Որոնել

Լեւոն ԺԴ Պապին Քարոզը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ. Կամուրջներ դէպի միութիւն

Քարոզի մէջ Քահանայապետը հրաւիրեց խորհրդածելու Եսայի մարգարէի պատկերներուն վրայ, մասնաւորաբար բարձրացած լերան (Սիոն) պատկերին վրայ, որ Եկեղեցւոյ խորհրդանիշն է՝ մէկ համայնք, որ բոլորին լոյս ու խաղաղութիւն կը բերէ: Ան յիշեցուց, որ Աստուծոյ պտուղները բոլորին համար են, եւ որ քրիստոնէական վկայութիւնը, ինչպէս բազմաթիւ սուրբերունը, պէտք է ըլլայ ուժեղ եւ վարակիչ, հիմնուած կեանքի ներդաշնակութեան, աղօթքի եւ Սուրբ Խորհուրդներու վրայ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, Թուրքիա եւ Լիբանան կատարած իր առաքելական ուղեւորութեան շրջագիծին մէջ, Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակին առթիւ:

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւն շեշտեց, որ այս արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ երկրի պաշտպան Սուրբ՝ Սուրբ Անդրէասի յիշատակին թուականին մօտ եւ կը յատկանշէ Յիսնակացի սկիզբը, որ պատրաստուելու ժամանակաշրջանն է Քրիստոսի Ծնունդին, Աստուծոյ Որդիին խորհուրդին՝ յայտարարուած Նիկիոյ Հաւատամքի մէջ:

Բարձրացած լերան պատկերը 

Քարոզին մէջ Քահանայապետը հրաւիրեց խորհրդածելու Եսայի մարգարէի պատկերներուն վրայ, մասնաւորաբար բարձրացած լերան (Սիոն) պատկերին վրայ, որ Եկեղեցւոյ խորհրդանիշն է՝ մէկ համայնք, որ բոլորին լոյս ու խաղաղութիւն կը բերէ: Ան յիշեցուց, որ Աստուծոյ պտուղները բոլորին համար են, եւ որ քրիստոնէական վկայութիւնը, ինչպէս բազմաթիւ սուրբերունը, պէտք է ըլլայ ուժեղ եւ վարակիչ, հիմնուած կեանքի ներդաշնակութեան, աղօթքի եւ Սուրբ Խորհուրդներու վրայ:

Կամուրջներու կարեւորութիւնը

Քահանայապետը շեշտեց «կամուրջներուն» խորհրդանշական եւ շօշափելի կարեւորութիւնը, ինչպէս Բոսփորի կամուրջը, որ կը միացնէ Ասիան ու Եւրոպան: Այս կամուրջները կը ներկայացնեն միութեան երեք մակարդակները. Եկեղեցւոյ մէջ ներքին միութիւն, Քրիստոնեայ Եկեղեցիներուն միջեւ՝ համամիութիւն եւ Այլ կրօններուն հետ երկխօսութիւն։ Այս կամուրջները կը պահանջեն խնամք եւ ուշադրութիւն՝ ամրապնդելու համար հաղորդութեան կապերը, իբրեւ վկայութիւն Կաթողիկէութեան եւ Քրիստոսի տիեզերական սիրոյ:

Համամիութենական Նուիրում

Քահանայապետը ընդգծեց համամիութենական նուիրումի կարեւորութիւնը. «Հաղորդութեան կապը, որ այս պատարագը մեզի կը թելադրէ, համամիութեան կապն է։ Ասիկա կը վկայուի նաեւ ուրիշ Դաւանանքներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, զիրենք կը բարեւեմ կենդանի երախտագիտութեամբ։ Փրկիչին հանդէպ նոյն հաւատքը, իսկապէս, մեզի կը միացնէ ո՛չ միայն մեր միջեւ, այլ նաեւ բոլոր քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ, որոնք կը պատկանին այլ Եկեղեցիներու եւ Քրիստոնեայ Համայնքներու» ըսաւ Սրբազան հայրը:

 Եկեղեցական կեանքի միութիւնը եւ բազմազանութիւնը

«Առաջին հերթին, ինչպէս ըսի, այս Եկեղեցւոյ մէջ կան չորս տարբեր ծիսական աւանդութիւններ՝ Լատինական, Հայկական, Քաղդէական եւ Ասորական, իւրաքանչիւրը իր հոգեւոր, պատմական եւ եկեղեցական կեանքի առումով հարստութեան աղբիւր հանդիսացող: Այս տարբերութիւններուն փոխանակումը կրնայ յատկապէս ցոյց տալ Քրիստոսի Հարսին դիմագիծին ամէնէն գեղեցիկ յատկանիշներէն մէկը՝ կաթողիկէութիւնը, որ կը միացնէ: Սեղանին շուրջ ամրապնդուած միութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է, եւ իբրեւ այդպիսին, ուժեղ է ու անյաղթ, որովհետեւ Անոր շնորհքին գործն է», ըսաւ Սրբազան Հայրը

Միութիւն ոչ-Քրիստոնեայ համայնքներուն Հետ 

«Աստուծոյ Խօսքին կողմէ մեզի յիշեցուած կապը՝ ոչ-Քրիստոնեայ համայնքներուն պատկանողներուն հետ կապն է։ Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր շատ յաճախ կրօնքը կ՚օգտագործուի պատերազմներ եւ գազանութիւններ արդարացնելու համար: Սակայն մենք գիտենք, թէ ինչպէս Կաթողիկէութեան Երկրորդ Ժողովը կը հաստատէ. «Մարդուն հայր Աստուծոյ հանդէպ ունեցած վերաբերումը եւ մարդուն իր եղբայրներուն հանդէպ ունեցած վերաբերումը այնքան կապակցուած են, որ Գիրքը կ՚ըսէ. «Ան որ չի սիրեր, Աստուծոյ չի ճանչնար» (Ա Յովհ. 4,8)» (Հռչ. Nostra aetate, 5): Ուստի կ՚ուզենք միասին քալել՝ արժեւորելով այն ինչ որ մեզի կը միացնէ, քանդելով նախապաշարումի եւ անվստահութեան պատերը, խրախուսելով փոխադարձ գիտակցութիւնը եւ յարգանքը, որպէսզի բոլորին տանք յոյսի ուժեղ պատգամ մը եւ հրաւէր մը՝ դառնալու «խաղաղութեան գործիչներ» (Մատթ. 5,9)», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու քարոզը աւարտեց նշելով

«Սիրելինե՛ր, այս արժէքները դարձնենք Յիսնակացի ժամանակաշրջանի մեր նպատակները եւ առաւել եւս՝ մեր անձնական եւ համայնքային կեանքին ծրագիրները։ Մեր քայլերը կը շարժին ինչպէս կամուրջի վրայ, որ կը միացնէ երկիրը Երկնքին, եւ զոր Տէրը մեզի համար ձգած է։ Միշտ մեր աչքերը հաստատ պահենք անոր ափերուն վրայ, որպէսզի ամբողջ սրտով սիրենք Աստուած եւ եղբայրները, որպէսզի միասին քալենք եւ կարենանք, օր մը, մենք մեզի վերագտնել Հօր տան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2025, 14:07