Իտալիոյ Նորչա քաղաքի Սուրբ Պենետիկտոս Պազիլիքայի վերաբացումը` հոգեւոր վերածնունդի նշան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
2016 թուականի երկրաշարժէն ինը տարիներ ետք` Իտալիոյ Նորչա քաղաքի Սուրբ Պենետիկտոսի անուան պազիլիքան վերաշինութեան երկար աշխատանքներէն ետքը, վերջապէս իր դռները բացաւ հաւատացեալներու առջեւ, եւ այս պատահեցաւ 31 հոկտեմբեր 2025-ին յատուկ արարողութեամբ մը, զոր գլխաւորեց Սփոլեթօ - Նորչա Թեմի Արքեպիսկոպոսը Գերապ. Ռենաթօ Պոքքարտօն ի ներկայութեան եկեղեցական եւ քաղաքական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն։
Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ այս առիթով ընթերցեց Լեւոն ԺԴ. Պապին մէկ պատգամը, որուն մէջ ան բացման արարողութեան ձեռնարկը որակած է «Կրօնական վերածնունդի նշանը» եւ համայն քրիստոնեայ հասարակութեան համար յոյս, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ իշխանութիւններուն ու շինարարական աշխատանքի մէջ ներգրաւուած բոլոր անձերուն, որոնք կարելի դարձուցին «Պենետիկտեան հոգեւորականութեան տրոփող սրտին» վերաշինութիւնը
Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Գերապ. Ռենաթօ Պոքքարտօ Եկեղեցւոյ մասին արտայայտուեցաւ որպէս «Աստուծոյ տունը մարդոց տուներու միջեւ» յիշեցնելով անոր գեղեցկութիւնը, որ չի կայանար միայն վերակառուցուած պատերուն մէջ, այլ զայն բնակող հասարակութեան կենսունակութեան մէջ։
Պատարագիչ Եպիսկոպոսը հուսկ յիշելով Եւրոպայի պաշտպան սուրբ` Սուրբ Պենետիկտոսը, հրաւիրեց վերագտնել «Պենետիկտեան զօրակցութիւնը» որպէս պատասխան` ցամաքամասի դիւրաբեկութիւններուն, պատերազմներէն մինչեւ բարոյական յարաբերականութիւնները, եւ որպէս հիմք` աւելի միացած եւ ողորմած ընկերութեան մը։
Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին ի միջի այյոց տասնվեց եպիսկոպոսներ եւ Պենետիկտեան վանքերու Աբբահայրեր, որոնց շարքին նաեւ Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին եւ Պենետիկտեան միաբնութեան ընդհանուր մեծաւոր` Երեմիաս Շրոյտէրը։ Ներկայ էին նաեւ Իտալիայի եւ Եւրոպայի քաղաքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչները վկայելու համար այս վերածնունդի ոչ միայն հոգեւոր արժէքը, այլ նաեւ մշակութային ու քաղաքացիական արժէքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
