Լևոն ԺԴ. Միջազգային հասարակութիւնը թող չմոռանայ Միանմարի տառապանքները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Եղբայրներ և քոյրեր, ձեզ կը հրաւիրեմ ինծի միանալու, աղօթելու համար աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ զինուած հակամարտութիւններէն տուժած անձերուն համար։ Ես յատկապէս կը մտածեմ Միանմարին և կոչ կ՛ընեմ, միջազգային հասարակութեան չմոռանալու Պիրմայական ժողովուրդը և անոնց տրամադրելու անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը»։ Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, չորեքշաբթի 5 նոյեմբերին սկսաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած ընդհանուր ունկնդրութեան առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան աւարտին, Իտալացի ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի խօսքը, հրաւիրելով բոլոր հաւատացեալները միացած աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար ու յատուկէն Մինամարին համար, որ թիրախ է քաղաքացիական պատերազմի ու մարդկային իրաւունքներու դէմ բռնութիւններուն, որոնք հանգեցուցին մարդասիրական ճգնաժամի։
Արդարեւ 2021 թուականի փետրուարին զինուորականները վար առին իշխանութիւնը՝ տապալելով Աունկ Սան Սու Քյի-ի «Ժողովրդավարութեան ազգային լիգա» կուսակցութեան կառավարութիւնը, որ յաղթելով 2020-ի նոյեմբերի ընտրութիւնները, կառավարութեան գլուխ անցած էր: Պետական վարչական խորհուրդ կոչուող ռազմական խմբակցութիւնը ուժով արձագանքեց յեղաշրջման դէմ բողոքի ցոյցերուն, քաղաքացիական պատերազմ սկսելով իրեն հակառակ բազմաթիւ էթնիկ զինուած խմբաւորումներուն դէմ: Ռազմական հակամարտութեան բերումով բազմաթիւ մարդոց իրաւունքները լուրջ և լայնածաւալ խախտումներու ենթարկուեցան, ինչպիսիք են հարկադիր զօրակոչը, կամայական կալանքը և դատական գործընթացներէն դուրս մահապատիժները:
Այս քաղաքական ծանր իրավիճակին զուգահեռ կ՛աճի նաեւ մարդասիրական ճգնաժամը, որ աւելիով ծանրացած է անցեալ Յունիսին տեղի ունեցած ջրհեղեղներու եւ 28 Մարտին երկիրը հատուածող երկրաշարժի պատճառաւ, որուն հետեւանքով մահացան 3.700 արձինք եւ այլ 4.800 վիրաւորուեցան մինչ ներքին տեղահաններու թիւը, ըստ ՄԱԿ-ի գաղթականներու գրասենեակին, գերազանցած է 3,5 միլիոնը։
Իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը յատուկ ողջոյն ուղղեց նաեւ երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն յիշելով վերջերս` մէկ նոյեմբերին նշուած Ամենայն Սրբոց տօնը, որմէ մեկնելով հաստատեց, թէ բոլորս ալ կանչուած ենք սրբութեան, սուրբ դառնալու ու հրաւիրեց զանոնք միշտ աւելիով յարելու Քրիստոսին, հետեւելով այն իսկութեան չափանիշներուն, որոնց օրինակը մեզի տուին Սուրբերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
