2025.11.15 Incontro con il mondo del Cinema

Լեւոն ԺԴ. Պապը հանդիպեցաւ շարժապատկերի աշխարհի անդամներուն հետ. «Դարձէք յոյսի արհեստաւորներ»

Մի վախնաք դիմակայելու աշխարհի վէրքերը։ Բռնութիւնը, աղքատութիւնը, աքսորը, միայնութիւնը, կախուածութիւնները, մոռցուած պատերազմները վէրքեր են, որոնք կը պահանջեն տեսնել և պատմել....Մարդկային սրտին մէջ բնակող բարդ, հակասական և երբեմն անհասկանալի զգացմունքներուն ձայն տալը սիրոյ արարք է....Թող` որ ձեր աշխատանքը շարունակէ ըլլալ հանդիպումի վայր մը, իմաստ որոնողի տուն եւ խաղաղութեան բարբառ...
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 15 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ շարժապատկերի աշխարհի անդամներուն հետ, շարժապատկերի ստեղծման 133-րդ ամեակին առիթով, այն օրէն երք «Lumière» եղբայրները` 28 դեկտեմբեր 1895-ին Փարիզի մէջ կատարեցին առաջին հանրային ցուցադրութիւնը։

Ողջունելով բոլոր ներկաները` որոնց շարքին հանրածանօթ բազմաթիւ դերասաններ, Լեւոն ԺԴ. նշեց` թէ այն օրուընէ շարժապատկերը ներկայացաւ որպէս «լոյսի եւ ստուերներու խաղ» բայց ապա արագ կերպով դարձաւ «կեանքը խորհելու և հասկանալու, անոր մեծութիւնն ու փխրունութիւնը պատմելու, անսահմանի նկատմամբ անոր կարօտը մեկնաբանելու կամքի արտայայտութիւն»։

Շարժապատկերը միային նկարներու շարժում մը չէ այլ յոյս դնելն է շարժականութեան մէջ

«Շարժապատկերի ամենարժէքաւոր ներդրումներէն մէկը այն է, որ ան կ՛օգնէ դիտողին վերադառնալ ինքնիրեն, նոր աչքերով նայելու սեփական փորձառութեան բարդութեան, աշխարհը վերատեսնելու կարծես թէ առաջին անգամն ըլլար և այս վարժութեան մէջ վերագտնելու այն յոյսի մասը, առանց որուն մեր գոյութիւնը չի կրնար իրականանալ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով որ «շարժապատկերը միային նկարներու շարժում մը չէ այլ յոյսը դնելն է շարժականութեան մէջ»

Շարժապատկերը զգայուն որոնում է, ուր լոյսը կը թափանցէ խաւարը

Ակնարկելով հուսկ այսօրուայ իրականութեան ուր «թուային պաստառները» միշտ ալ վարած են եւ տեղեկատուութեան հոսքը չի դադրիր, շարժապատկերը կը դառնայ աւելի քան պարզ պաստառ մը` անիկայ «ցանկութիւններու, յիշողութիւններու և հարցերու խաչմերուկ է։ Զգայուն որոնում է, ուր լոյսը կը թափանցէ խաւարը, իսկ բառերը կը հանդիպին լռութեան։ Եւ պատմութեան մէջ որ կը ծաւալի, հայեացքը կը կրթուի, երևակայութիւնը՝ կ՛ ընդարձակուի, և նոյնիսկ ցաւը կարող է իմաստ գտնել»։

Շարժապատկերի սրահներն ու թատերասրահները համայնքներու բաբախող սիրտ

«Մշակութային հաստատութիւնները, ինչպիսիք են շարժապատկերի սրահներն ու թատերասրահները, մեր համայնքներու բաբախող սրտերն են, որոնք կը նպաստեն անոնց մարդկայնացման: Եթէ քաղաքը կենդանի է, անիկայ նաև շնորհիւ է անոր մշակութային տարածքներուն, զոր մենք պէտք է բնակինք եւ անոնց մէջ կառուցենք յարաբերութիւններ», յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով այսօրուայ այն իրականութեան, ուր շարժապատկերի սրահները կ՛ապրին «մտահոգիչ քայքայում, որ զանոնք կը հեռացնէ քաղաքներէն և թաղամասերէն» եւ ասկէ մեկնելով կոչ ըրաւ հաստատութիւններուն «չյանձնուելու և համագործակցելու՝ այս գործունէութեան սոցիալական և մշակութային արժէքը հաստատելու համար»:

Շարժապատկերը կը բարձրացնէ մեր մէջ ապրող հարցերը

«Ալկորիթմական տրամաբանութիւնը հակուած է կրկնելու այն, ինչ որ «կը գործէ», բայց արուեստը դռներ կը բանայ հնարաւորի առջև» հաստատեց ապա Լեւոն ԺԴ. եւ խրախուսեց ներկաները «պաշտպանելու դանդաղութիւնը, երբ ան անհրաժեշտ է, լռութիւնը` երբ ան կը խօսի, տարբերութիւնը` երբ կը գրգռէ» դիտել տալով, որ «Շարժապատկերը երբ իսկական է, ոչ միայն կը մխիթարէ. այլ մարտահրաւէր կը նետէ։ Կը բարձրացնէ է մեր մէջ ապրող հարցերը և, երբեմն, նոյնիսկ արցունքները, զոր մենք չէինք գիտեր արտայայտել։

