Աղօթեցէք Յիսուսին` որպէսզի աշխարհի բոլոր մանուկները կարողանան ապրիլ խաղաղութեամբ. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յիսնակաց շրջանի երրորդ կիրակի օրը աւանդութիւն է, որ բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ յատկապէս մանուկներ՝ համախմբուին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, իրենց ձեռքը բռնած Յիսուս Մանուկի արձանիկներ, մասնակցելով կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին զանոնք օրհնել տալով Քահանայապետի կողմէ, որպէսզի ապա զետեղուին տուներու, դպրոցներու եւ աշխտասենեակներու մսուրներուն մէջ։
Սոյն աւանդութիւնը սկիզբ առած է Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի կամքով՝ 21 դեկտեմբեր 1969-ին եւ այս տարի ան կը զուգադիպի կիրակի ճիշտ` 21 դեկտեմբերին։
Քրիստոնէականի զբօսավայրերու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբեց հազար հինգ հարիւրէ աւելի մանուկներ ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն ու քրիստոնէականի դաստիարակներուն։
Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով հրապարակ գտնուող իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորներուն ողջունեց տարբեր վայրերէն ժամանած խումբերը ապա յատուկ ողջոյնի խօսքը մը ուղղեց Հռոմի մանուկներուն ու պատանիներուն ըսելով.
«Սիրելիներս եկած էք ձեր ընտանիքներուն ու քրիստոնէականի ուսուցիչներուն հետ օրհնել տալու համար Յիսուս Մանուկի արձանները որ պիտի զետեղուին ձեր տուներու, ձեր դպրոցներու եւ ձեր եկեղեցական զբօսավայրերուն մէջ։ Շնորհակալութիւն kը յայտնեմ Հռոմի Քրիստոնէական զբօսավայրերու Կեդրոնին որ կազմակերպեց այս ձեռնարկը եւ ի սրտէ կ՛օրհնեմ բոլոր արձանիկները» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Ան ապա հրաւիրեց պատանիները, մսուրին առջեւ աղօթելու Յիսուսին, «նաեւ Քահանայապետի դիտաւորութեան համար»։
Յատուկէն եկէք միասին աղօթենք որպէսզի աշխարհի բոլոր մանուկները կարողանան ապրիլ խաղաղութեամբ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը օրհնութիւնը շնորհելով բոլոր ներկաներուն ապա հրաժեշտ առաu անոնցմէ մաղթելով բարի կիրակի եւ անդորր Սուրբ Ծնունդ մը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
