Աստուած մահուան փապուղիին մէջ բացաւ դէպի յաւիտենական կեանք տանող ճանապարհ. Լեւոն ԺԴ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Ըստ լատինաց այսօր` 2 նոյեմբերին կը յիշատակուի Բոլոր հաւատացեալ հանգուցեալներու յիշատակի օրը, որուն առիթով Սրբազան Պապ Լեւոն ԺԴ. Հռոմի Վերանօ անուան գերեզմանատան մէջ մատուցեց հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ, որուն մասնակցեցան նաեւ 2500 հաւատացեալներ, որոնք իրենց կարգին գերեզման գացած էին աղօթելու եւ ծաղիկ մը զետեղելու իրենց սիրելիներու շիրիմին վրայ։
Նորին Սրբութիւնը Վերանոյի գերեզմանոց ժամանեց 15,45-ին ընկերակցութեամբ Հռոմ Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտօ Ռէյնայի։ Գերեզմանի մուտքին Ան դիմաւորուեցաւ Հռոմի Փոխ քաղաքապետին ու այլ քաղաքական անձնաւորութիւններու կողմէ եւ նախ քան պատարագը մատուցելը սպիտակ վարդերու ծաղկեփունջ մը զետեղեց գերեզմաններէն մէկուն վրայ։
Ննջեցեալներու յիշատակի օրը ապրիլ որպէս ապագայի ուղղուած հայեացք
Ննջեցեալներու յիշատակի օրoուան առիթով մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Լեւոն ԺԴ. նշեց, թէ այս հաւաքը կը կայանայ յիշատակելու համար բոլոր հաւատացեալ ննջեցեալները ու յատկապէս մեր սիրելիները։
«Յաճախ կան բաներ, որոնք մեզի յիշեցնել կու տայ զանոնք, պատկերներ, վայրեր ու նաեւ մեր տուներու բոյրեր, որոնք մեզի կը խօսին այն անձերու մասին զոր սիրեցինք ու այժմ մեր միջեւ չեն այլեւս», ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով` որ այսօր միայն այս աշխարհէն անցնողներու յիշատակը չենք կատարեր ու թէ «քրիստոնէական հաւատքը` որ հիմնուած է Քրիստոսի Զատիկին վրայ մեզի կ՛օգնէ, յիշողութիւնը ապրելու, ոչ միայն որպէս անցեալի յիշատակ, այլ եւ ամէնէ առաջ որպէս ապագայի յոյս... դէպի յառաջ ուղղուած հայեացք մը, դէպի մեր ուղեւորութեան նպատակակէտը, մեզի Աստուծմէ խոստացուած ապահով նաւահանգիստ, դէպի այն յաւերժ տօնախմբութիւնը, որ մեզ կը սպասէ...եւ ուր Յարուցեալ Տիրոջ շուրջը մեր սիրելիներուն հետ միասին պիտի համտեսենք յաւերժական խնճոյքի ուրախութիւնը», ըսաւ Քահանայապետը, մէջբերելով Եսայի Մարգարէին խօսքերը (Եսայի 25,6.8)։
Յիսուսի Յարութեան վրայ հիմնուած յոյս
«Այս ապագայի յոյսը կը խրախուսէ մեր յիշողութիւնն ու մեր աղօթքը» շարունակեց Ան, ընդգծելով` թէ «այդ մէկը սիրելիներէն բաժանման ցաւը մեղմացնելու համար նախատեսուած պատրանք չէ... այլ յոյս է, որ հիմնուած է Յիսուսի Յարութեան վրայ, որ յաղթեց մահուան և մեզի համար բացաւ կեանքի լիարժէքութեան ճանապարհը։
Ան, ինչպէս յիշեցի վերջերս խորհրդածութիւններէս մէկուն մէջ, «մեր ճանապարհորդութեան ժամանման կէտն է։ Առանց անոր սիրոյն կեանքի ճանապարհորդութիւնը կը դառնար առանց նպատակակէտի թափառում, ողբերգական սխալ՝ բաց թողուած նպատակակէտով։ […] Յարութիւն առածը կ՛երաշխաւորէ մեր ժամանումը, Ան մեզ տուն կը տանի, որտեղ մենք սպասուած, սիրուած եւ փրկուած ենք» (Ընդհանուր ունկնդրութիւն, 2025 թուականի հոկտեմբերի 15):
Սէրը հիմքը մեր յոյսին ու կեանքին
«Եւ այս վերջնական նպատակակէտը՝ խնջոյքը, որուն շուրջ Տէրը պիտի հաւաքէ մեզ, պիտի ըլլայ սիրոյ հանդիպում» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «Աստուած մեզ ստեղծեց սէրէն մղուած, Զաւկին սիրոյն մէջ փրկեց մահէն, եւ իր ու մեր սիրելիներու սիրոյ ուրախութեան մէջ՝ Ան կ՛ուզէ, որ մենք յաւիտեան ապրինք։ Ասոր համար է` որ մենք կը քալենք դէպի նպատակը... եւ զայն կ՜ապրինք միայն եթէ սէրը գործարկենք մէկը միւսին նկատմամբ, յատկապէս աւելիով դիւրաբեկներուն եւ աղքատներուն հանդէպ», ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը, յիշելով Յիսուսին խօսքերը. «Անօթի էի եւ կերակրեցիք զիս, ծարաւի էի եւ ջուր տուիք ինծի, օտարական էի եւ հիւրընկալեցիք զիս, մերկ էի եւ հագուստ տուիք ինծի, հիւանդ էի եւ այցելելիք զիս, բանտարկուած էի եւ եկաք ինծի այցելելու (Մատթ. 25,35-36)։
Սէրը կը յաղթէ մահուան
«Սէրը կը յաղթէ մահուան։ Սիրոյ մէջ Աստուած մեզ պիտի համախմբէ մեր սիրելիներուն հետ եւ եթէ մենք քալենք սիրոյ մէջ, մեր կեանքը կը դառնայ աղօթք եւ կը բարձրանայ ու կը միանայ ննջեցեալներուն, մեզ կը մօտեցնէ անոնց, այն սպասումով, որ օր մը անոնց դարձեալ հանդիպինք յաւիտենականութեան ուրախութեան մէջ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով բոլոր ներկաները ապաւինելու այն յոյսին, որ յուսախաբ չի թողուր` «Յարուցեալ Քրիստոսին որ յաղթեց մահուան ու մեզի բացաւ դէպի յաւիտենական կեանք տանող անցք մը»։
«Ան մեզ կը սպասէ, և երբ մենք հանդիպինք Անոր այս երկրային կեանքի աւարտին, պիտի ուրախանանք Անոր և մեր սիրելիներուն հետ, որոնք մեզմէ առաջ մեկնեցան։ Թող այս խոստումը մեզ զօրացնէ, չորցնէ մեր արցունքները և ուղղէ մեր հայեացքը դէպի այն ապագայի յոյսը, որ երբեք չի խափանուիր» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. աւարտելով ննջեցեալներու օրուան առիթով Վերանօ գերեզմանատան մէջ արտասանած իր քարոզը։
Վատիկան վերադարձին Լևոն ԺԴ-ը այցելեց Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի քարանձաւները՝ այնտեղ ամփոփուելով առանձնական աղօթքի մէջ մահացած Քահանայապետերու դիտաւորութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
