Լեւոն ԺԴ. Պապին ամավերջի եւ տարեսկիզբի գլխաւորելիք արարողութիւնները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
2025 տարին հասաւ իր աւարտին` տարի մը` որ յատկանշուեցաւ բազմաթիւ անակնկալներով եւ շնորհքներով։ Տարի մը` որուն ընթացքին տիեզերական Եկեղեցին ապրեցաւ մեծ սուգ մը` Ֆրանչիսկոս Պապին մահուան պատճառաւ, բայց նաեւ ուրախութիւն մը` նոր Քահանայապետի մը ընտրութեամբ, յանձինս կարդինալ Ռոպերթ Փրեվոսթի։
Տարի մը` որուն ընթացքին աշխարհի համայն երկիրներէն երեսուն միլիոնէ աւելի հաւատացեալներ փութացին յաւիտենական քաղաք` Հռոմ կատարելու համար իրենց Յոբելենական ուխտագնացութիւնը, Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան առիթով, որպէս «Յոյսի ուխտաւորներ»։ Յոբելենական տարի` որ հռչակած էր հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը իր «Spes non confundit - չհիասթափեցնող յոյս» կոնդակով, հրաւիրելով քրիստոնեայ հաւատացեալները նորոգելու իրենց հաւատքը, վստահութիւնը եւ ողորմութիւնը աշխարհի մը մէջ, որ յատկանշուած է բռնութիւններով եւ տագնապներով։
Յոբելենական տարի` որ եղաւ «շնորհքի ժամանակաշրջան» որուն փակումը յառաջիկայ օրերուն պիտի կատարէ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հանդիսաւոր արարողութեամբ, փակելով նաեւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային Սուրբ Դուռը` դուռ ողորմութեան եւ յոյսի։
Երկու տարբեր Քահանայապետութիւններու ընթացքին կատարուած Սուրբ տարուայ մը բացման և փակման ծէսի արտասովոր իրադարձութիւնը եզակի նախադէպ մը ունի 1700 թուականի Յոբելեանի ընթացքին, որուն բացումը կատարած էր Իննոչենցօ ԺԲ. Քահանայապետը ու փակումը Կղէմէս ԺԱ.։
Տարին կը հասնի իր աւարտին եւ վաղը չորեքշաբթի 31 դեկտեմբերին, 2025 տարուայ վերջին օրը, Լեւոն ԺԴ. Պապը, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ տարուան վերջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին կը ներկայացնէ օրուան խորհրդածութիւնը փակելով Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան խորհրդածութիւններու շարքը` որոնց կեդրոնական նիւթը եղաւ «Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսը» նիւթը։ Խորհրդածութիւններ զոր սկսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը եւ կ՜աւարտէ Լեւոն ԺԴ.։
Ան ապա երեկոյեան ժամը 5-ին Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ գոհաբանական երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն կը յաջորդէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը ու քաղաքացիական տարւոյն աւարտին առթիւ Գոհաբանական աղօթք եւ Սուրբ Հաղորդութեան Օրհնութիւնը։
Սոյն արարողութիւնը կը յատկանշէ 2025 տարուայ ծիսակատարութիւններու աւարտը։
Յաջորդ օրը` հինգշաբթի մէկ Յունուարին կը սկսի 2026 տարին։ Օրը նուիրուած է Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնին։
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը առաւօտեան ժամը տասին Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Մայր Աստուծոյ ու խաղաղութեան համաշխարհային օրուան նուիրուած սուրբ պատարագը, ապա կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն կ՜արտասանէ նոր տարուան առաջին Մարեմեան աղօթքը։
Նշենք` որ Լեւոն ԺԴ Պապը 2026-ի Խաղաղութեան համաշխարհային Օրուայ պատգամին որպէս նիւթ ընտրած է «Խաղաղութիւն ձեզ բոլորիդ։ Դէպի անզէն և զինաթափող խաղաղութիւն»։ Այս կը հանդիսանայ Խաղաղութեան Համաշխարհային 59րդ օրը եւ Լեւոն ԺԴ Պապին Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ առաջին պատգամը։
Սրբազան Պապը ապա Կիրակի չորս Յունուարին առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն կը գլխաւորէ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը հուսկ` 6 Յունուարին, Աստուածայայտնութեան տօնին օրը Ան Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ տօնին նուիրուած պատարագը, որուն առիթով նախատեսուած է նաեւ Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան Սուրբ Դրան փակման արարողութիւնը, որով վերջ կը գտնէ եւ աւարտին կը հասնի Յոբելենական տարին։
11 Յունուարին ըստ լատինաց տօնն է Յիսուսի Մկրտութեան։ Սոյն տօնին առիթով աւանդութիւն է, որ Քահանայապետերը Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ մկրտութեան խորհուրդը մատակարարեն Վատիկանի աշխատաւորներու նորածին մանուկներուն։
Առիթէն կ՛օգտուինք մեր բոլոր ունկնդիրներուն մաղթելու բարի ամավերջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
