Որոնել

Արհեստական բանականութիւնը Արհեստական բանականութիւնը  

Լեւոն ԺԴ. Պապ. Արհեստական բանականութիւնը կը բխի Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած ստեղծագործական կարողութենէն։

Լեւոն ԺԴ Պապին պատգամը «Արհեստական բանականութիւն Կառուցանողներու Համագումար 2025»-ի մասնակիցներուն։ Արհեստական բանականութիւնը ինչպէս իւրաքանչիւր մարդկային գիւտ կը բխի Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած ստեղծագործական կարողութենէն, որով արհեստական բանականութեան նորարարութիւնը կրնայ ըլլալ աստուածային արարման գործին մասնակցութեան ձեւ մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ Պապը պատգամով մը ջերմ ողջոյնները փոխանցեց Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանին մէջ տեղի ունեցող «Արհեստական բանականութիւն Կառուցանողներու Համագումար 2025»-ի մասնակիցներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը ջանան ապահովելու, որ նոր ի յայտ եկող արհեստավարժութիւնները, յատկապէս Արհեստական Բանականութիւնը ուղղուին դէպի մարդկային անձի արժանապատուութիւնը եւ ընդհանուր բարիքը։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ կարեւոր է կեդրոնանալ ո՛չ միայն այն բանին վրայ, թէ Արհեստական բանականութիւն-ը ի՛նչ կրնայ ընել, այլ թէ ո՛վ կը դառնանք մեր կառուցած արհեստագիտութիւններուն միջոցով։

Արհեստական բանականութիւնը ինչպէս իւրաքանչիւր մարդկային գիւտ կը բխի Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած ստեղծագործական կարողութենէն, որով արհեստական բանականութեան նորարարութիւնը կրնայ ըլլալ աստուածային արարման գործին մասնակցութեան ձեւ մը։

Բարոյական եւ Հոգեւոր Կշիռ

Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ Արհեստական Բանականութեան իւրաքանչիւր նախագծային ընտրութիւն կ'արտայայտէ մարդկութեան տեսլական մը եւ ուստի ունի բարոյական ու հոգեւոր կշիռ ու Եկեղեցին կը յորդորէ Արհեստական բանականութեան բոլոր կառուցանողները զարգացնելու բարոյական քննութիւնը՝ իբրեւ իրենց աշխատանքի հիմնարար մաս, որպէսզի զարգացնեն համակարգեր, որոնք կ'արտացոլեն արդարութիւնը, համերաշխութիւնը եւ կեանքի նկատմամբ անկեղծ յարգանքը։

Սրբազան Հայրը պատգամը աւարտեց յանձնելով Համագումարի աշխատանքները Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Իմաստութեան Աթոռին սիրալիր բարեխօսութեան ու մաղթելով, որ անոնց համագործակցութիւնը պտուղներ բերէ այնպիսի արհեստական բանականութեան մէջ, որ կ'արտացոլէ Արարիչին ծրագիրը. խելացի, յարաբերական եւ սիրով առաջնորդուած։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2025, 09:48