2025.11.08 Udienza Giubilare

Աշխատանքը պէտք է ըլլայ յոյսի և կեանքի աղբիւր. Լեւոն ԺԴ.

Ողջունելով Աշխատանքի Աշխարհի Յոբելեանին մասնակցող 10 հազարէ աւելի ուխտաւորները, որոնք կը ներկայացնեն աշխատանքային եւ կամաւորական աշխարհի բոլոր միութիւններն ու դաշնակցութիւնները Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղեց «ստեղծելու կայունութիւն և արժանապատուութիւն ապահովող վաւեր աշխատանքային հնարաւորութիւններ, յատկապէս ապահովելով, որ երիտասարդները կարողանան իրականացնել իրենց երազանքները ու սատարեն հասարակաց բարիքին»
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 8 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախագահած Յոբելենական հերթական ունկնդրութեան աւարտին, ի միջի այլոց ողջունեց այս օրերուն իրենց յոբելենական ուխտագնացութիւնը կատարող Աշխատանքի Աշխարհի Յոբելեանին մասնակցող 10 հազարէ աւելի ուխտաւորները, որոնք կը ներկայացնեն աշխատանքային եւ կամաւորական աշխարհի բոլոր միութիւններն ու դաշնակցութիւնները։

«Ջերմօրէն կ՛ ողջունեմ Աշխատանքի աշխարհի յոբելեանի մասնակիցները», ըսաւ Քահանայապետը ու շարունակեց «Սիրելի՛ բարեկամներ, աշխատանքը պէտք է ըլլայ յոյսի և կեանքի աղբիւր, որ թոյլ կու տայ անհատներուն արտայայտել իրենց ստեղծագործութիւնը և բարօրութեան կարողութիւնները: Հետևաբար, ես յոյս ունիմ հաստատութիւններու և քաղաքացիական հասարակութեան համատեղ յանձնառութեան վրայ՝ ստեղծելու կայունութիւն և արժանապատուութիւն ապահովող վաւեր աշխատանքային հնարաւորութիւններ, յատկապէս ապահովելով, որ երիտասարդները կարողանան իրականացնել իրենց երազանքները ու սատարեն հասարակաց բարիքին»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ մտաբերեց երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները, բոլորին ի սրտէ մաղթելով, որ իրենց տուները վերադառնան կազդուրուած այս յոբելենական փորձառութեամբ ու վերակենդանացած` Աւետարանին հետեւելու ու զայն քաջութեան վկայելու իղձով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2025, 10:55