Քահանայապետը հանդիպեցաւ Պելճիքայի մէջ հոգևորականներու կողմէ բռնութեան զոհերուն հետ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմումք
Երէկ կէսօրէն ետքը Լևոն ԺԴ. Սրբազան Քաահանայապետը հանդիպեցաւ Պելճիքայէն եկած 15 անձերու հետ, որոնք անչափահաս տարիքին կղերի անդամներու կողմէ բռնութեան զոհ դարձած են»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակը բացատրելով, որ հանդիպումը, որ տեղի ունեցած է «զոհերու հետ մտերմութեան, լսողութեան և խոր ու ցաւոտ երկխօսութեան մթնոլորտի մէջ, տևած է գրեթէ երեք ժամ և աւարտած է աղօթքի խոր պահով մը»։
Խումբին կ՛ընկերանար Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնախումբը, որ սերտօրէն կը համագործակցի Պելճիքայի եկեղեցիին հետ երեխաներու պաշտպանութեան հարցերու շուրջ և անցեալ ուրբաթ առաւօտեան հանդիպած է այս խումբի անդամներուն հետ՝ շարունակելու այս տարուայ յուլիսին սկսած երկխօսութիւնը, երբ յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը այցելած էր Պելճիքա։
Խումբին անդամներէն շատեր արդեն հանդիպում ունեցած էին նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ անոր Պելճիքա կատարած այցելութեան ժամանակ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
