Որոնել

2025.11.04 Il Papa risponde ai giornalisti a Castel Gandolfo

Կարելի չէ բռնութեամբ լուծումներ գտնել. Լեւոն ԺԴ.

Քասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցէն վերադարձէն առաջ Լեւոն ԺԴ. կանգ առաւ եւ պատասխանեց Քահանայապետական Պալատէն դուրս զինք սպասող լրագրողներու հարցումներուն։ ԱՄՆ - Վենեզուելլա լարուածութեան մասին արտայայտուելով խրախուսեց դիմել երկխօսութեան ապա միասին աշխատիլ Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներու արդարութեան համար։ Ան ապա հաստատեց թէ մարդ անհատի իրաւունքն է արժանավայել աշխատանք մը ունենալ ապա նախկին Յիսուսեան միաբան Ռուփնիքի դատավարութեան առումով մաղթեց` որ «բոլոր ներգրաւուած կողմերը արդարութիւն ստանան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ԱՄՆ-ի եւ Վենեզուելլայի միջեւ երկխօսութիւն եւ Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր ժողովուրդներուն համար արդարութիւն», ապա հրաւէր` յարգելու Միացեալ նահանգներուն մէջ բանտարկուած գաղթականներուն «հոգեւոր իրաւունքները» հուսկ մտահոգութիւն աշխատավայրերուն մէջ մահերուն համար։ Ասոնք նիւթերն են, զոր շօշափեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Քասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցէն վերադարձէն առաջ  Քահանայապետական Պալատէն դուրս հանդիպելով զինք սպասող լրագրողներուն հետ։ 

Արդարեւ երեքշաթի երեկոյեան ժամը 8-ի մօտերը դարպասէն դուրս գալով՝ Քահանայապետը կանգ առնելով նախ յիշեց Իտալիոյ մէջ նշուող զինուած ուժերու օրը. «լաւագոյն մաղթանքներ» յայտնելով անոնց ապա հաստատեց` թէ «Երկիր մը` իրաւունք ունի ունենալ իր բանակը՝ խաղաղութիւնը պաշտպանելու, խաղաղութիւն կառուցելու համար»:

ԱՄն - Վենեզուելլա լարուած վիճակ 

Նորին Սրբութիւնը հուսկ պատասխանեց ԱՄՆ-ի եւ Վենեզուելլայի միջեւ տիրող լարուած վիճակի մասին հարցումին նշելով թէ «բռնութեամբ չենք կարող յաղթել» ու թէ «ամենակարեւորը երկխօսութիւնը որոնելն է, փնտռել ամենաարդար ձեւը լուծումներ գտնելու հարցերուն, որոնք գոյութիւն ունին այդ Երկրին մէջ»։

Կազա - Իսրայէլ

Քահանայապետին ուղղուած այլ հարցումներէն մին կը վերաբերէր Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Կազայի մէջ տիրող կացութեան- որուն մասին արտայայտուելով Նորին Սրբութիւնը նշե`ց որ «զինադադարը շատ դիւրաբեկ է» թէեւ ընդգծեց Ան «խաղաղութեան համաձայնութեան առաջին հանգրուանը տակաւին ուժի մէջ է։ Աակայն պէտք է մտածել ինչպէս անցնիլ երկրորդ հանգրուանուին» եւ «տեսնել թէ ինչպէս երաշխաւորել բոլոր ժողովուրդներուն իրաւունքները» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով  Անսրյորդանանի հարցին, վերաբնակիչնեուն հարցին որ  «իսկապէս բարդ է».« Իսրայէլը բան մը կ՛ըսէ, իսկ երբեմն՝ այլ բան կ՛ընէ» - ընդգծեց Քահանայապետը անհրաժեշտ նկատելով. «փորձել համատեղ աշխատիլ բոլոր ժողովուրդներու արդարութեան համար»։

Գաղթականներուն հոգեւոր իրաւունքը

Քահանայապետի ծննդավայր Շիքակոյի մէջ իշխանութիւնները կաթողիկէ քահանաներուն արգիլած են հաղորդութիւն բաշխել բանտարկեալ գաղթականներուն եւ այս ուղղութեամբ տրուած հարցումին պատասխանելով Քահանայապետը նախ եւ առաջ յիշեց Մատթէոս Աւետարանիչի 25րդ գլուխը, ուր Յիսուս կը հաստատէ, որ աշխարհի աւարտին մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջուի, թէ ինչպէս ընկալեցինք օտարականը, եւ եթէ զայն ընկալեցինք թէ ոչ եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց խորաթափանց կերպով մտածել այս խօսերուն վրայ։

