Վատիկանի Կառավարութեան շէնքը Վատիկանի Կառավարութեան շէնքը 

Վատիկանի քաղաք-պետութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովի կանոնադրութեան մէջ փոփոխութիւն

Լեւոն ԺԴ. Պապը ինքնագիր նամակով մը փոխեց Վատիկանի քաղաք-պետութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովի նախագահին հայող կանոնադրութիւնը չեղեալ յայտարարելով նախկին օրէնքի 8-րդ յօդուածը, որ միայն կարդինալներուն կը թոյլատրէր զբաղեցնել յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 21 նոյեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Պապը հրապարակեց Ինքնագիր նամակ մը, որով փոխեց Վատիկան քաղաք-պետութեան հիմնարար օրէնքը հայող քաղաք-պետութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովի նախագահին։

Արդարեւ Վատիկանի քաղաք-պետութեան հիմնարար օրէնքի 8-րդ յօդուածի համաձայն, որ այժմ չեղեալ կը նկատուի, միայն կարդինալները կարող էին զբաղեցնել Վատիկանի Քաղաք-Պետութեան յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը։

Նոր օրէնքը թոյլ կու տայ. որ այդ պաշտօնը տրուի նաեւ «այլ անդամներուն», որոնց շարքին նաեւ աշխարհականներ։

Արդարեւ 2025-ի մէկ մարտէն ի վեր, հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանով, Վատիկան քաղաք-պետութեան և Կառավարութեան Քահանայապետական ​​յանձնաժողովի նախագահ նշանակուած էր քոյր Ռաֆայելա Փեթրինին, դառնալով նաեւ առաջին կինը` որ կը կատարէ կրկնակի դերը, որ կը ներառէ օրէնսդիր և վարչական գործառոյթներ Վատիկան քաղաք-պետութեան մէջ։

Վերոնշեալ փոփոխութիւնը արձագանքն է կառավարման աւելի ու աւելի բարդացող կարիքներուն՝ ամրապնդելով Քուրիայի անդամներու միջև համագործակցութիւնը և համատեղ պատասխանատուութիւնը՝ համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապին ցուցմունքներուն։

Օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ անմիջապէս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2025, 12:44