Լեւոն ԺԴ. Պապը աղօթեց Ֆրանչիսկոս Պապի շիրիմին վրայ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Երկուշաբթի` 3 նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը նախ քան Քասթել Կանտոլֆօ մեկնիլը ուզեց հանգրուան կատարել Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, յարգանքի տուրք մատուցելու իրեն նախորդ Ֆրանչիսկոս Պապին։
Ան Տիրամօր նուիրուած տաճար ժամանեց ժամը 20.05-ին եւ ուղղուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին գերեզման, ուր պահ մը աղօթեց եւ ծունկի գալով զետեղեց ճերմակ վարդերու փունջ մը, ապա փոխադրուեցաւ շիրիմի մօտ գտնուող Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը պահպանող մատուռ` ուր Ֆրանչիսկոս Պապը սովոր էր երթալ իւրաքանչիւր առաքելական ճամբորդութենէն առաջ եւ ետքը, այնտեղ եւս պահ մը ամփոփուելով աղօթքի մէջ, հուսկ ժամը 20.15 անց թողուց տաճարը եւ ուղղուեցաւ Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց ուր Ան կը փոխադրուի երկուշաբթի օրերը վերադարձ կատարելով երեքշաբթի երեկոյեան։
Յայտնենք` որ 2 նոյեմբերը ըստ լատինաց օր մեռելոց է եւ այդ օր Լեւոն ԺԴ.ը Հռոմի Վերանօ գերեզմանատան մէջ մատոյց համայն ննջեցեալներուն նուիրուած հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը եւ նոյնը կատարեց նաեւ երկուշաբթի առաւօտեան` Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ մատուցելով պատարագ մը նուիրուած իրեն նախորդ Ֆրանչիսկոս Պապին ու բոլոր այն կարդինալներուն եւ եպիսկոպոսներուն, որոնք իրենց մահկանացուն կնքեցին վերջին տարուայ ընթացքին, որոնց շարքին յիշենք նաեւ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդը` Արհիապատիւ Պօղոս Եպիսկոպոս Հէքիմեանը։
Առաւօտեան պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Լեւոն ԺԴ. յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց` թէ Ան մահացաւ բանալէ ետք Սուրբ Դուռը եւ իր համայն աշխարհին Զատկական իր Օրհնութիւնը շնորհելէն ետքը։
Նշենք որ անցեալ 10 մայիսին եւս Լեւոն Պապը, իր ընտրութենէն երկու օրեր ետքը, այցելութիւն տուած էր Ֆրանչիսկոսի դամբանին ապա նոյնը կատարած էր 22 Յունիսին, Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առիթով տեղի ունեցած թափօրի աւարտին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
