Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Պաղեստինի նախագահը

Լեւոն ԺԴ Պապին եւ Մահմուտ Ապպասի միջեւ կայացած հանդիպումին առիթով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տարածեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը նշուի թէ այս հանդիպումը կայացաւ. «Սուրբ Աթոռի և Պաղեստինի պետութեան միջև Համապարփակ համաձայնագրի 10-ամեակի շրջագիծէն ներս (26 Յունիս 2015, ու նաեւ թէ սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին ընդգծուեցաւ «Կազայի խաղաղ բնակչութեան օգնութիւն ցուցաբերելու և հակամարտութեան վերջ դնելու հրատապութիւնը՝ հետապնդելով երկու պետութիւններ լուծման հեռանկարը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի` 6 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Տիար Մահմուտ Ապպասը` Պաղեստինի Հանրապետութեան նախագահը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները։

Այցելութիւն Ֆրանչիսկոս Պապի շիրիմին

Այս առընչութեամբ յայտնենք, որ Պաղեստինի նախագահը, երէկ, չորեքշաբթի 5 նոյեմբերի կէսօրէն ետքը ուզեց այցելել Ֆրանչիսկոս Պապին շիրիմը` Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ, այնտեղ զետեղելով ծաղկեփունջ մը։ Անոր կ՜ընկերանար Հայր Իպրահիմ Ֆալթասը, Սուրբ Երկրի պահակութեան երբեմնի փոխանորդը։

Տաճարէն դուրս գալու պահուն Նախագահ Ապպասը յայտարարեց. «Ես եկայ Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ, քանի որ չեմ կարող մոռնալ, թէ ինչ ըրաւ Ան Պաղեստինի և պաղեստինեան ժողովրդին համար, և չեմ կարող մոռնալ, որ Ան ճանչցաւ Պաղեստինը առանց որևէ մէկու խնդրանքին»։

Վատիկանի պարտէզներուն մէջ աղօթքի պատմական պահէն տասնմէկ տարիներ ետքը

Նշենք` որ տասնմէկ տարիներ առաջ Մահմուտ Ապպասը մասնակցած էր Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ կայացած աղօթքի պատմական պահուն, 7 Յունիս 2014-ին, այդ ժամանակուայ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի հետ միասին, հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապի գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա.-ին։

Մահմուտ Ապպասը առիթը ունեցած էր մի քանի անգամներ հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ եւ վերջինը եղած էր 12 դեկտեմբեր 2024-ին եւ ահա այսօր Ան հանդիպում ունեցաւ նորընտիր Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի համաձայնագրի ուժի մէջ մտնելէն գրեթէ մէկ ամիս ետքը։

Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ հեռախօսազրոյցը

Նշենք որ Տիար Ապպասը անցեալ 21 Յուլիսին հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ, որուն կիզակէտը հանդիսացած էին Կազայի հատուածին մէջ հակամարտութիւնը եւ Այսրյորդանանի մէջ բռնութիւնները։ Այս զրոյցի ընթացքին Սրբազան Պապը նորոգած էր իր կոչը ի նպաստ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի յարգանքին, ընդգծելով քաղաքացիներու եւ սրբազան վայրերու պաշտպանութեան պարտաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ուժի անխտիր կիրառման և բնակչութեան հարկադիր գեղափոխման արգելքը, ինչպէս յայտարարուած էր այդ օր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Այսօրուան հանդիպումը

Լեւոն ԺԴ Պապին եւ Մահմուտ Ապպասի միջեւ այսօր կայացած հանդիպումին առիթով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տարածեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը նշուի թէ այս հանդիպումը կայացաւ. «Սուրբ Աթոռի և Պաղեստինի պետութեան միջև Համապարփակ համաձայնագրի 10-ամեակի շրջագիծէն ներս (26 Յունիս 2015), ու նաեւ թէ սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին ընդգծուեցաւ «Կազայի խաղաղ բնակչութեան օգնութիւն ցուցաբերելու և հակամարտութեան վերջ դնելու հրատապութիւնը՝ հետապնդելով երկու պետութիւններ լուծման հեռանկարը»։

Քահանայապետին օրուան այլ հանդիպումները

Նախագահը ընդունելէն առաջ Սրբազան Պապը յաջորդաբար ընդունած էր Ճափոնի Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպան Տիար Քիպա Աքիրան, հրաժեշտի այցելութեան առիթով, ապա Գերապ. Ճորտանօ Փիչչինոթթին, Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան վարչութեան նախագահ եւ Քոյր Ռաֆֆայելլա Փեթրինին, Վատիկան Քաղաք-Պետութիւն Կառավարչատան նախագահը, հուսկ Կարդինալ Մարիօ Կրէքը` Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարութեան ընդհանուր Քարտուղարը, որմէ ետքը Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու Խորհուրդի եւ Եւրոպական Եկեղեցիներու Խորհուրդի անդամներուն ինչպէս նաև Եւրոպայի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն` որոնք ստորագրեցին «Տիեզերական փաստաթուղթը», որ կը յատկանշէ Եւրոպական Եկեղեցիներու համամիութենական ճանապարհորդութեան կարևորագոյն փուլը՝ վերահաստատելով անոնց յանձնառութիւնը՝ միասին քայլելու երկխօսութեան, փոխ ըմբռնման և համատեղ վկայութեան մէջ՝ ի պատասխան մեր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն։

Սոյն հանդիպումին յաջորդեց Տիար Մահմուտ Ապպասի հետ հանդիպումը ապա Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի Արքեպիսկոպոս Գերապ. Փիթըր Սուն-Թայք Շունկի հետ հանդիպումը, որոնցմէ ետքը Լեւոն ԺԴ. ունկնդրութիւն շնորհեց երկու միաբանութիւններու ընդհանուր ժողովներու մասնակիցներուն` Յիսուս Մարիամ միաբանութեան կրօնաւորուհիները եւ Սուրբ Քարլօ Պորրոմէոյի միսիոնար քոյրերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2025, 11:45