Քահանայապետը կը մասնակցի «Աղքատներուն հետ Համերգին»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 6 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 5,30-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեամբ կը կայանայ «Համերգ աղքատներու հետ» ձեռնարկի վեցերորդ փուլը: Անվճար` միջոցառում որ կը միացնէ գեղարուեստական գեղեցկութիւնն ու զօրակցութիւնը հանդիպման և բաժնեկցութեան հոգիով:
Քահանայապետին համերգի մը առաջին մասնակցութիւնը
Իր Քահանայապետութեան սկզբէն ի վեր այս առաջին անգամն է` որ Լևոն ԺԴ-ը կը մասնակցի հանրային համերգի մը` Պօղոս Զ դահլիճին մէջ, և միշտ առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը կը մասնակցի «Համերգ աղքատներու հետ» ձեռնարկին, անոր տալով արտակարգ կարեւորութեամբ խորհրդանշական և հովուական արժէք։
Համերգի աստղ Մայքըլ Պուպլէ
Այսօրուայ համերգին աստղն է աշխարհահռչակ երգիչ Մայքըլ Պուպլէն, որ ելոյթ կ՛ունենայ իր նուագախումբի մէկ մասին հետ, Գերապ. Մարքօ Ֆրիզինայի, «Նովա օբերա» նուագախումբի և Հռոմի թեմի երգչախումբի հետ միասին: Երեկոն կը վարէ դերասանուհի, հաղորդավարուհի և երգչուհի Սերենա Աութիերին, որ սիրուած ձայն է իտալական գեղարուեստական ասպարէզէն ներս:
Նախաձեռնութիւնը հովանաւորուած է Հռոմի թեմի, Վատիկան քաղաք-պետութեան նահանգապետութեան և Առաքելական բարեգործութեան Վերատեսչութեան գրասենեակի կողմէ։ Համերգի երաժշտական ծրագիրը կը ներկայացուի որպէս Սուրբ Ծննդեան հեքիաթ՝ միահիւսելով ծիսական աւանդոյթը ժամանակակից մեծ երգացանկի հետ։
Սրբազան Պապին ժամանումին Հռոմի թեմի երգչախումբը և «Նովա օբերա» նուագախումբը Քահանայապետը կ՛ ողջունեն «Tu sei Pietro» երգով՝ ստեղծելով հանդիսաւոր մթնոլորտ մը։
Մայքըլ Պուպլէն իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց «Նովա օբերա» հիմնադրամին իրեն ուղղած հրաւէրին համար՝ յայտարարելով, որ պատիւ է իրեն համար հանդէս գալ Սրբազան Պապին առջեւ, Հռոմի թեմի նուագախումբի և երգչախումբի հետ միասին, և անհամբեր կը սպասէ այս յատուկ պահը կիսելու յատուկ հանդիսատեսներու հետ։ Ձեռնարկ` որ կը միացնէ երաժշտութեան հոգևոր ուժը աղքատներու նկատմամբ գործնական նուիրուածութեան հետ՝ գեղեցկութիւնը վերածելով եղբայրութեան և համատեղ յոյսի լեզուի։ Պուպլեն նաև նշած է, որ իրեն «պատիւ և ոգևորութիւն կը պատճառէ քրիստոնէութեան սրտին մէջ նման յատուկ պահ կիսելը՝ երգելով աղքատներու համար և անոնց հետ»։
Երեք հազար աղքատներու մասնակցութիւնը
Արդարեւ համերգին ներկայ գունուող ութը հազար հանդիսատեսներէն երեք հազարը կազմուած է աղքատներէ, որոնք հիւրը պիտի հանդիսանան Բարեգործութեան Վերատեսչութեան։ 2015-ին Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով ծնունդ առած այս ձեռնարկը այս տարի ներառուած է Յոյսի Յոբելենական տարուան ոլորտէն ներս եւ կ՛ուզէ նորոգել ձեռնարկին խոր իմաստը` այն է երաժշտութիւնը վերափոխել հանդիպումի վայրի, ուր իւրաքանչիւր խազ կը դառնայ բաժնեկցուած աղօթք եւ իւրաքանչիւր ձայն մարդկայնութեան, մօտիկութեան եւ վերջիններու նկատմամբ յոյսի նշան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
