Լեւոն ԺԴ. Պապը ինքնագիր փաստաթուղթով մը ստեղծեց Ծովի Առաքելութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
13 նոյեմբերին հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին 6 նոյեմբեր 2025-ին ստորագրուած ինքնագիր նամակը, որով Ան ստեղծեց «ծովային մարդոց» յատկացուած «Ծովի Առաքելութիւնը», որպէս ծովի Առաքելութեան գործունէութեան համակարգող մարմին, անոր տալով հանրային կանոնական իրաւաբանական անձի հանգամանք ու միաժամանակ հաստատելով անոր կանոնադրութիւնը, այn խոր իղձով որ «Եկեղեցւոյ հոգեւոր հոգատարութիւնը, կարողանայ շարունակուիլ ոգեւորութեամբ եւ վեհանձնութեամբ, ծովի հովուական ծառայութեան ներքոյ»։
Նամակին սկիզբը Քահանայապետը անդրադարձ կը կատարէ ծովի հովուական ծառայութեան ու մասնաւորապէս «ծովի առաքելական գործունէութեան» յատկութիւններուն որ, կը Ան, կը զբաղի` «ծովայիններու ու անոնց ընտանիքներուն հովուական խնամակալութեամբ, ինչպէս նաեւ հովուական խնամակալութեամբ անոնց որոնց կեանքը գոյաբանօրէն կապուած է ծովերուն, գետերուն և լճերուն մէջ նաւարկութեան և ձկնորսութեան հետ»։
Այս առնչութեամբ Քահանայապետը յղում կը կատարէ Սուրբ Աթոռի կողմէ տարիներու ընթացքին որդեգրած հովուական եւ կանոնական որոշումներուն սկսեալ Սուրբ Պիոս Ժ-ի 19 մարտ 1914-ին հրատարակած «Iam pridem» ինքնագիր նամակէն մինչեւ Պօղոս Զ Պապին 15 օգոստոս 1969-ի «Pastoralis migratorum cura» նամակը դիտել տալով, որ ծովի առաքելութեան գործունէութիւնը ծնունդ առած է Ի. Դարուն սկիզբը եւ վերահաստատուած տարբեր հրամանագիրերով` մինչեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. «Stella Maris» ինքնագիր նամակը. որով Ան թարմացուց այդ հրամանագիրերը, 31 Յունուար 1997-ին մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը ծովի առաքելութեան գործունէութեան կառավարութիւնը յանձնեց Մարդկային համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան որ մինչ այդ ստանձնեց նաեւ գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու հովուական ծառայութեան պարտականութիւնը։
«Ծովի առաքելութեան այս կենտրոնական մարմինը, համաձայն Առաքելական Praedicate Evangelium-ի 166-րդ յօդուածի առաջին կէտին, կանոնական օրէն կախուած կը մնայ Մարդկային համապարփակ զարգացումի խթանման ծառայութեան Վերատեսչութենէն և, վերոնշեալ կանոնադրութիւնէն բացի, կը կառավարուի Հռոմի Քուրիայի 5 դեկտեմբեր 2022 գործիքային իրաւաբանական անձանց վերաբերեալ Motu Proprio-ով, եւ Վատիկան քաղաք-պետութեան գործող օրէնքներով, գրուած է Լեւոն ԺԴ. Պապին ինքնագիր նամակին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