Ճանչնալ գեղեցկութիւնը նոյնիսկ ցաւի ծալքերուն մէջ եւ յոյսը՝ բռնութեան և պատերազմի ողբերգութիւններուն մէջ

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարուան նշելով, որ իրենք եւս այսօր կը կատարեն իրենց ուխտագնացութիւնը ու թէ այդ մէկը «մարդկային փորձառութեան ուխտագնացութիւն մըն է, զոր անոնք կը կտրեն թափանցող հայեացքով մը` որ կարող է ճանչնալ գեղեցկութիւնը նոյնիսկ ցաւի ծալքերուն մէջ եւ յոյսը՝ բռնութեան և պատերազմի ողբերգութիւններուն մէջ»։

Մեր դարաշրջանը կարիքը ունի յոյսի, գեղեցկութեան ու ճշմարտութեան վկաներու

«Եկեղեցին յարգանքով կը նայի ձեզի, որ կ՛աշխատիք լոյսի և ժամանակի, դէմքերու և բնապատկերներու, խօսքերու և լռութեան հետ» նշեց հուսկ Սրբազան Պապը յիշելով Պօղոս Զ.-ին խօսքերը. «Եթէ դուք բարեկամն էք իսկական արուեստին, դուք մեր բարեկամներն էք»։

«Ես կ՛ուզեմ նորոգել այդ բարեկամութիւնը, որովհետեւ շարժապատկերը յոյսի գիտաշխանոց է, վայր` ուր մարդը կարող է վերադառնալ նայելու ինքնիրեն ու իր ճակատագրին» եղաւ Լեւոն ԺԴ. խրախուսական արտայայտութիւններէն մին, որմէ մեկնելով հրաւիրեց ներկաները «շարժապատկերը դարձնելու Հոգիի արուեստ» որովհետեւ` «մեր դարաշրջանը կարիքը ունի յոյսի, գեղեցկութեան ու ճշմարտութեան վկաներու»։

ֆիլմի նկարահանումը համայնքային ջանք, երգչախմբային ձեռնարկ

«Մի վախնաք դիմակայելու աշխարհի վէրքերը։ Բռնութիւնը, աղքատութիւնը, աքսորը, միայնութիւնը, կախուածութիւնները, մոռցուած պատերազմները վէրքեր են, որոնք կը պահանջեն տեսնել և պատմել....Մարդկային սրտին մէջ բնակող բարդ, հակասական և երբեմն անհասկանալի զգացմունքներուն ձայն տալը սիրոյ արարք է։ Արուեստը պէտք չէ փախուստ տայ փխրունութեան խորհուրդին դիմաց. ան պէտք է լսէ զայն, պէտք է կարողանայ կանգ առնել անոր առջև» ըսաւ Քահանայապետը ֆիլմի նկարահանումը համարելով «համայնքային ջանք, երգչախմբային ձեռնարկ, որուն մէջ ոչ ոք ինքնաբաւ է: Բոլորը գիտեն և կը գնահատեն բեմադրիչի վարպետութիւնը և դերասաններու հանճարեղութիւնը, բայց ֆիլմը անկարելի պիտի դառնար առանց հարիւրաւոր այլ մասնագէտներու՝ օգնականներու, վազորդներու, գոյքի կառավարիչներու... դիմայարդարներու, վարսայարդարներու... երաժշտութեան տնօրէններու», եւ այլ արհեստներու մասնագէտներու... «Իւրաքանչիւր ձայն, իւրաքանչիւր ժեստ, իւրաքանչիւր հմտութիւն կը նպաստէ աշխատանքին, որ կարող է գոյութիւն ունենալ միայն որպէս ամբողջականութիւն» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով թէ «զայրոյթի և հակասական անձնականութեան դարաշրջանին մէջ, անոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէս նկարահանել լաւ ֆիլմ մը, որ կը ներգրաւէ տաղանդները» եւ ուր «մէկը միւսին կողքին կ՛աշխատի, համագործակցական եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ»։

Յոյսի արհեստաւորներ

«Թոր որ ձեր աշխատանքը շարունակէ ըլլալ հանդիպումի վայր մը, իմաստ որոնողի տուն եւ խաղաղութեան բարբառ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը եւ խօսքը աւարտեց անոնց վրայ հայցելով Տիրոջ Օրհնութիւնները ու մաղթելով որ Ան անոնց ընկերանայ ստեղծագործութեան ուխտագնացութեան ընթացքին, որպէսզի դառնան յոյսի արհեստաւորներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2025, 11:44