Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը 

Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը երիտասարդներուն՝ վկայելու Քրիստոսի ուրախութիւնը

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Գոշիծէի մայր տաճարին առջեւ հաւաքուած երիտասարդներուն։ Դէպի Համերաշխութիւն. Կամուրջներ Կառուցել Քրիստոսի ուրախութեամբ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը լսատեսողական պատգամ մը յղեց Գոշիծէի մայր տաճարին առջեւ հաւաքուած երիտասարդներուն, ըսելով. 

«Մեծ ուրախութեամբ կ՝ողջունեմ ձեզ, մինչ հաւաքուած էք Գոշիծէի հիասքանչ տաճարին առջեւ, որ հաւատքի եւ յոյսի բաբախող սիրտն է։ Տարբեր ազգերէ գալով, բայց միաւորուած նոյն հաւատքով, ձեր ներկայութիւնը Քրիստոսի հետ բարեկամութեան մէջ, մեր սիրտերուն մէջ սերմանուած եղբայրութեան եւ խաղաղութեան շօշափելի նշանն է։

Մի՛ վախնաք վկայելու, որ քրիստոնեայ էք

Յիսուս կը կանչէ ձեզ, որպէսզի ըլլաք հաղորդութեան վկաներ, կամուրջներ կառուցողներ եւ վստահութիւն սերմանողներ մեր աշխարհի մէջ, որ յաճախ բաժանումներով եւ կասկածներով նշուած է։ Մի՛ վախնաք վկայելու, որ քրիստոնեայ էք, աւետարանը խանդավառութեամբ ապրելու եւ Տիրոջ հետ հանդիպումէն ծնած ուրախութիւնը բաժնելու։

Մի՛ մոռնաք միշտ յիշել հետեւեալ խօսքերը եւ քաջ եղէք անոնց իմաստը տարածելու. «Մեր կեանքի իւրաքանչիւր իրավիճակի մէջ կը փորձարկենք, որ երբեք մինակ չենք, որովհետեւ որպէս զաւակներ միշտ սիրուած, ներուած եւ քաջալերուած ենք Աստուծոյ կողմէ։» Այս վստահութիւնն է, որ ձեզ ազատ կը դարձնէ, ձեզ կը բարձրացնէ անտարբերութենէն վեր եւ ձեզ կը մղէ բաց ու առատաձեռն սիրով սիրելու։

Եղէք ուրախութեան վկաները

Եղէք այս ուրախութեան վկաները։ Քրիստոսի լոյսը փոխանցեցէք ձեր ընտանիքներուն, դպրոցներուն, համալսարաններուն, աշխատավայրերու եւ համայնքներուն։ Այսպէս, Եկեղեցւոյ երիտասարդ դէմքը կը շարունակէ փայլիլ Կեդրոնական Եւրոպայի սրտին մէջ, ուր ձեր հայրերուն հաւատքը մինչեւ այսօր նոր կեանքի աղբիւր կը մնայ։ Սիրով կը շնորհեմ ձեզի Առաքելական Օրհնութիւնը եւ իւրաքանչիւրը կը յանձնեմ Կոյս Մարիամի՝ Եկեղեցւոյ Մօր եւ Խաղաղութեան Թագուհիի պաշտպանութեան։ Եւ Թող որ Ամենակարող Աստուծոյ՝ Հօր եւ Որդիի եւ Սուրբ Հոգիի օրհնութիւնը իջնէ ձեր վրայ եւ մնայ միշտ ձեզի հետ։ Ամէն»։

Նշենք թէ Գոշիծէի Սուրբ Եղիսաբէթի Մայր Տաճարին մէջ կը համապատարագեն Գոշիծէի Մետրոպոլիտ Արքեպիսկոպոս եւ Սլովաքիոյ Եպիսկոպոսակաց համաւաք դասի նախագահ, գերպ Պէրնար Պոպէրին եւ Սլովաքիոյ մէջ Պապական նուիրակ ՆիԿոլա Կիրազոլի։ Գոշիցէի Սուրբ Եղիսաբէթի Մայր Տաճարը Եւրոպայի ամենաարեւելեան Կոտհական տաճարն է։

Պատարագէն ետք, Մայր Տաճարին առջեւ, ելոյթ պիտի ունենան սլովաքական Godzone երաժշտական խումբը։ Godzone-ը Սլովաքիոյ Եկեղեցիին կողմէ երաժշտութեան, թատրոնի եւ պարի միջոցով ծրագրուած աւետարանչութեան նախագիծ մըն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2025, 19:45