Լեւոն ԺԴ. Քահանայութիւնը ազատութեան ընտրութիւն է, Եկեղեցին կը խնդրէ մաքուր սիրտ ունեցող նորընծաներ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը ուղղեց նորընծաներուն Թրուխիյոյի «Սուրբ Քարլոս եւ Սուրբ Մարսել» Թեմական Մեծ Նորընծայարանի չորրորդ դարեդարձի առթիւ, ուր որպէս ուսուցիչ ծառայած է։ Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը շետը դրաւ քահանայական ծառայութեան կարգ մը հիմերու վրայ։
Առաջնային Պարտականութիւնը, Տիրոջ հետ ըլլալ, թոյլ տալ որ Ինք ձեւաւորէ, Զինք ճանչնալ ու սիրել, որպէսզի Իրեն նմանինք։ Նորընծայարանները գոյութիւն ունին այս փորձառութիւնը պահելու համար։
Դիտաւորութեան Շիտակութիւն: Հիմնական է որ Տէրը պարզէ եւ մաքրէ դրդապատճառները։ Քահանայութիւնը ազատութեամբ գոյութեան ամբողջական ընծայում է, ո՛չ թէ արտաքին նպատակ, խնդիրներէ փախուստ կամ քարտուղարական պաշտօն։ Վճռականը իսկապէս քահանայ ըլլալն է, ո՛չ միայն «ձեռնադրուիլը»։
Քննութիւն եւ Թափանցիկութիւն։ Նորընծայարանի կեանքը ներքին ուղղումի ճանապարհ է։ Անհրաժեշտ է անկեղծութիւն Աստուծոյ եւ ձեւաւորողներուն առջեւ, որ մշակուած է խոստովանութեամբ ու հոգեւոր առաջնորդութեամբ, խուսափելու համար ինքնաարդարացումէն եւ միջակութենէն։
Սիրտի Ձեւաւորում։ Սիրտը կը ձեւաւորուի Յիսուսի հետ անձնական յարաբերութեամբ (աղօթքով), որ լրացուցիչ վարժութիւն չէ, այլ ամենաբերրի ներդրումը զգացումները կաղապարելու եւ կոչումը ուժեղացնելու համար։ Քրիստոսի հետ հանդիպումը Սուրբ Գիրքին մէջ էական է։
Մտաւոր Ձեւաւորում: Ուսումը անհրաժեշտ է, որպէսզի հաւատքը ամուր եւ լուսաւորելու ընդունակ ըլլայ։ Անիկա ո՛չ թէ գիտնականութեան համար է, այլ կոչումի հաւատարմութեան եւ առաքելութեան ծառայութեան համար, ուսուցողական Իշխանութեան հետ միութեամբ։ Մասնագիտացումը պէտք է ըլլայ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։
Կեանքի Միութիւն։ Վարդապետութիւնէ զուրկ բարեպաշտութիւնը զգացականութիւն կը դառնայ. աղօթքէ զուրկ վարդապետութիւնը՝ ամուլ։ Երկուքն ալ պէտք է մշակուին հաւասարակշռութեամբ։
Դէպի Խորան Ուղղորդում։ Հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքը կ'ուղղուին դէպի Խորան , ուր քահանայական ինքնութիւնը կը յայտնուի՝ սեփական կեանքը Քրիստոսի հետ միասին ընծայելով։ Սուրբ Հաղորդութիւնը գոյութեան կեդրոնն է։
Քահանայական Հայրութիւն: Քրիստոսի հետ միութիւնը կը երկարի քահանայական հայրութեան մէջ, որ ժողովուրդին համար ըլլալ է, բարեխօսելով եւ առաջնորդելով, եւ Աստուած Հօր դէմքը թափանցիկ դարձնելով։ Անիկա կը յայտնուի կուսակրօնութեան, հնազանդութեան եւ աւետարանական աղքատութեան մէջ։
Զգուշացումներ: Նորընծաները պէտք է խուսափին միջակութենէն, աշխարհիկութենէն, աշխուժութենէն, թուային ցրուումէն եւ, ամենէն կարեւորը, միայնութենէն։ Քահանայական եղբայրութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը ներքին են կոչումին։
Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց՝ վստահեցնելով Իր մօտիկութիւնը եւ օրհնութիւնը, քաջալերելով նորընծաները ժամանակը լաւ օգտագործելու եւ Իրենց եպիսկոպոսին ու ձեւաւորողներուն կողմէ առաջնորդուելու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
