Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը «Իտալիոյ Օգոստինեան վանքերուն դաշնութեան» ժողովի մասնակիցներուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 13 նոյեմբերին, առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Իտալիոյ Օգոստինեան վանքերուն դաշնութեան» ժողովի մասնակիցները ու անոնց ուղղած խօսքը կեդրոնացուց կրօնաւորներուն կեանքին ու առաքելութեան երեք հիմնական կողմերուն վրայ։
Սիւնոդասական ծաւալն ու Հաղորդութիւնը
Քահանայապետը իր ուրախութիւն յայտնեց հանդիպումին համար եւ ընդգծեց, թէ ինչպէ՛ս տարբեր վանական իրողութիւններու միացումը նոյն Օգոստինեան խարիզմի ներքեւ կենսական նշան մըն է այն պահուն, երբ Եկեղեցին կը խթանէ իր սիւնոդասական ծաւալը ու յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապին «միասին քալելու» եւ Հոգիին ձայնը լսելու հրաւէրը, բազմազանութիւնը տեսնելով որպէս հարստացում եւ սիրոյ մարգարէական վկայութիւն մը, որ կենսական է երկխօսութեան՝ քիչ մը հակուած աշխարհի մը մէջ։
Աստուծոյ հետ Միութեան Ուրախութիւնը
Մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսը«Այս է երջանկութիւնը. քեզի համար, քեզմով, քեզի պատճառով ուրախանալ, եւ ասկէ զատ ուրիշ մը չկայ», քահանայապետը հրաւիրեց միանձնուհիները, որ անբաժան սիրով նուիրուին իրենց կոչումին, եռանդով գրկելով վանական կեանք՝ պաշտամունք, աղօթք, խորհրդածութիւն, փոխադարձ օգնութիւն, ընդգծելով որ Երկնային Փեսային հետ այս մտերմութիւնը խաղաղութիւն կը ծնի եւ յոյսի պատգամ մը կը փոխանցէ, որ հազար բառերէ աւելի ճարտարախօս է։
Սիրոյ Վկայութիւնը
Նորին Սրբութիւնը նշեց որ Օգոստինեան Կանոնին հաւատարիմ՝ միանձնուհիները կանչուած են ընդօրինակելու առաջին Քրիստոնեայ Համայնքի կեանքը։ Անոնք պէտք է ջանան իրար սիրել անկեղծ սիրով, աշխարհի մէջ սփռելով «Քրիստոսի բարի բուրմունքը» եւ ամէն մարդ իրենց ծածուկ աղօթքներուն մէջ կրելով։ Միանձնուհիներուն օրինակը՝ լուռ սիրոյ ու զուսպ՝ ազատ «երեւոյթներու ծառայութենէն», հոգատարութեան տիպար մըն է առօրեայ կեանքին համար՝ ընկերութեան մը մէջ, որ չափազանց արտաքինին վրայ կը կեդրոնանայ։
Դաշնութեան Կարեւորութիւնը
Քահանայապետը երրորդ կէտը կեդրոնացուց Դաշնութեան վրայ՝ որպէս միաւորման ձեւ մը, պահանջ մը՝ որ արդէն քաջալերուած էր Աստուծոյ ծառայ Պիոս ԺԲ-ի կողմէ եւ զօրեղօրէն վերահաստատուած՝ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ։
Նորին Սրբութիւնը սահմանեց Դաշնութեան նախաձեռնութիւններուն անդամակցիլն ու մասնակցիլը որպէս դժուարին մարտահրաւէր մը, որմէ անկարելի է խուսափիլ, նոյնիսկ եթէ զոհողութիւններ կը պարունակէ հրաւիրելով յաղթահարելու «ինքնագովութեան» փորձութիւնը, փոխարէնը խոստանալով մեծ օգուտներ համայնքներուն, մասնաւորապէս՝ կազմաւորման մէջ։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց Սուրբ Օգոստինոսէն մէջբերումով մը՝ կարգը ընդունելու մասին, որպէս ճանապարհ՝ հասնելու այն բանին, որ կը սիրեն,
ու շնորհակալութիւն յայտնեց միանձնուհիներուն իրենց ներկայութեան եւ աղօթական աջակցութեան համար, խոստանալով իր աղօթքը եւ տալով իր օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
