Լեւոն ԺԴ. երիտասարդներուն. Գտէ՛ք ձեր տեղը աշխարհի մէջ՝ լսելով Աստուծոյ ձայնը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը պատկերասփռուած պատգամով մը իր ուրախութիւնը յայտնեց ողջունելու Աւստրալիական Կաթողիկէ Երիտասարդութեան Փառատօնի Մասնակից երիտասարդները, քահանաները, կրօնաւորները եւ եպիսկոպոսները, ապահովելով իր աղօթքները եւ օրհնութիւնները, որպէսզի այս ժամանակը շնորհներով հարուստ ըլլայ։
Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ յիշեցուց, որ երիտասարդութիւնը սորվելու եւ փորձարկումներու շրջան մըն է, բայց նաեւ՝ մարտահրաւէրներու, ինչպէս՝ աշխարհի մէջ իրենց տեղը գտնելու որոնումը, հասարակական փոփոխութիւնը, աւանդական արժէքներու արժեզրկումը եւ արհեսագիտութեան գործածութիւնը, որոնք կրնան մեկուսացում ստեղծել։
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց երիտասարդները, որ առաջին հերթին դիմեն Աստուծոյ՝ այն Հօրը, որ կը սիրէ զիրենք յիշելով Պենետիկտոս ԺԶ Պապի այն խօսքը որ ամէն կեանք Աստուծոյ սիրոյն արդիւնքն է, եւ վերջնական նպատակը՝ Աստուծոյ կամքը ապրիլն է։
Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց Սուրբ Կատարինէ Սիենացին, ըստ որուն՝ իրենց կոչումին հետեւիլը կրնայ աշխարհը բորբոքել, եւ օրինակ կը բերաւ սուրբեր, ինչպէս՝ Քարլօ Աքիւթիսը եւ Փիեր Ճորճօ Ֆրասաթին, որոնք, թէեւ տարբեր ըլլալով հանդերձ ունէին Աստուծոյ հետ ընդհանուր խոր յարաբերութիւն մը եւ իսկական ուրախութիւն։ Քահանայապետը յիշեցուց, որ ամէն մարդ ունի իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը, եւ որ պէտք չէ սահմանափակուիլ ուրիշներուն ընդօրինակելով, այլ լսել Աստուծոյ կանչը եւ ունենալ պատասխանելու քաջութիւնը, նոյնիսկ՝ քահանայութեան կամ նուիրեալ կեանքի միջոցով։
Պատերասփռուած պատգամին մէջ Քահանայապետը շեշտեց աղօթքին եւ խորհուրդներուն կարեւորութիւնը՝ որպէս Աստուծոյ մօտենալու եւ սիրով ու զոհաբերումով իսկական յարաբերութիւններ ապրելու միջոցներ հրաւիրելով երիտասարդները, որ ապրին այն, ինչ կը սորվին իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, ցանցեր կառուցելով եւ համագործակցելով՝ տեղական համայնքներուն մէջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կառուցելու համար։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Քրիստոսի Մարմինը շատ անդամներ ունի, իւրաքանչիւրը՝ իւրայատուկ ներդրումով, եւ որ նոյնիսկ դժուարութիւններուն պահուն, Աստուծոյ շնորհքով եւ Խոստովանութեան խորհուրդով, կրնան գտնել նորոգութիւն եւ աճիլ սրբութեան մէջ։
Քահանայապետը պատգամը աւարտեց երիտասարդները յանձնելով Մարիամ Աստուածածնի եւ Սուրբ Մերի ՄաքՔիլոփի բարեխօսութեան, հայցելով Ամենակալ Աստուծոյ օրհնութիւնը երիտասարդներուն ու անոնց կեանքին վրայ, որպէսզի Աստուծոյ ներկայութիւնը միշտ ուղեկցի զիրենք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
