Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Երիտասարդներուն. Մեծ երազելու ժամանակն է, դուք եկեղեցիին ներկան էք։

Լեւոն ԺԴ. Պապը տեսակապով մինաալով Ինտիանապոլիսի Լուքաս Օյլ Մարզադաշտին մէջ համախմբուած Ազգային Կաթողիկէ Երիտասարդներու Համագումար-ին 16,000 մասնակիցներուն հրաւիեր չխեղդել հաւատքը քաղաքական դասաւորումներու մէջ ու յորդորեց նոր արհեստավարժութիւնները տեսնել իբրև ուղեկցութիւն դէպի հասուն տարիքը, զգուշանալով «յարմարաւետութիւններէն» ու մակերեսային բաներէն, եւ խնամել Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը տեսակապի միջոցաւ խօսեցաւ Ինտիանապոլիսի Ազգային Կաթողիկէ Երիտասարդներու Համագումարին հաւաքուած 16 հազար երիտասարդներուն հետ, յորդորելով զանոնք քաջութեամբ ապրելու իրենց հաւատքը, «մեծ երազել» եւ ըլլալ ոչ միայն Եկեղեցիի ապագան, այլ նաեւ ներկան։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ ընդգծեց, որ երիտասարդները ոչ միայն Եկեղեցիի ապագան են, այլ նաեւ ներկան, եւ որ անոնց ձայները, գաղափարները եւ հաւատքը էական են այսօր։

Մեծ Երազել եւ Մեծութիւն։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ նշեց որ կեանքը ստեղծուած չէ յարմարութեան կամ մակերեսայնութեան համար, այլ մեծութեան, առատաձեռնութեան եւ ճշմարտութեան, գեղեցկութեան ու բարութեան որոնման համար, որոնք կը գտնուին Յիսուսի մէջ։

Հաւատքը Ոչ Քաղաքական: Քահանայապետը զգուշացուց երիտասարդները՝ հաւատքն ու քաղաքականութիւնը խառնելէ ընդգծելով, որ Եկեղեցին չի պատկանիր որեւէ քաղաքական կուսակցութեան, այլ կ'օգնէ խիղճը ձեւաւորելու։

Բարեկամութիւն Յիսուսի Հետ

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց Յիսուսի հետ իսկական բարեկամութիւն մշակել, մանաւանդ դժուարին կամ մոլորման պահերուն, յիշեցնելով, որ Ան ամէնէն լաւը կը հասկնայ։ Հարցումի մը պատասխանելով Նորին Սրբութիւնը վստահեցուց, որ թէեւ դժուար է, սակայն Աստուած երբեք չի յոգնիր ներելէ։ Պէտք է վստահութեամբ նայինք Յիսուսի, այլ ոչ միայն կեդրոնանանք մեր մեղքերուն վրայ։


Արհեստագիտութեան գործածութիւնը եւ Արհեստական Բանականութիւնը

Նորին Սրբութիւնը յորդրոեց որ արհեստագիտութիւնները, ներառեալ Արհեստական Բանականութիւնը պէտք է գործածուին իմաստութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ, որպէս գործիքներ՝ ուղեկցելու չափահասութեան եւ սրբութեան ճանապարհը, այլ ոչ թէ զայն թուլացնելու ու հրաւիրեց հետեւելու Սուրբ Քարլօ Աքիւթիսի օրինակին եւ թոյլ չտալու, որ Արհեստական բանականութիւնը փոխարինէ իրենց քննադատական մտածողութիւնը եւ մարդկային կապեր ստեղծելը։

Մեկուսացած չմնալ

Լեւոն ԺԴ. Պապը նկատել տուաւ որ՝ այն ատեն երբ երիտասարդները զգան, որ չեն հասկցուիր, պէտք է յաղթահարեն «զիս ոչ ոք չի հասկնար» մեկուսացնող միտքը եւ վստահին Աստուծոյ, միաժամանակ փնտռելով անկեղծ բարեկամներ, որոնք կ'օգնեն իրենց մօտենալ Յիսուսի։


Մտահոգութիւն Ապագայի Համար

Քահանայապետը վստահեցեցուց Յիսուսի պաշտպանութեան, առաջնորդութեան եւ անվերջ սիրոյ մասին, որոնք միշտ պիտի տրուին եկեղեցական համայնքին։ «Աստուած մեզ կը սիրէ, Աստուած բոլորդ կը սիրէ, եւ չարը չի յաղթահարէ։ Մենք բոլորս Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ենք»։ Յիսուս կը փափաքի, որ բոլորը իրեն մօտենան եւ ես այս փափաքը կը տեսնեմ յատկապէս երբ կը հանդիպիմ երիտասարդներու, որոնք անկեղծօրէն Աստուած կը փնտռեն։Ուստի, Եկեղեցին կը պատրաստուի գալիքին՝ մնալով հաւատարիմ Քրիստոսի պահանջներուն. չի թողուր, որ մտահոգութիւնները յաղթահարեն զինք, կը վստահի, որ «մնացեալ բոլորը տեղը պիտի գան», Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ։ Եկեղեցին մեր բոլորին կարիքը ունի, ներառեալ ձեր կարիքը, մինչ մենք կ'առաջանանք դէպի այն ապագան, որ Աստուած կը պատրաստէ», ըսաւ Սրբազան Հայրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2025, 09:52