Խաչուած եւ յարութիւն առած Քրիստոսի սէրը վերափոխեց մահը՝ թշնամին, քոյր դարձնելով․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Երկուշաբթի՝ 3 Նոյեմբեր 2025 թուականին, ժամը 11:00-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագը՝ երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ վերջին մէկ տարուայ ընթացքին վախճանած կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն համար, որոնց շարքին էր նաեւ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ թեմին առաջնորդ` Արհիապատիւ Պօղոս Եպիսկոպոս Հէքիմեանը, որ իր մահկանացուն կնքեց 71 տարեկանին` վեց նոյեմբեր 2024-ին հիւանդութեան պատճառաւ։
«Մեծ սիրով կը նուիրենք այն Ֆրանչիսկոս Պապի «ընտրեալ հոգւոյն, զոր մահացաւ Սուրբ Դուռը բանալէն եւ Հռոմ քաղաքին եւ ողջ աշխարհին իր Զատկական օրհնութիւնը հաղորդելէն ետք», ըսաւ Լեւոն Պապը Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին սկիզբը։
«Յոբելեանի շնորհիւ այս ծիսական արարողութիւնը ձեռք կը բերէ, առաջինը ինծի համար, իւրայատուկ համ՝ քրիստոնէական յոյսի համը»։ Յոյս, որուն նուիրուեցաւ նաեւ աւետարանական ընթերցումը Էմմաւուսի աշակերտներու մասին՝ քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչէն (Ղուկաս 24։13-35) եւ որ դարձաւ Սրբազան Հօր քարոզին առանցքը։
Այդ յոյսը կ’ամփոփէ ողջ Սուրբ Տարուան իմաստը, ըսաւ Քահանայապետը, եւ վառ կերպով կ’արտացոլայ յոյսի ուխտագնացութիւնը, որ կ’անցնի յարութիւն առած Քրիստոսի հետ հանդիպման ընդմէջէն՝ վերածելով անգամ բռնի եւ անարդար մահը դէպի անցում յաւիտենական կեանք։
Քրիստոս կը վերակենդանացնէ հաւատքն ու յոյսը
Քրիստոս, որ տառապեցաւ եւ յարութիւն առաւ, միակն է, որ կարող է կրել այս ապականած մահը, միակն է, որ ունի յաւիտենական կեանքի խօսքեր (հմմտ. Յովհաննէս 6:68), յարեց Լեւոն ԺԴ․՝ շարունակելով, որ Սուրբ Պետրոսի գերեզմանի մօտ «այս խօսքերն ունին զօրութիւն՝ վերստին բորբոքելու հաւատքն ու յոյսը մեր սրտերուն մէջ» (հմմտ. թիւ 32):
Քրիստոսի հետ կրել սեփական խաչերը՝ առանց կորսնցնելու յոյսը
Քրիստոսի յարութիւնը յաղթանակ է մեղքի ու մահուան դէմ։ Անոր յարութիւնը մարդկային յոյսը կը վերածէ վստահութեան վրայ հիմնուած նոր յոյսի, որ կը նայի երկրային աշխարհէն անդին, կը նայի Աստուծոյ, դէպի այն բարձրութիւնն ու խորութիւնը, որտեղէն ծագեց Արեւը՝ լուսաւորելու խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ նստողները (Ղուկաս 1։78-79):
«Խաչուած եւ յարութիւն առած Քրիստոսի սէրը վերափոխեց մահը»՝ դարձնելով յաւերժական կեանքի մաս, որով մահը այլեւս թշնամի չէ, այլ՝ կը դառնայ քոյր։
Քրիստոնեաները, տառապանքի եւ կորստի առջեւ կոչուած են Քրիստոսի հետ կրել իրենց խաչերը՝ առանց կորսնցնելու յոյսը, գիտակցելով, որ «Տէրը հոգին իր գիրկը կ’առնէ եւ կը վերափոխէ մահկանացու մարմինը Իր փառահեղ մարմնի պատկերով»։
Զատկական յոյսի վկայութիւնը
«Ֆրանչիսկոս Պապը, Կարդինալները եւ Եպիսկոպոսները իրենց ծառայութեան միջոցաւ ապրած եւ վկայած են այս Զատկական յոյսը՝ առաջնորդելով հաւատացեալները Աւետարանի ճանապարհին եւ սորվեցնելով անոնց աստուածային իմաստութեամբ», որպէսզի անոնց հոգիները մաքրուին եւ փայլին ինչպէս աստղերը երկնքի մէջ, նշեց ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Պապը՝ աւարտելով իր քարոզը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
