Լեւոն ԺԴ.ի ցաւակցական գիրը Կարդինալ Տուքայի մահուան առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի վեց նոյեմբերին հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին ցաւակցական գիրը ուղղուած Փրակայի Արքեպիսկոպոս Գերպ. Եան Կրոպներին, անցեալ 4 նոյեմբերին մահացած 82 տարեկան Կարդինալ Տոմինիք Տուքայի մահուան առիթով։
Սրբազան Պապը իր յղած ցաւակցագիրով ցաւակցութիւններ եւ մօտիկութիւն կ՜արտայայտէ Ծիրանաւորի Եկեղեցական հասարակութեան, անոր միաբանակից եղբայրներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ հաւատացեալներուն, որոնք հանգուցեալին մէջ գտան «հաւատքի մէջ կաղապարուած եւ Աւետարանի անվախ քարոզիչ Հովիւ մը»։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ գոհունակութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ «անոր հովուական խիտ գործունէութեան համար», յիշելով «անոր քաջութիւնը` հալածանքներու շրջանին, երբ ան ազատութենէն զրկուած, չի զլացաւ իր յարումը արտայայտելու Քրիստոսին ու Եկեղեցւոյ»։
«Հօր սրտով Ան առաջնորդեց Աստուծոյ ժողովուրդը, խթանելով հաշտութիւնը, կրօնի ազատութիւնը եւ հաւատքի ու ընկերութեան միջեւ երկխօսութիւնը» կը գրէ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով, որ «անոր եպիսկոպոսական առաքելութիւնը հիմնուած էր Տոմինիքեան խարիզմի ճշմարտութեան եւ սիրոյ վրայ» որով Ան «կը մնայ առաքելութեան ի սպաս նուիրումի տիպար մը»։
Սրբազան Պապը հեռագիրը կ՛ աւարտէ այս «բարի ծառային հոգին յանձնելով Աստուածային ողորմութեան», աղօթելով` որ «Տէրը զայն ընդունի իր Արքայութեան ուրախութեան մէջ» ապա իր առաքելական օրհնութիւնները կը փոխանցէ բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան Ծիրանաւորին մահը ու կը մասնակցին անոր յուղարկաւորութեան արարողութեան»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
