Լեւոն ԺԴ. Անտեսել խոցելիները ընդհանուր մարդկայնութիւնը ուրանալ է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. լսատեսողական պատգամով մը ողջունեց Պելեմի Ամազոնիանի թանգարանին մէջ համախմբուած Աշխարհի հարաւը գտնուող տեղական եկեղեցիները, միանալով ՄԱԿ- COP30-ին մասնակցող կարդինալներուն մարգարէական ձայնին ու վերահաստատելով, թէ Ամազոնիանի տարածքը Արարչագործութեան կենդանի խորհրդանիշ մըն է՝ խնամքի յետաձգելի կարիքով։
Կլիմայական Ճգնաժամի անյետաձգելիութիւնը։
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ արարչագործութիւնը կը գոռայ ծայրայեղ կլիմայական երեւոյթներու՝ ջրհեղեղներու, երաշտներու եւ փոթորիկներուն միջոցաւ, դիտել տալով որ կլիմայական փոփոխութիւնը հեռու սպառնալիք մը չէ, մանաւանդ խոցելիութեան մէջ ապրողներուն համար։ Անտեսել այդ մարդիկը՝ մեր ընդհանուր մարդկայնութիւնը ուրանալ է», նշեց Սրբազան Հայրը։
Փարիզի Համաձայնագիրը եւ քաղաքական համքը
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց, թէ Փարիզի Համաձայնագիրը կը մնայ մոլորակը պաշտպանելու ամենէն զօրաւոր գործիքը ու նշեց թէ յստակօրէն ձախողողը Համաձայնագիրը չէ՝ ապա մենք ենք, որ կը ձախողինք պատասխան տալու մէջ։ Հիմնական պակասը ոմանց քաղաքական կամքին բացակայութիւնն է, ըսաւ Ան։
Առաջնորդութիւն եւ ընդհանուր բարիք
Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ ճշմարիտ առաջնորդութիւնը ծառայութիւն եւ աջակցութիւն է ու զօրաւոր կլիմայական գործողութիւնները եւ քաղաքականութիւնները ներդրում մըն են՝ առաւել հաւասար տնտեսական համակարգեր եւ աւելի արդար ու կայուն աշխարհի մը համար։
Քահանայապետը պատգամը աւարտեց քաջալերելով քալելու գիտնականներուն, առաջնորդներուն եւ ամէն դաւանանքի հովիւներուն կողքին՝ արագ գործելով արարչագործութեան պահապաններուն նման ու կոչ ըրաւ անսասան համերաշխութեան մը՝ ի նպաստ Փարիզի Համաձայնագրին եւ կլիմայական համագործակցութեան, որպէսզի Ամազոնիանի Թանգարանը յիշուի իբրեւ այն վայրը, ուր մարդկութիւնը ընտրեց համագործակցութիւնը՝ բաժանումի եւ ժխտումի փոխարէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
