Աղօթենք խաղաղութեան ու մասնաւորպէս տառապող ընտանինքներուն համար. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի` 28 դեկտեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած տարուան վերջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով այս առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած բազմահազար հաւատացեալներուն ողջունեց իտալիոյ տարբեր քաղաքներէն ու աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած ուխտաւորներու խումբերը, ապա հրաւիրեց «Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան լոյսին ներքոյ` շարունակել աղօթել խաղաղութեան համար»։
«Այսօր, ըսաւ Սրբազան Պապը, մասնաւորապէս, աղօթենք պատերազմի պատճառով տառապող ընտանիքներուն, երեխաներուն, տարեցներուն և ամենախոցելիներուն համար։ Միասնաբար ապաւինինք Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի բարեխօսութեան» յարեց ապա Ան եւ Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլորին մաղթելով Բարի Կիրակի։
Սրբազան Պապին օգնութիւնը Ուքրանացի ընտանիքներուն
Յայտնենք` որ Սուրբ Ընտանիքին նուիրուած կիրակի օրուան առիթով Լեւոն ԺԴ Պապը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց պատերազմէն տուժած ուքրաինացի ընտանիքներուն:
Հարաւ քորէական Samyang Foods ընկերութեան կողմէն նուիրուած երեք բեռնատարներ ուղարկուեցան ողբակոծութիւններէն ամենաշատ տուժած շրջաններ, ուր կը պակսի ելեկտրականութիւնը, ջուրը և ջեռուցումը: Օգնութիւնը կը ներառէ 100,000 սնունդի փաթեթներ։
Սրբազան Պապին այս ժեստը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ մօտիկութիւնը տառապող ընտանիքներուն, և նաեւ թէ Քահանայապետը ոչ միայն կ՛ աղօթէ խաղաղութեան համար, այլեւ կը ցանկանայ ներկայ գտնուիլ տառապող ընտանիքներուն մօտ:
Այս մէկը Լեւոն ԺԴ Պապին կողմէ Ուքրանիա ուղարկուած օգնութեան երկրորդ խմբաքանակն է, ի լրումն Պապական բարեգործական կազմակերպութիւններու գրասենեակի և Պապական Նուիրակութիւններու միջոցաւ տարբեր երկիրներուն ուղարկած ֆինանսական օգնութիւններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
