Լեւոն ԺԴ. Թո՛ղ յոյս ըլլայ պատերազմներով եւ համաշխարհային բարձր տաքութեամբ այրուող աշխարհի մը մէջ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը յղեց Պելեմի մէջ տեղի ունեցող (COP30), Երեսուներորդ համաժողովի մասնակիցներուն, զոր կարդաց Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը կեդրոնացուց խաղաղութեան հաստատման եւ արարչագործութեան պահպանման միջեւ գոյութիւն ունեցող անբաժանելի կապի վրայ։
Եթէ կ'ուզես խաղաղութիւն մշակել, պահպանէ արարչագործութիւնը
«Խաղաղութեան հաստատման եւ արարչագործութեան կառավարման միջեւ յստակ կապ մը կայ. Տրուած ըլլալով իրենց համաշխարհային բնոյթը, այս մարտահրաւէրները վտանգի տակ կը դնեն այս մոլորակին վրայ բոլորին կեանքը եւ հետեւաբար, կը պահանջեն միջազգային համագործակցութիւն եւ համախմբուած ու առաջատես բազմակողմանիութիւն, որ կեդրոն կը դնէ կեանքի սրբութիւնը, Աստուծոյ կողմէ տրուած իւրաքանչիւր մարդկային էակի արժանապատուութիւնը եւ ընդհանուր բարիքը։ Ցաւօք սրտի, կը դիտարկենք քաղաքական մօտեցումներ եւ մարդկային վարքագիծեր, որոնք կ'երթան հակառակ ուղղութեամբ, բնորոշուած հաւաքական եսասիրութիւնով, միւսին անտեսումով եւ կարճատեսութիւնով», նշեց Սրբազան Հայրը
Խաղաղութիւն եւ Արարչագործութիւն
Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ մեկնակէտը այս կանոնն է. «Եթէ կ'ուզես խաղաղութիւն մշակել, պահպանէ արարչագործութիւնը։» Խաղաղութիւնը սպառնալիքի տակ չէ միայն ազգերու միջեւ եղած ընդհարումներէն, այլ նաեւ՝ արարչագործութեան նկատմամբ անպատուութիւնէն, բնական պաշարներու թալանէն եւ կլիմայական փոփոխութեան պատճառով կեանքի որակին վատթարացումէն։
Յոյսի Նշան մը
Քահանայապետը COP30-ը յորդորեց դառնալու «յոյսի նշան»՝ ընդհանուր լեզուի եւ համաձայնութեան փնտռտուքով, մէկ կողմ դնելով եսասիրական շահերը եւ յիշելով փոխադարձ ու գալիք սերունդներու նկատմամբ ունեցած պատասխանատուութիւնը, յատկապէս«այրող աշխարհի» մը մէջ, ո՛չ միայն մոլորակ Երկրի բարձր ջերմութեան այլ նաեւ զինուած ընդհարումներու պատճառով։
Խոցելիութիւն եւ Արդարութիւն
Նորին Սրբութիւնը յիշեցնելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին այն խօսքը, ուր կը շեշտէ թէ բնապահպանական ճգնաժամը «բարոյական հարց» մըն ու ամէնէն խոցելիները առաջինն են, որոնք կը կրեն կլիմայական փոփոխութեան աւերիչ ազդեցութիւնները գրեց, «Ցաւօք սրտի, անոնք որոնք կը գտնուին ամէնէն մեծ խոցելիութեան մէջ առաջինն են, որոնք կը կրեն կլիմայական փոփոխութեան, անտառահատումի եւ աղտոտման աւերիչ ազդեցութիւնները։ Արարչագործութեան խնամքը, հետեւաբար, կը դառնայ մարդկայնութեան եւ զօրակցութեան արտայայտութիւն»։
Գործողութիւն եւ Բնապահպանական Դարձ
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ Էական է մտածումները թարգմանել պատասխանատուութեան, արդարութեան եւ հաւասարութեան վրայ հիմնուած ընտրութիւններու եւ գործողութիւններու։ Հասարակութեան բոլոր բաղադրիչները՝ կառավարութիւնները, հետազօտողները, երիտասարդները, ձեռնարկութիւնները, դաւանաբանական կազմակերպութիւնները եւ ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւնները ՝ պէտք է ներգրաւուին։
Փարիզի Համաձայնագիրը Արագացնել եւ Յատուկ Կոչեր
Փարիզի Համաձայնագրէն տասը տարի ետք, Քահանայապետը յորդորեց քաջութեամբ արագացնել անոր իրականացումը ու յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապի Laudato si’-ն, պատգամը, զոր կը մղէ դէպի մտածումներու եւ գործողութիւններու «բնապահպանական դարձ»։
«Տասը տարի առաջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ստորագրեց իր «Laudato si’» շրջաբերական Նամակը, ուր կը պնդէր բնապահպանական դարձ մը, որ կ'ընդգրկէ բոլորը, քանի որ «Կլիման համընդհանուր բարիք մըն է, բոլորին եւ բոլորի համար։ Ան, համաշխարհային մակարդակով բարդ համակարգ մըն է, որ կը յարաբերակցի մարդկային կեանքին համար էական բազմաթիւ պայմաններու հետ»։
Ֆինանսական Ճարտարապետութիւն, Կրթութիւն
«Այս դարձը պէտք է ներշնչէ մարդակեդրոն նոր միջազգային ֆինանսական ճարտարապետութեան մը զարգացումը, որ կ'ապահովէ թէ բոլոր երկիրները, յատկապէս ամէնէն աղքատները եւ խոցելիները, կարողանան հասնիլ իրենց լիակատար ներուժին եւ որ ի մտի ունենայ «բնապահպանական պարտքը եւ արտաքին պարտքը», նշեց Քահանայապետը ու պատգամը աւարտեց մաղթելով որ «COP30-ի բոլոր մասնակիցները յանձնառու դառնան պաշտպանելու եւ խնամելու այն արարչագործութիւնը, որ մեզի յանձնուած է Աստուծոյ կողմէ, նպատակ ունենալով խաղաղ աշխարհ մը կառուցել»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
