ճշմարիտ խաղաղութիւնը պահպանելու եւ յառաջ տանելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2025, 10:23