Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Կեդրոնանալ Ընդհանուր բարիքին վրայ եւ ոչ թէ անմիջական շահին վրայ

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը ց Լատին Ամերիկայի «ALAMI» անուան ընկերակցութեան անդամները, որոնք Հռոմի մէջ մասնակցեցան Առողջապահական մարզէն ներս բարոյագիտութեան նուիրուած գիտաժողովին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 17 նոյեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապ ընդունեց Լատին Ամերիկայի «ALAMI» անուան ընկերակցութեան անդամները, որոնք Հռոմի մէջ մասնակցեցան Առողջապահական մարզէն ներս բարոյագիտութեան նուիրուած գիտաժողովին, նախաձեռնութեամբ Կեանքի համար Քահանայապետական Ակադեմիայի։

«Այսօր Եկեղեցին ձեզ կ՛ընդունի, որպէս յոյսի ուխտաւորներ արժեւորելով ձեր զանազան մօտեցումները, կարողութիւններն ու նպատակները, որպէսզի հաստատուի կեանքի ու գործողութեան երկխօսութիւն մը՝ հիւանդին խնամքի ընդհանուր պարտականութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ ձեր ուսումնասիրած նիւթերէն կը բխին բազմաթիւ հետաքրքրական կէտեր, թերեւս չափազանց ու զանոնք բոլորը քննարկելու համար կ՝ ընդգծեմ մէկ գաղափար մը, որ կը թուի թէ զանոնք կը միացնէ ու կը վերաբերի նախապաշարումի մը, նախադրեալի մը կամ նշումի մը ներմուծման հնարաւորութեան, որ խարդախութեամբ կը կեղծէ, կը կտրէ կամ կը բացառէ այն ընկալումը, որ ունինք հասարակութեան իրականութեան եւ իրական հիւանդին մասին, ստեղծելով անարդարութեան վիճակ առողջապահութեան ճիշդ մատակարարման համար անհրաժեշտ պաշարներու կառավարման մէջ։

Եթէ որպէս անհատներ ու որպէս ընկերութիւն կանչուած ենք աշխուժօրէն պաշտպանելու իւրաքանչիւր մարդ արարածի արժանապատուութիւնը՝ իր գոյութեան բոլոր փուլերուն մէջ, ցաւօք, այս միշտ չի համապատասխաներ իրականութեան։ Այնքան արդիւնաւէտ գործիքներ, ինչպէս Արհեստական Բանականութիւնը կրնան աղաւաղուած, մարզուած, ուղղորդուած ըլլան, որպէսզի՝ հնարաւորութեան կամ շահի պատճառով, տեղեկութեան տարածման ու տնօրինման մէջ ստեղծել նախապաշարում մը։ Ամենամեծ վտանգը «ապականիչ աղաւաղումն է, որ կրնայ մարդիկը վերածել պարզապէս առարկաներու, տուեալներու ու վիճակագրութեան, զանոնք դասելով ըստ ծախսերու ու հնարաւորութիւններու (յատկապէս առողջապահութեան մարզին մէջ)

Ունենալ լայն տեսլական ինչպէս որ Աստուած կը նայի

Պատգամին մէջ Քահանայապետը յորդորեց կեդրոնանալ երկարաժամկէտ ընդհանուր բարիքին վրայ, ոչ թէ անմիջական շահին նշելով որ այս կը պահանջէ համբերութիւն, առատաձեռնութիւն, համերաշխութիւն, կապերու ստեղծում եւ պաշարներու լաւագոյնս օգտագործում։

Պահպանել Մարդկային շփումը

Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ այս լայն նայուածքը երբեք պէտք չէ բաժնուի մարդկային յարաբերութիւններէն, քնքուշեթէն եւ շօշափելի անձին՝ իր փխրունութեան ու արժանապատուութեան ճանաչումէն։ Սա խորունկ նայուածք մը մըն է, որ կը հասնի ուրիշին սիրտին եւ կ՝ընդարձակէ մեր սիրտը։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց ըսելով որ այս երկու տեսլականները պիտի ըլլան լաւագոյն հակաթոյնը որպէսզի մեր վարչական կառոյցները չկորսնցնեն ամենէն կարեւոր բանը, ընդհանուր բարիք որուն կանչուած են պաշտպանելու» ու հրաւիրեց աղօթելու հայր Մեր Տէրունական աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2025, 11:45