Լեւոն ԺԴ. «Փնտռել Աստուծոյ դէմքը կարիքաւոր եղբօր եւ քրոջ մէջ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 6 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Յիսուս-Մարիամի կրօնաւորուհիներուն եւ Սուրբ Քարլօ Պոռոմէօ միսիոնարուհիներուն (Սքալապրիան) ընդհանուր ժողովին մասնակիցները։
Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ թէեւ երկու միաբանութիւններն ալ ծնած են տարբեր պայմաններու մէջ, սակայն ունեցած են աղքատներու նկատմամբ նոյն սէրը։ Յիսուս-Մարիամի Կրօնաւորուհիները (Սուրբ Քլոտին Թեւենէ) կեդրոնացած են կարիքաւոր երիտասարդ աղջիկներուն վրայ։ Սուրբ Քարլոս Պորոմէոսի Միսիոնարուհիները (Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Սքալապրինի եւ ընկերները) նուիրուած են գաղթականներուն։
Քահանայապետը նկատել տուաւ, որ ընդհանուր ժողովին համար ընտրուած նիւթերը («Յիսուս Ինքը մօտեցաւ» եւ «Ուր որ դուն երթաս, ես ալ պիտի երթամ») կը համարուին լրացնող, որովհետեւ կը յայտնեն Աստուծոյ նախաձեռնութեան եւ մարդուն քաջալերող պատասխանին միաձուլումը։
Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ վերոյիշեալ երկու միաբանութիւններու Հիմնադիրները ծանր պայմաններու (Ֆրանսական Յեղափոխութիւն, զանգուածային արտագաղթ) մէջ չեն յուսահատած։ Անոնց հաւատարմութեան գաղտնիքը կը գտնուի Յարութիւն առած Յիսուսի հետ հանդիպման մէջ, որ ելակէտ է քաջալերութեամբ բարեսիրութեան նուիրուելու համար։
«Սակայն, անոնցմէ ոչ մէկը ետ քաշուեցաւ, ոչ ալ յուսահատեցաւ, նոյնիսկ հիմնադրութիւններէն ետք յառաջացած դժուարութիւններուն առջեւ։ Եւ այդքան հաւատարմութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել Յարութիւն առած Յիսուսի հետ հանդիպման մէջ։ Անորմէ սկսաւ ամէն ինչ իրենց համար եւ նաեւ ձեզի համար։ Անորմէ կը սկսի եւ անկէ կը վերսկսի, երբ անհրաժեշտ է՝ շարունակելու համար քաջութեամբ եւ համառութեամբ ինքզինք նուիրել բարեսիրութեան մէջ»։
Յիսուսը կեդրոն զետեղել շատ տեղ տալով աղօթքին եւ լռութեան։
Քահանայապետը ապա յանձնարարեց ըսելով «Այս օրերուն, Թո՛ղ Ան՝ Յիսուսը միշտ կեդրոնը ըլլայ. շա՜տ տեղ տուէք աղօթքին եւ լռութեան, ձեր բոլոր աշխատանքներուն ընթացքին։ Ընդհանուր Ժողովին ընթացքին կարեւորագոյն լուսաւորումները կ՝ընկալուին «ծունկի վրայ», եւ այն ինչ որ կը հասունանայ ժողովին դահլիճներուն մէջ կարիքը ունի սերմանուելու եւ քննուելու Խորանին առջեւ ու Բանին ունկնդրութեամբ։ Միայն Տիրոջ ունկնդրելով է որ կը սորվիք իսկապէս իրարու ունկնդրել»։
Քաջալերութիւն բարեսիրութեան Մէջ
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց «փնտռել Աստուծոյ դէմքը կարիքաւոր եղբօր եւ քրոջ մէջ»՝ համարձակութիւն ունենալով ձգելու սեփական ապահովութիւնները եւ նոր ճամբաներու մէջ ինքզինք նետելու, եթէ Տէրը կը պահանջէ ու պատգամը աւարտեց՝ քաջալերելով քոյրերը ապրելու իրենց ընդհանուր Ժողովին Աստուծոյ խոնարհ ունկնդրութեամբ եւ ուրիշներու կարիքներուն քաջալերող ուշադրութեամբ, շնորհակալութիւն յայտնելով համայն աշխարհի մէջ իրենց գործունէութեան համար եւ սրտանց օրհնելով զանոնք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
