Յոյս, զօրակցութիւն եւ յանձնառում. Աղքատներու համաշխարհային Օրուան պատարագ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
16 նոյեմբերին նշուող Աղքատներու համաշխարհային Օրուան եւ Յոբելենական տարուան ծիրէն ներս աղքատներու յոբելեանին առիթով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտ քսան հազար ուխտաւորներ, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորած Օրուան նուիրուած Սուրբ Պատարագը ի ներկայութեան բազմահազար աղքատներու եւ այս առիթով արտասանած իր քարոզը կեդրոնացուց օրուան իմաստին վրայ ընդգծելով յոյսին, զօրակցութեան եւ յանձնառումի կարեւորութիւնը։
Արդարութեան արեգակը
Քարոզին սկիզբը Քահանայապետը ակնարկեց տարուայ աւարտի ծիսական ժամանակացոյցին որ մեզ կը հրաւիրէ, ըսաւ Ան, խորհելու «ժամանակներու աւարտի մասին ու Աստուծոյ Արքայութեան գալուստի մասին» որ կը խորհրդանշէ «արդարութեան արեգակը» որ կը ծագի Յիսուս Քրիստոսի հետ։
Ան է արդարեւ այդ Արքայութեան կենդանի ներկայութիւնը որ կը յայտնուի պատմութեան ողբերգական իրադարձութիւններուն մէջ տառապողին նուիրելով յոյս եւ մխիթարութիւն, ու այդ մէկը ընելով յատկապէս աղքատին ու բացառուածին։
Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը յիշեց որ նոյնիսկ հալածանքներու ու դժուարութիւններու մէջ Աստուած երբեք միայնակ չի թողուր իր զաւակները։
Աստուած մեզ միայնակ չի թողուր
«Հալածանքներու, տառապանքներու ու յոգնութիւններու մէջ ինչպէս նաեւ կեանքի եւ ընկերութեան ճնշումներու ժամանակ Աստուած մեզ երբեք միայնակ չի թողուր։ Ան կը յայտնուի որպէս Ան, որ մեր կողմը կը բռնէ» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ ինչպէս Սուրբ գրութիւնները կը վկայեն թէ Աստուած կողմնակից եղած է փոքրին, որբին, օտարականին ու այրիին։ Եւ իր Զաւկին Յիսուսին մէջ, անոր մօտիկութիւնը հասնի իր սիրոյ գագաթնակէտին։ Ասոր համար Քրիստոսի խօսքը կը դառնայ ուրախութիւն եւ աղքատներուն համար յոբելեան, տրուած ըլլալով, որ Ան եկաւ աղքատներուն հռչակելու բարի լուրը եւ քարոզելու Տիրոջ շնորհքի տարին» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ այս հոգիով է որ կը յիշատակուի աղքատներուն Յոբելեանը, ուրախութեան ու նորոգուած ուշադրութեան պահ մը` աւելիով դիւրաբեկներու պահանջներուն։
Աշխարհի վրայ ճնշող աղքատութիւններ
Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա աշխարհին վրայ ճնշող բազմաթիւ աղքատութիւններուն, նիւթական ու նաեւ բարոյական եւ հոգեւոր, որոնք կը հային յատկապէս երիտասարդներուն որոնք յաճախ կ՛ապրին առանձնութեան մէջ հրաւիրելով մշակելու «ուշադրութեան մշակոյթը» ուշադիր ըլլալով միւսին, ուր որ ալ գտնուինք, ըլլայ ընտանիքի, աշխատանքի եւ ըլլայ նաեւ թուային աշխարհին մէջ։
Կոչ ի սպաս ուշադրութեան մշակոյթին
Նորին Սրբութիւնը առ այդ կոչ ըրաւ հաւատացեալներուն, քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն, կոտրելու առանձնութեան եւ անտարբերութեան մշակոյթը՝ զարգացնելով համապարփակ ուշադրութիւն դժուարութիւններու մէջ գտնուողներու նկատմամբ։
«Կոչ կ՛ ընեմ պետութիւններու ղեկավարներուն և ազգերու առաջնորդներուն անսալու ամենաաղքատներու աղաղակին։ Առանց արդարութեան չի կարող խաղաղութիւն ըլլալ, և աղքատները այդ մէկը մեզի կը յիշեցնեն բազմաթիւ ձևերով՝ իրենց գաղթականութեամբ և իրենց աղաղակով, որ յաճախ կը խեղդուի բարեկեցութեան և առաջընթացի առասպելով, որ կ՛ անտեսէ բոլորը և, իրօք, կը մոռնայ շատերը՝ զանոնք թողելով իրենց ճակատագրին» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով նաեւ որ աղքատութիւնը, ըլլայ ան նիւթական կամ բարոյական, մեզի մարտահրաւէր կը նետէ կիսելու, կամուրջներ կառուցելու պատերու փոխարէն և մեր գործերու միջոցաւ վկայելու Աստուծոյ ողորմած դէմքը։
Կամուրջներ կառուցել
Լեւոն ԺԴ. ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն հաստատութիւններուն ու կամաւորներուն, որոնք կը զբաղին աղքատներով ու անոնց հոգ տանելով։
«Եկեղեցին ըսաւ Սրբազան Պապը մօր մը նման կը քալէ անոնց հետ որոնք կը քալեն։ Այնտեղ ուր աշխարհը կը տեսնէ սպառնալիք ան կը տեսնէ զաւակներ, այնտեղ ուր կը կառուցին պատեր ան կը կառուցէ կամուրջներ» ապա հրաւիրեց հետեւելու իրենց կեանքը աղքատներուն նուիրած Սուրբերու օրինակին, նման Սուրբ Benedetto Giuseppe Labre-ին, որ «իր «Աստուծոյ պանդուխտ»ի կեանքով ունի բոլոր յատկութիւնները դառնալու բոլոր տնանկ աղքատներու պաշտպան սուրբը» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա հայցեց` որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի օգնէ մտնելու Արքայութեան նոր տրամաբանութեան մէջ, որպէսզի մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ միշտ աւելիով ներկայ ըլլայ Աստուծոյ սէրը որ կ՜ընկալէ, կը ներէ, կը խնամէ վէրքերը, կը մխիթարէ եւ կը բուժէ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