«Շատ մարդիկ, որոնք տարիներ շարունակ ապրած են առանց երբևէ խնդիրներ յառաջացնելու, խորապէս կը տուժեն այսօր տեղի ունեցածէն»։ Հետևաբար «Ես անպայման կոչ կ՛ուղղէի իշխանութիւններուն թոյլ տալ հոգևորականներուն հոգ տանելու այս մարդոց կարիքներուն։ Շատ մը դէպքերու պարագային անոնք երկար ժամանակով բաժնուած եղած են իրենց ընտանիքներէն. ոչ ոք գիտէ, թէ ինչ կը կատարուի... բայց անոնց հոգևոր կարիքները պէտք է յարգուին» հաստատեց Քահանայապետը։

Աշխատանքի Յոբելենական ուխտագնացութիւն եւ աշխատավայրերու մէջ մահերը

Ան ապա ի տես յառաջիկայ օրերուն նշուելիք Աշխատանքի Յոբելենական ուխտագնացութեան մեկնաբանեց աշխատավայրերու մէջ աճող մահերուն լուրերը, որոնց շարքին անցեալ օր Հոոմի մէջ պատահած արկածի մը բերումով 66 ամեայ աշխատաւորին մահը, որմէ մեկնելով հաստատեց` որ «Եկեղեցւոյ ձայնը ի նպաստ է իրաւունքներուն։ Եւ այս առնչութեամբ հարկաւոր է իրապէս գործել բոլորս միասին։ Մարդ անհատի իրաւունքն է ունենալ արժանավայել աշխատանք, որոք կարող ըլլայ իր շահոյթը ապահովել ընտանիքի բարիքին համար», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր մտահոգութիւնը արտայայտելով անվտանգութեան հարցի մասին ու ընդգծելով, որ «Յոբելեանի տօնախմբութիւնը կ՛ ուզէ քիչ մը յոյս ներշնչել ու ջանալ միացնել բոլոր ուժերը լուծումներ գտնելու եւ ոչ միայն հարցերը մեկնաբանելու»։

Նախկին Յիսուսեան Մարքօ Իվան Ռուփնիքի հարցը

Քահանայապետին ուղղուած վերջին հարցումը կը վերաբերէր նախկին Յիսուսեան Մարքօ Իվան Ռուփնիքին, որ ամբաստանուած է մի քանի կրօնաւորուհիներու դէմ ոտնձգութիւններ գործած ըլլալուն համար եւ որուն բերումով Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան մօտ տեղի կ՛ունենայ դատավարութիւնը։ Քահանայապետին հարց կը տրուի Ռուփնիքի արուեստական գործերու մասին, որոնք կը գտնուին աշխարհի տարբեր եկեղեցիներու ու նաեւ Վատիկանի մէջ, եթէ յարմար է զանոնք տակաւին այնտեղ պահպանել թէ չէ, տրուած ըլլալով որ այս մէկը ցաւ կը պատճառէ զոհերուն։

«Շատ մը վայրերուն մէջ այդ գործերը ծածկուեցան, զոհերուն նկատմամբ զգայնութեան պատճառաւ» ըսաւ Սրբազան Պապը, աւելցնելով թէ «այս մէկը ցոյց կու տայ որ գիտակից ենք»։ Ան ապա ակնարկեց նախկին Յիսուսեան միաբանութեան անդամին դէմ հրահրուած նոր դատական գործընթացին որ ժամանակ կ՜ուզէ նշելով` թէ ինք լաւապէս կը հասկնայ, որ դժուար է զոհերէն խնդրել որ համբերութիւն ունենալ սակայն «Եկեղեցին պէտք է յարգէ բոլոր անհատներուն իրաւունքը»։

«Անմեղութեան կանխավարկածի սկզբունքը մինչև մեղաւորութեան ապացուցումը կը գործէ նաև Եկեղեցիին մէջ։ Եւ մենք յոյս ունինք, որ այս նոր սկսած դատավարութիւնը  յստակութիւն և արդարութիւն կը բերէ բոլոր ներգրաւուածներուն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2025, 08:00